Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մարդիկ կան որոնք չեն կրնար ձերբազատիլ իրենց գէշ յիշատակներէն: Ջանացէք ապրիլ օրը օրին, այնպէս` ինչպէս կեանքը կը բերէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը յարմար է ամէն տեսակ աշխատանքի: Ձեր տասը մատներով հրաշքներ պիտի գործէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Փոխանակ շատ գործեր պարտադրելու դուք ձեզի` աշխատեցէք փոքր քայլերով: Գործերը աւարտեցէք յաջորդաբար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բախտը կը ժպտի ձեզի: Օգտուեցէք այս առիթէն, որովհետեւ ժամանակը ի նպաստ ձեզի է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սուրճը եւ թէյը քիչ օգտագործեցէ՛ք, որովհետեւ գրգռիչ ըմպելիներու կարիքը չունիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարեկամութիւնը կը հանգստացնէ ձեզ: Ձեր հոգերը կ՛անհետանան, երբ որ կ՛ըլլաք ձեր սիրած հարցերուն հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին բերած բարիքները հազուագիւտ են: Մի՛ յուսալքուիք, լաւ օրեր կու գան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եոկան եւ այլ խոկումի մարզանքներ կ՛օգնեն ձեզի եւ կ՛երիտասարդացնեն 20 տարիով: Փորձեցէ՛ք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դժուարին պայմաններու մէջ պիտի կարենաք ձեր գլուխը պահել ձեր ուսերուն վրայ: Օրը կը պահանջէ դիմակալել ժխտական հարցերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արդարութիւն ընել մի՛ փորձէ՛ք, որովհետեւ հակառակ արդիւնքի կը յանգիք: Կարելի եղածին չափ չէզոք մնացէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքի յոգնութիւնը նկատի չէք առներ դասաւորեցէ՛ք ձեր գործերը կանոնաւոր կերպով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր վիպերգութիւն մը պիտի սկսի ձեր կեանքին մէջ, հետեւեցէ՛ք անոր, գոհ կը մնաք:

