Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Բանաւոր Բացակայութեան Փոխարէն…
Քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ դաւը դաւանանք է եւ այնքան մը լեցուն ծուղակներով, որ նոյնիսկ թակարդ լարողն անգամ նոյնինքն թակարդին մէջ ինկած կ՛ըլլայ, եւ արձակած նետը վերադառնալով եւ արձակողին հարուածելով` կրնայ վերածուած ըլլալ անբաղձալի պումըրանկի (…գէթ որ միայն արձակողին կողմէ):
Նմանօրինակ թնճուկ մը ստեղծուեցաւ վերջերս, օգոստոս 28-ին, երբ Հայաստան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետի նախագահ ձեռնադրման պաշտօնական հանդիսութեան` ներկայացուցչութեամբ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի:
Իննսունի շուրջ երկիրներ մասնակցեցան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կատարուած` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնական երդման արարողութեան, որոնց կարգին` նախագահներ, վարչապետներ, արտաքին գործոց նախարարներ, կամ պարզապէս` քաղաքական գործիչներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան այս առթիւ Էրտողանին հետ կարճ զրոյցի մը առիթը ստեղծելով` յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին պաշտօնական հրաւէրը` յառաջիկայ ապրիլ 24-ին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութեան:
Ինչպէ՞ս կարելի է վերլուծել Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը` արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով մասնակցելու որոշումին առնչութեամբ:
Միջազգային ընտրանիի ստուար ներկայութեան մէջ Հայաստանի կողմէ որքան ազդեցիկ ըլլար բանաւոր բացակայութիւն մը, այդքան «ներկայութիւն» կ՛ըլլային հայն ու Հայ դատը:
Այսինքն` որքան համեմատաբար աւելի երկրորդական մակարդակի ներկայացուցիչ մը ներկայ ըլլար, օրինակի համար, նոյնինքն արտաքին գործոց նախարարութեան գրասենեակէն ներկայացուցիչ մը կամ այլ մօտակայ երկիրներէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող հիւպատոս մը` այդքան աւելի պարզաբանուած կ՛ըլլար երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած վիճակն ու իսկական պատկերը:
Հոս հարցադրել, թէ յառաջիկայ ապրիլեան ձեռնարկներու հրաւէր մը, յանձնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող, համեմատաբար աւելի անծանօթ հայորդիի մը կողմէ, կրնար ազդե՞լ այդ հրաւէրի առաջնահերթութեան եւ կարեւորութեան վրայ:
Պատասխանը… ամենայն յստակ տրամաբանութեամբ կարելի է բանաձեւել, թէ հրաւէրը յղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Այս պարագային զայն յանձնողն ու փոխանցողը երկորդական դեր ունին:
Հետեւաբար այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ կարելի է հաստատօրէն հետեւցնել ու եզրակացնել թէ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, կարելի եղածին չափ բարձր մակարդակի բանաւոր բացակայութեամբ կամ գէթ միջազգային դիւանագիտական «փրոթոգոլ»-ը յարգելով, պարզապէս շնորհաւորական նամակով մը ներկայանալ Անգարայի մէջ կատարուած երդման այս արարողութեան:

