ԶԷՅԹՈՒՆՑԻՆ. ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ ԵՐԿՈՒ ԱՆԶԷՆ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ

Անցեալ դարու յիսունական թուականներուն Հալէպի հռչակաւոր «Պարոն» պանդոկին մէջ կ՛աշխատէի` որպէս պետական գրասենեակներու հետ թղթատարական գործողութիւնները լրացնող:

Առաւօտուն առաջին գործս կ՛ըլլար պանդոկը ձգող յաճախորդներուն եւ նոր իջեւանողներուն անուանացանկը ներկայացնել պատկան մարմիններուն:

1953-ին, օրին մէկը, առաւօտեան ժամը եօթին տուեալ անուանացանկը ոստիկանատուն յանձնած` վար կ՛իջնէի աստիճաններէն, երբ ականջիս հայերէն խօսքեր հասան. բնազդաբար կանգ առի ու նայեցայ խօսողներուն ուղղութեամբ. ի՛նչ տեսնեմ, ձերբակալուած երիտասարդներ, ճաղերու ետին, մտահոգ ու մտամոլոր իրարու հետ կը խօսէին:

Մօտեցայ եւ հայերէնով բարեւեցի: Յանկարծ ինծի դարձան` անակնկալէն ուրախացած: Հարցուցի ով ըլլալնին եւ թէ ինչո՛ւ այստեղ էին: Ըսին, թէ իրենք թրքահպատակներ են եւ փախած են բանակէն, ուր պարտադիր ծառայութեան զինակոչած էին:

Փորձած են Լիբանան ապաստանիլ, սակայն  ձերբակալուած եւ յանձնուած են սուրիական իշխանութեանց, որոնք ալ, իրենց կարգին, զիրենք պիտի յանձնեն թրքական իշխանութեանց:

Ահ ու դողի մէջ էին, որովհետեւ որպէս դասալիք, ըստ զինուորական օրէնքի, կրնային մահապատիժի արժանանալ եւ գնդակահարուիլ… խնդրեցին, որ բան մը ընեմ, ճար մը գտնեմ զիրենք փրկելու համար:

Ես` 23-24 տարեկան երիտասարդ, ինչպէ՞ս ձգէի, որ զինուորական տարիքի այս 19-20 տարեկան երիտասարդները գնդակահարուէին, բաւարար չէի՞ն մեր տուած միլիոն զոհերը:

Անմիջապէս վեր բարձրացայ ոստիկանապետին մօտ, որուն հետ լաւ ծանօթութիւն ունէի: Բացատրեցի տղոց կացութիւնը եւ անոնց գլխուն գալիքը եւ խնդրեցի օգնել:

Ոստիկանապետը, բարի մարդ, քիչ մը խորհելէ ետք ըսաւ, որ վաղը մեզի եկուր եւ կ՛ըսեմ, թէ ի՛նչ պիտի ընես:

Իսլամական պայրամի օրերն էին: Առիթը յարմար էր, յաջորդ օր գացի ոստիկանապետին տունը` իրենց տօնը շնորհաւորելու եւ կրկին պատմեցի տղոց պատմութիւնը:

Թելադրեց, որ երկուշաբթի առաւօտուն Ազեզ երթամ, սուրիական-թրքական սահմանը, ուրկէ թրքական իշխանութեանց պէտք է յանձնէին ձերբակալուածները: Ըսաւ, որ այդտեղ պատասխանատուին հետ ինք խօսած եւ կարգադրած է:

Այդպէս ալ եղաւ: Երկուշաբթի գացի Ազեզի սահմանը, տեսնուեցայ պատասխանատու ոստիկանին հետ. քիչ ետք բերին ձերբակալուածները, յանձնումի թուղթերը ձեւակերպեցին, բայց զիրենք դէպի Թուրքիա ուղարկելու փոխարէն` ինծի յանձնեցին:

Անմիջապէս զիրենք առի ու տարի Հալէպ. յարմար տեղ մը պէտք է կարգադրէի, ուր մնային շրջան մը, մինչեւ որ զիրենք կրկին Լիբանան անցնելու յարմար առիթը ստեղծուէր:

Ես նոր ամուսնացած էի ու ծնողքիս հետ կը բնակէի մէկ սենեակի մէջ. տան մէջ տեղ չունէի, ստիպուած` դիմեցի մեր տան մօտ գտնուող բաղնեպանին, որ հայ էր, ու խնդրեցի, որ այս տղոց տեղ մը կարգադրէ:

Բաղնեպանը Կետիկ Ներսէսը սիրով տեղ տուաւ, ու անոնք ամիս մը մնացին հոն: Ցերեկները դուրս կու գային եւ գիշերները կը վերադառնային բաղնիք:

Յարմար առիթը դեռ չներկայացաւ, կեցութիւնը երկարեցաւ: Ստիպուած` զիրենք առի բաղնիքէն ու տարի «Պարոն» պանդոկը, ուր գործընկերներուս հետ գաղտնի կարգադրեցի իրենց կեցութիւնը` նաեւ` ուտելիքնին, խոհանոցի պատասխանատու իմ քեռիիս Ասատուր Չամսարեանին միջոցով:

Տղաքը հոս ալ մնացին մօտ մէկ ամիս. ցերեկը դուրսը կ՛անցընէին, գիշերներն ալ` սենեակ մը, ուր յաճախորդ չկար:

Եկաւ գարուն, օրերը քիչ մը տաքցան, ժամանակն էր, որ փորձէի զիրենք Լիբանանի սահմանէն անցընել:

Հալէպէն Պէյրութ գիծի վրայ աշխատող հայ վարորդներէն որուն որ խնդրեցի իր ինքնաշարժով տղաքը փոխադրեցի, մերժեցին, որովհետեւ վտանգաւոր գործ էր, կը վախնային, քանի որ եթէ բռնուէին, իրենք ալ մեծ պատիժի եւ բանտարկութեան կ՛արժանանային:

Յուսահատելու վրայ էի, երբ օրին մէկը տեսայ Մնացական Սասունեանը, որ Հալէպէն Պէյրութ քարիւղատար սիթեռնի վրայ կ՛աշխատէր: Մարդը թունդ հայրենասէր եւ ինծի պէս զէյթունցի. երբ լսեց տղոց պատմութիւնը, անմիջապէս յանձն առաւ փախցնել զանոնք. աչքը առաւ ամէն վտանգ:

Երկու օր վերջ ինք առաւ տղաքը իր քարիւղատարին մէջ, ես ալ, ըստ մեր գծած ծրագիրին, առանձին թաքսիով հետեւեցայ իրենց, եւ Լաթաքիա, Պանիաս, Թարթուսի ճամբով հասանք լիբանանեան սահման:

Անշուշտ սահմանէն օրինաւոր ձեւով չէինք կրնար անցնիլ, պէտք էր իջնէինք եւ գետակի մը ջուրերուն մէջէն քալելով կտրէինք սահմանը եւ բռնէինք Պէյրութի ճամբան:

Ամէն ինչ բարեյաջորդ անցաւ, սահմանը անցանք ապահով, ապա Թրիփոլի մեքենան փոխեցինք եւ հասանք Պէյրութ:

Տարի տղաքը եւ յանձնեցի Պէյրութի ակումբի տղոց, որոնց հետ արդէն նախապէս խօսած էինք:

Այսպէս երկու կամաւոր զէյթունցիներ յաջողեցան փրկել երեք հայ երիտասարդներ:

 

Յ. Գ.- Այս պատմութեան մէջ Մնացական Սասունեանը մեզի ծանօթ Յարութիւն Սասունեանի հայրն է:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES