ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՐԷՆ ՀԱՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ` ՆԱԽԱՊԷՍ ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆՆԵՐ…
Սիրելի՛ ընթերցող, յուլիսը հայ տասներկու սուրբերուն ամիսն է, որուն ընթացքին մեր եկեղեցին կը կատարէ անոնց տօները:
Անոնց` յուլիսի հայ սուրբերուն մեծամասնութիւնը կու գայ չորրորդ դարէն: Իրենց եկեղեցական կենսուղին սկսելէն առաջ անոնք նախապէս ամուսնացեալ աշխարհականներ էին եւ զանազան ասպարէզներու մէջ կը պաշտօնավարէին:
Այս իրողութիւնը գրաւեց ուշադրութիւնս: Զայն նաեւ ուշադրութեանդ յանձնել ուզելով` կը փափաքիմ քեզի հայթայթել քանի մը պատմական տուեալներ անոնց մասին:
Յուլիսեան հայ սուրբերէն առաջին տօնակատարուողն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (257-326), որ Կեսարիոյ մէջ ամուսնացաւ Աթանագինէս նահատակ եպիսկոպոսին Մարիամ քրոջ հետ: Ունեցաւ Վրթանէս ու Արիստակէս երկու որդիները:
Հայաստան վերադառնալով` Գրիգոր մտաւ արքունի ծառայութեան մէջ: 301-ին քրիստոնէութիւնը քարոզելէն ետք, 302-ին դարձաւ առաջին հայ նուիրապետ կաթողիկոսը:
Ս. Վրթանէս Ա. Պարթեւ (+341), որ 333-ին յաջորդեց կուսակրօն մնացած իր կրտսեր եղբօր` Ս. Արիստակէս Ա. կաթողիկոսին, ունեցած էր Գրիգորիս եւ Յուսիկ երկուորեակը:
Ս. Յուսիկ հայրապետը (341-347) 307-ին ամուսնացած էր Տիրան արքային դստեր հետ, որուն մահէն ետք կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնն ընդունեց Կեսարիոյ մէջ: Անբարոյ կենցաղին համար յանդիմանուած իր աներոջ հրամանով բրածեծ սպաննուեցաւ:
Ս. Յուսիկի թոռն էր Ս. Ներսէս Ա. Պարթեւ (329-373), որուն հօրեղբայրը` Պապ, եւ հայրը` Աթանագինէս, ոչ միայն հոգեւորականներ չեղան, այլ նաեւ իրենց հանրային կեանքը գայթակղեցուցիչ էր: Ամուսնացաւ Տարօնի իշխան Վարդան Մամիկոնեանի Սահակդուխտ դստեր հետ, որ վաղաժամ մահով վախճանեցաւ:
Հօրեղբօր եւ հօր վատ ապրելակերպին ի հեճուկս` Ներսէս, որ արդէն իբրեւ աշխարհական «իր ընտանիքին քրիստոնէական եւ ազգային շնորհները փայլեցուցած էր իր վրայ կանուխէն», Արշակ թագաւորին հրամանով կարգուած էր արքունի սենեկապետ: 24 տարեկանին, Ամենայն Հայոց հոգեւոր տէրը դարձաւ 353-ին:
Մեծն Ս. Ներսէսի որդին էր Ս. Սահակ Ա. Պարթեւին (348-439), որ իր վաղամեռ կնոջմէն ունեցած էր Սահականուշ դուստրը` Համազասպ Մամիկոնեանի կինը եւ Կարմիր Վարդանի, Հմայեակի ու Համազասպի մայրը:
Կաթողիկոսական գահակալութեան առաջին շրջանը դիպեցաւ 387-428, իսկ երկրորդը` 435-437 ժամանակամիջոցին: Ըլլալով Ս. Գրիգորի թոռան թոռը` իր ալեզարդ մահով վերջացաւ Լուսաւորչի տոհմը, որուն կալուածները անցան Մամիկոնեաններուն:
Ս. Սահակի անբաժանելի գործակիցը հանդիսացաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (362-440), հայկական տառին գիւտարարը եւ հայ դպրոցին ստեղծիչը, որ, ամուրի աշխարհական, Խոսրով Գ. թագաւորին օրով պաշտօնավարած էր իբրեւ արքունական դիւանապետ ու ատենադպիր:
Ապա, զինուորական ծառայութենէն 394-ին անցաւ վանական ծառայութեան` ամբողջ կեանքը նուիրաբերելով քրիստոնէական կրօնին քարոզութեան, մտքերու զարգացումի, ժողովուրդներու լուսաւորումի, հոգիներու փրկութեան ժրաջան ու վաստակաշատ աշխատանքին:
Ահա, Դ.-Ե. դարաշրջանէն այս վեց սուրբ հոգեւորականներն են, որոնք իրենց աշխարհական կեանքէն եկեղեցական կարգին անցնումով` կ՛ուզեն տալ որոշ դասեր, որոնց այժմէականութիւնն աչքառու եւ ուղեցոյց է ներկայ ու ապագայ հայաշխարհին համար…:
Ընտանիքին մթնոլորտը մաքրասուրբ պահելով եւ անոր նուիրականութիւնները պահպանելով` կ՛ունենանք մարմնով, հոգիով եւ մտքով առողջ զաւակներ ու ղեկավարներ:
Աշխարհականներն ալ պարտաւոր են լաւագոյնս ապրիլ իրենց կրօնական, հոգեմտաւոր և բարոյական կեանքը, որ կարենան դեռ աւելի արդիւնաշատ կերպով ծառայել իրենց ազգին:
Կղերականները գիտակցի՛ն իրենց կոչումին վսեմութեան եւ կենցաղավարի՛ն իրենցմէ ակնկալուած վարքուբարքով` միշտ մնալու համար սիրավառ ջահակիրներն իրենց յանձնուած ժողովուրդին, որ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է` լուսաւորչաւանդ հաւատքով:
Այնճար, 10 Յուլիս 2011
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ