50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1964)

Հայկական Կեանք

Արաբ Ուսանողներու Համագումարը
Ամերիկայի Մէջ
Եւ Հայկական Ջարդերը

Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ մեզի Նիւ Եորքէն.

Ամերիկայի մէջ գտնուող արաբ ուսանողներու 13-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ 24-29 օգոստոս 1964, Փիցպըրկի Քառնեկի հիմնարկին մէջ: Մօտ 600 ներկայացուցիչներ ներկայ էին հնգօրեայ համագումարին. անոնք ուսումնասիրեցին արաբական հարցերը եւ որոշումներ տուին:

Այս տարի համագումարին հետ միաժամանակ տեղի ունեցան նաեւ քանի մը ցուցահանդէսներ, ինչպէս` արաբ աշխարհի ծաղրանկարիչներու գործերու ցուցադրութիւնը: Ա. Սարուխանի գործերը եւս մաս կը կազմէին այս նկարահանդէսին:

Փակման օրը խօսեցաւ Ամեթ Ֆայեզ Սայեղ, որ յիշեց նաեւ հայոց ենթարկուած ջարդերուն մասին, ու այս առթիւ ըսաւ, թէ թրքական այդ ջարդերէն փրկուած հայերը հիւրընկալուեցան արաբ ժողովուրդներու կողմէ:

Այս տարի եւս, 13-րդ անգամ ըլլալով, մեզի յանձնուած էր Հանրային յարաբերութեանց տեղեկատուի պաշտօնը: Այս տարուան համագումարը շատ յաջող անցաւ:

 

Հայ Գիտնականներ Կը Զբաղին Անջրպետով

Մարդ Կա՞յ Տարբեր Աշխարհներու Մէջ…

«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր», (սեպտեմբեր 10) կը հրատարակէ Ռոյթըրզ անգլիական տեղեկատու գործակալութեան հեռագիրը, որուն համաձայն, Խորհրդային Հայաստանի Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ գիտնականներ կը զբաղին «անջրպետի ազդանշաններով»:

Խորհրդային գիտնականներ ոչինչ կ՛ըսեն տարբեր աշխարհներու մէջ մարդ գտնուելու հաւանականութեան շուրջ, սակայն լրջօրէն նկատի ունին անջրպետէն եկած ձայները, որոնք երբեմն ազդանշաններու կը նմանին: Յառաջիկայ տարիներուն ապահովաբար աւելի պիտի զարգանան ռատիօ-աստղագիտական գործիքները, եւ այդ պարագային, կարելի պիտի ըլլայ ճշդել աղբիւրը անջրպետէն եկած կարգ մը ձայներուն:

Նոյն գիտնականներուն համաձայն, «տարբեր աշխարհներու քաղաքակրթութիւնները ազդանշաններ կրնային միայն ղրկել մեզի, եւ ոչ` տեղեկութիւն, որ պիտի չհասկցուէր, եւ պիտի շփոթուէր բնութեան ձայներու հետ»:

 

Ուիլիըմ Սարոյեան Ֆրեզնօ Հրաւիրուած

Ֆրեզնոյի մեծ օրաթերթ «Ֆրեզնօ Պի», իր օգոստոս 13-ի (1964) թիւով կը հաղորդէ, թէ Ֆրեզնոյի քաղաքակեդրոնի մեծ վերաշինութեան աշխատանքները պիտի վերջանան օգոստոսի ընթացքին:

Այս հանդիսաւոր օրուան առիթով պաշտօնապէս Ֆրեզնօ հրաւիրուած է աշխարհահռչակ հայ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան, որ ծնած է Ֆրեզնօ  (Քալիֆորնիա):

«Ֆրեզնօ Պի» կը գրէ շարունակութեան մէջ.

«Ուիլիըմ Սարոյեան` «միջազգային հռչակաւոր գրագէտը, ծնած Ֆրեզնօ, 1908-ին:

Ան հանրածանօթ է աշխարհի երեք ցամաքամասերու վրայ իր հեղինակած գրքերով` «Մարդկային կատակերգութիւն», «Տղաք եւ աղջիկներ միասին», «Անձաւ փորողներ», «Գիտէք, թէ ով» եւ այլն:

Ու. Սարոյեան վերջին տարիներն ապրած է Ֆրանսա եւ ներկայիս Ֆրեզնօ կը գտնուի խաղողի այգի մը գնելու համար:

 

 

Տոմսեր

«Չրչիլը Եւ Ես»

Աւելի քան վեց ամիս առաջ, երբ ամերիկեան կառավարութեան կողմէ կազմուած բժշկական բարձրաստիճան մարմին մը, իր գիտական պրպտումներուն արդիւնքով, ծխելը կը նկատէր ծանրօրէն վտանգաւոր, սարսափը ինկաւ ծխողներու սրտին մէջ: Չորս կողմէն երդումներ կը լսուէին.

– Այս սիկարեթը կը տեսնե՞ս. լա՛ւ նայէ, վերջին անգամն է, որ կը տեսնես ձեռքս: Վաղուընէ կը ձգեմ. երդում ըրի.

– Ծխելէն գէշ բան չկայ եղեր: Արդեօք խլիրդը արդէն մուտք գործա՞ծ է կոկորդէս ներս: Վերջերս ամէն բան չեմ կրնար կոր կլլել…

Քանի մը ամիս շարունակուելէ ետք այս սարսափը, հետզհետէ տեղի տուաւ տարբեր խորհրդածութիւններու:

– Ծխելը վնասակար է եղեր, հասկցանք: Սակայն Չըրչիլը, որ 90-ի կը մօտենայ եւ հռչակաւոր սիկառ ծխող է, ինչո՞ւ չի վնասուիր:

– Մարդէ մարդ տարբերութիւն կայ. ոմանք տկար են, կը հիւանդանան. ուրիշներ` ամուր կազմ ունին Չրչիլի պէս…

Եւ ո՞վ է, որ կը տարակուսի, թէ «պակաս է Չրչիլէն»…

Կարգ մը ծխողներ նոյնիսկ սկսած են թերթերուն գրել` «Չրչիլը եւ ես» խորագրով նամակներ, հաստատելով, թէ մեծ մարդու տոկունութիւն ունին, եւ թո՛ղ ընթերցողները մտածեն, մանաւանդ նախագահական ընտրութեան այս տարուան ընթացքին…

Նորագոյն տեղեկութեանց համաձայն, սիկարեթի սպառումը կ՛աւելնայ…

Ամերիկեան կառավարութիւնն ալ յետաձգած է գործադրութիւնը իր այն թելադրութեան, որուն համաձայն, սիկարեթի տուփերուն վրայ պիտի յայտարարուէր ծխախոտին` մահացու վտանգ ներկայացնելու իրողութիւնը:

Սակայն ի վերջ, ո՞ւր պիտի յանգի արդեօք այս պայքարը: Հաւանաբար` նոր երդումներու.

– Ծխելը վնասակար չէ, ես գէթ` ազդուող մարդը չեմ: Ինծի համար չէ վտանգը: Ամէն մարդ նո՞յնն է կը կարծես:

Ամէն մարդ «նոյնը» չէ անշուշտ, եւ որովհետեւ ամէն մարդ ինքզինք լաւագոյն մարդը, խելացին ու տոկունը կը նկատէ, այս ինքնաբաւութենէն եւ ինքնագոհութենէն եթէ մէկը չօգտուի իսկ, ծխախոտի ճարտարարուեստը անպայման պիտի օգտուի: Եւ մէյ մըն ալ` մեռելաթաղները:

 

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES