Ակնարկ. Անգարան` Ընդլայնուող Դաշինքին Եւ Իսլամականներուն Միջեւ
Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած նոր դաշինքը` ընդդէմ Իսլամական պետութեան, տակաւին ձեւ ու մարմին չէ ստացած: Եւ այստեղ այնքան մշուշոտ է դաշտը, այնքան տակաւին անորոշ գործընթացներ կ՛արձանագրուին, որ բազմաբնոյթ հարցադրումները չեն ունենար յստակ պարզաբանումներ:
Հարցը կը վերաբերի Իսլամական պետութեան շարժումներուն, անոնց գոյառման եւ զարգացման միտումներուն, ֆինանսաւորման, զինման եւ կարմիր գիծերու մէջ առած քայլերուն, գործողութիւններուն եւ վայրագութիւններուն:
Կատարուածներուն արդիւնքներէն դատելով քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել, որմէ ետք իրադրութիւնները համեմատել` յայտարարութիւններու եւ գետնի վրայ իրականացածներու ընդհանուր պարունակին մէջ:
Իսլամական պետութեան հետամուտները ներսուրիական պատերազմի էութիւնը դիմափոխեցին: Սուրիական դասական զինեալ ընդդիմութեան չէզոքացումին մասին կը խօսուի այսօր, ինչ որ սուրիական պատերազմի դաշտը կը բեւեռացնէ վարչակարգ ընդդէմ իսլամականներ կամ քարոզչաքաղաքական բառապաշարով վարչակարգ ընդդէմ ահաբեկիչներ տարազով: Այստեղ արդէն կը ծագի համատարած հարցը: Սուրիական վարչակարգին դէմ դիրքորոշուած Արեւմուտքը տեսականօրէն դիրքորոշուած է նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, որուն նորագոյն մարմնաւորումը կը նկատուի Իսլամական պետութիւնը:
Սուրիական տագնապին օրին միջամտել- չմիջամտելու պարանաձգութիւնը ցուցադրած Ուաշինկթընը այսօր կը թուի աւելի հաստատ քայլերով ընթանալ դէպի միջամտութիւն: Առ երեւոյթ կը թուի, որ եթէ օրին ամերիկեան զինուորական միջամտութեան որոշումը չարդարացնողներ կային, այսօր աւելի համոզիչ կրնայ ըլլալ իսլամական ահաբեկիչներու դէմ կատարուելիք գործողութիւններու որոշումը: Մինչ պաշտօնական Դամասկոս կը զգուշացնէ բացառել առանց իր համաձայնութեան որեւէ զինեալ գործողութիւն իրականացնել իր սահմաններուն մէջ, աւելի պարզ կը դառնայ, որ նման ահաբեկչութեան ծաւալումը անհրաժեշտ պայման էր ամերիկեան հաւանական միջամտութեան:
Եթէ չէզոքացումն ու արմատախլումն է Ուաշինկթընի զինուորական շրջանակներուն նպատակը, ապա ի՞նչը կ՛արգիլէր, որ իրաքեան տարածքներու վրայ իրականանային թէկուզ օդային յարձակումներու լայնածաւալ եւ ոչ թէ սահմանափակ գործողութիւններ: Իրաքի մէջ կատարուած ամերիկեան օդուժի հարուածները պարզ դարձուցին, որ տարածքներ կան, որոնց մէջ իսլամականները կրնան անարգել գործել, եւ այլ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կէտեր, սահմաններ, որոնց մօտենալը արգիլուած է:
Տարածքներու ամայացումը, քաղաքացիներու գլխատումը, վայրագութիւններու ցուցադրութիւնը եւ որոշ շրջաններու մէջ օր ցերեկով կատարուող ցեղային զտումներն ու տեղահանութիւնները անհրաժեշտ պատճառ եւ շարժառիթ չեն, որ միջազգային ընտանիքը սանձէ այս արշաւը: Ինչ որ մտածել կու տայ, որ խալիֆայական այս շարժումը` տեղ մը ներշնչուած արտաքին կեդրոններէ, այլ տեղ ուղղակի զինուած ու ֆինանսաւորուած կրօնական պիտակին տակ եւ խուճապային ամբոխային տրամադրութիւններու ալիք բարձրացնելով ուղղակի գործիքի դեր կը կատարէ աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութիւններու վրայ:
Գործիքային հանգամանքի եւ գործիքաւորողի վերաբերող տեսութիւններուն մէջ առանց խորանալու պահ մը կեդրոնանանք շրջանային ուժի դիրքերէ խօսող Անգարայի վերջին պահուածքին վրայ` այնտեղ ընդգծելու համար որոշ կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթներ:
Նման տարրերու զինման, ֆինանսաւորման, տարածման եւ դէպի Սուրիա եւ Իրաք անարգել անցման մասին Անգարայի ունեցած դերակատարութիւնը դժուար է շուքի մէջ ձգել: Ճիշդ է, որ քաղաքական պաշտօնական ամբաստանութիւններ չեն հնչեր այս մասին, այսուհանդերձ միջազգային հեղինակաւոր մամուլի տեսութիւնները այս մասին սեւով ճերմակի վրայ սկսած են գրել: Անգարան կը թուի, որ նեղ կացութեան մատնուած է, որովհետեւ հիմա կը հրաւիրուի մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու առաջադրած դաշինքին եւ մասնակցելու պատժիչ գործողութիւններուն: Հակասական դիրքերէ դուրս գալու համար Անգարա մէջտեղ նետած է Մուսուլի իր դիւանագիտական անձնակազմի պատանդի կարգավիճակին մէջ ըլլալը:
Դաշինքին ընդլայնումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Թուրքիա կատարած այցելութեան գլխաւոր նպատակն է: Անգարան համաձայնութիւն տուած է համագործակցիլ Ուաշինկթընի ծրագիրներուն հետ, սակայն չի պատրաստուիր ռազմական գործողութիւններուն աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու:
Անկախ այն իրողութենէն, որ խալիֆայութիւնը պարարտ ենթահող է Միացեալ Նահանգներուն համար նոր ռազմական դաշինքներ կազմելու, շրջանի այս կամ այն երկրին մէջ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու եւ ի վերջոյ ազդեցութեան նոր գօտիներ ամրապնդելու, այստեղ Անգարան դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է:
Եւ ճիշդ այս գիծին վրայ, Միացեալ Նահանգներուն եւ իրենց կողմէ ընդլայնուած դաշինքին պատկանող պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ կարեւոր հակասութիւնը կրնայ քաղաքական մակարդակի վրայ գործնական դրսեւորումներ ունենալ:
«Ա.»

