ՊԱՅՔԱՐ` ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ… ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ (ՀԱՅԵՒԹՈՒՐՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԳՈՐԴԵԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑԸ)

Եթէ Եւրոպայում մենք մեր սրտում օձ ենք տաքացրել, նոյն յիմարութիւնը մենք պէտք չէ կրկնենք ասիական Թուրքիայում: Բանականութիւնը թելադրում է ճանապարհից վերացնել այն բոլոր տարրերը, որոնք մի օր մեզ համար կը ներկայացնեն այն նոյն վտանգը, ինչը միջազգային միջամտութեան առիթ կը տայ եւ զէնք կը դառնայ այդ տէրութիւնների ձեռքին: Հիմա, յամենայն դէպս այսօր, մեր եւ Անգլիայի շահերը պահանջում են, որ Փոքր Ասիայում մեր տարածքներն ազատուեն այն աղբիւրներից, որոնք կարող են ուրիշների միջամտութեանն առիթ տալ: Մենք եւ Անգլիան չենք ճանաչում «Հայաստան» բառը եւ հարկաւոր է ջարդուփշուր անել այն ծնօտը, որը կը համարձակուի նոյնիսկ արտասանել այս բառը: Հետեւաբար, այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է այս հայ ազգն անհետ մաքրել երկրի երեսից, անողոքաբար ոչնչացնել:

Քեամիլ փաշա,
Սուլթան Համիտի մեծ վեզիր

 

Օսմանեան երկրում հայկական, յունական, պուլկարական եւ այլ ոչ մահմետական ժողովուրդներին պատկանող նահանգի, գաւառի, գիւղաքաղաքի, գիւղի, սարի, գետի… եւ այլ բոլոր անունների վերածումը թուրքերէնի անհրաժեշտ է: Արագօրէն օգտուելով յարմար պահից` այս նպատակի իրականացման համար ձեր աջակցութիւնն ենք հայցում:

5 յունուար 1916
Էնվեր փաշա,
Իթթիհատական կառավարութեան պատերազմական նախարար

 

Թորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկը այս օրերուն համացանցի իր լուսարձակը կեդրոնացուցած է հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանական քաղաքականութեան գլխաւոր դրսեւորումներէն մէկուն` հայկական տեղանունները թրքացնելու հետեւողական, այլեւ ոճրային վարքագիծին վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան գիտական հետազօտման եւ քաղաքական ուսումնասիրութեան միջազգային այս հեղինակաւոր կեդրոնը իր ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթին 12 յուլիսի խմբագրականին վրայ, որ ստորագրուած է Օրհան Քեմալ Չենկիզի կողմէ:

«Թուտէյզ Զաման»ի խմբագրականը կ՛անդրադառնայ պոլսահայ վերլուծաբան Սեւան Նշանեանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած զեկոյցի մը, որ կը վերաբերի իթթիհատական կառավարութեան մէջ պատերազմական նախարար Էնվեր փաշայի 5 յունուար 1916-ի թուակիր հրամանագրին` Առաջին Աշխարհամարտի «ձեռնտու» պայմաններէն օգտուելով, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայկական, յունական, պուլկարական եւ ոչ մահմետական տեղանունները թրքացնելու անհրաժեշտութեան մասին…

Օրհան Քեմալ Չենկիզ իր կողմէ կ՛եզրակացնէ, որ Էնվերի հրամանագիրը ցոյց կու տայ, թէ ատենին «ոչ մահմետականներու ջարդերը բծախնդրօրէն հաշուարկուած եւ ծրագրուած էին: Իր այդ հրամանագրով ան հիմը դրաւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող աւանդութեան մը»:

Հայ ընթերցողին անծանօթ չեն թէ՛ Սեւան Նշանեանի անունը, թէ՛ վերջին տարիներուն անոր կատարած յանդուգն մերկացումները թրքական պաշտօնական ուրացման դէմ: Ուշագրաւ նորութիւնը «Թուտէյզ Զաման»ի նորօրեայ արձագանգն է, որ բնաբան ունի մեծանուն գրող Միլան Քունտերայի այն պատգամը, թէ` «Բիրտ ուժին դէմ մարդուն պայքարը յիշողութեան պայքարն է մոռացման դէմ»…

Յիշողութեան այդ պայքարը խորքին մէջ կը հանդիսանայ գորդեան հանգոյցը հայեւթուրք յարաբերութեանց դարաւոր եւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող կնճռին: Յատկապէս տխրահռչակ հայեւթուրք արձանագրութեանց առիթով` աշխարհով մէկ ականատես դարձանք յիշողութեան այդ պայքարին մերկ ու բիրտ իրականութեան:

Մանաւանդ որ, ի տարբերութիւն Հայաստանի իշխանաւորներու դեդեւումներուն, Թուրքիոյ այժմու վարչապետին գլխաւորութեամբ, ցեղասպան պետութեան ժառանգորդները հետեւողականօրէն յառաջ մղեցին Մեծ Ուրացման իրենց սայլը` արար աշխարհին փորձելով տարհամոզել, թէ հայ ժողովուրդին դէմ իրենց հայրերը ցեղասպանութիւն գործած չեն, իբր թէ պարզապէս «ողբերգական դէպքեր» պատահած են, եւ թէ, վերջին հաշուով, թուրք ժողովուրդին «ազգային յիշողութեան» մէջ գոյութիւն չունին ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու… գիտակցութիւնն ու համոզումը:

Այդ առումով է, ահա՛, որ հայ քաղաքական մտքէն առաջ եւ անդին` թուրք քաղաքական ու պետական ղեկավար մտածողութիւնը իր առջեւ դրած է արուեստականօրէն ստեղծուած եւ պետական հրամանագրերով ու միջոցներով պարտադրուած թուրք ժողովուրդին կեղծ ու ստապատիր «ազգային յիշողութիւն»ը… հիմնաւորելու առաջնահերթ խնդիրը:

Հայկական եւ ընդհանրապէս ոչ թրքական տեղանուններու թրքացման «հրամայական»ը թուրք պետական մտածողութեան համար շեշտուեցաւ այն օրէն, որ ասիական տափաստաններէն հին աշխարհի բնօրրանը ասպատակած, գրաւած եւ կայսերապետական նկրտումով զայն իւրացուցած թրքական մոլեռանդութիւնը, դարերով հին աշխարհի բնիկ ժողովուրդներուն եւ քաղաքակրթութեանց բարիքները յափշտակելէ եւ ինքնագոհ վայելելէ ետք, ի վերջոյ յայտնուեցաւ այլոց քիրտն ու ժառանգութիւնը կրծող եւ վատնող ցեցերու օրինաչափ ճակատագրին` անխուսափելի անկման զառիթափին վրայ:

Օսմանեան կայսրութեան անխուսափելի անկումին այդպէ՛ս կրնկակոխ հետեւեցաւ ոչ թուրք ազգերն ու ժողովուրդները ե՛ւ քաղաքակրթականօրէն, ե՛ւ ֆիզիքապէս ոչնչացնելու թուրք պետական վարքագիծը: Պատահականօրէն չէ արտասանուած Կարմիր Սուլթանի մեծ վեզիրին` Քեամիլ փաշայի այն յայտարարութիւնը, թէ Պալքաններու մէջ գործուած սխալը պէտք չէ կրկնել` պուլկարներու օրինակով պէտք չէ «մեր ծոցին մէջ օձ սնուցանենք»… այսինքն թուրք պետական աւագանին նախքան իթթիհատականներու լոյս աշխարհ գալը արդէն ընտրած էր Հայաստան բառը արտասանողին ծնօտը «ջարդուփշուր ընել»ու ցեղասպանական ելքը…

Առաջին Աշխարհամարտի ստեղծած անտառի օրէնքին տիրապետութեան ժամանակաշրջանը պարզապէս յարմարագոյն պահը ընձեռեց թուրք քաղաքական մտքին, որպէսզի պետականօրէն ծրագրէ, կազմակերպէ եւ գործադրէ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ու Հայաստանի կործանման եւ իւրացման իր մեծագոյն ոճիրը: Եւ երբ հայոց տեղահանութիւնն ու տարագրութիւնը «իրագործուեցան», էնվերները «պահը եկած» համարեցին, որպէսզի նաեւ սեփական ժողովուրդի ազգային յիշողութենէն ջնջեն Հայաստանն ու հայը յիշեցնող ամէն տեղանուն:

Աւելի քան 16 հազար հայկական տեղանուն` քաղաք թէ գաւառ, գիւղ թէ փողոց, լեռ թէ ձոր, գետ թէ լիճ, առու թէ աղբիւր պետական որոշումով թրքացուեցան քանի մը տարիներու ընթացքին:

Իսկ իթթիհատականներու կիսաւարտ ձգածը ամբողջացնելու եկաւ այսպէս կոչուած Աթաթուրքը, որ ոչ միայն հայկական, յունական, ասորական թէ ոչ մահմետական իրենց դրոշմով պահպանուած յուշարձանները, սրբավայրերը եւ գերեզմանատուները եւս անունով կամ ֆիզիքապէս թրքացուց, այլեւ միեւնոյն ճակատագրին ենթարկեց այսպէս կոչուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան ոչ թուրք ազգութիւններն ու փոքրամասնութիւնները` քիւրտ ըլլան անոնք թէ ալեւի:

Այսպիսի՛ բրտութեամբ պարտադրուեցաւ «թուրք ազգային յիշողութիւն»ը, որուն հիմքին ինկած կեղծիքն ու սուտը 21-րդ դարու մարդկութեան համոզկեր դարձնելու համար Թուրքիոյ մերօրեայ պետական ղեկավարութիւնը ուրացման նոր ուղիներ կը փնտռէ, որպէսզի հայեւթուրք յարաբերութեանց մէջ խոր արմատ նետած հակադրութիւնն ու թշնամանքը կարենայ ներկայացնել իբրեւ ազգային յիշողութեանց միջեւ… իբր անցեալէն եկող, բայց այլեւս հաշտութեան հրամայականը շեշտող պայքարի:

Հայ քաղաքական մտքին դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրն է թուրք ժողովուրդին պարտադրուած «ազգային յիշողութիւն»ը իր սուտէն եւ կեղծիքէն մերկացնելու եւ մաքրաջրելու հետեւողական պայքարը:

Թրքական նենգամիտ ուրացման հնարքն է, պարզապէս, այն կեղծ հաւասարուցումը, զոր այսօրուան թուրք պետական միտքը կը փորձէ պարտադրել հայ եւ թուրք ժողովուրդներու «ազգային յիշողութեանց»:

Յիշողութեան պայքար անկասկած կա՛յ, բայց այդ պայքարը ուղղուած է ոչ թէ թուրք ժողովուրդին ազգային յիշողութեան դէմ, այլ ուղղուած է նոյնինքն սեփական ժողովուրդին ստապատիր «ազգային յիշողութիւն» մը պարտադրելու թուրք պետական քաղաքականութեան դէմ, որուն արմատները կ՛երկարին մինչեւ Ապտիւլ Համիտի ժամանակները եւ, որոշ իմաստով, նաեւ աւելի անդին…

Աւելի՛ն. իսկական գորդեան հանգոյցի վերածուած է թուրք պետական մեծ ուրացումը թուրք ժողովուրդի «ազգային յիշողութեամբ» հիմնաւորելու եւ արդարացնելու Անգարայի հետեւողական վարքագիծը:

Այդ նենգափոխումին հետեւողական մերկացումը եւ 21-րդ դարու մարդկութեան հասկնալի լեզուով ամէնօրեայ ահազանգումը կը հանդիսանան հայ քաղաքական մտքի` յատկապէս հայոց պետական մտածողութեան դիմագրաւած կարեւորագոյն մարտահրաւէրը:

Եւ համազգային ուժերու ամբողջական լարում ու զօրաշարժ կը պահանջէ, վերջին հաշուով, ցեղասպան պետութեան բրտօրէն պարտադրած մոռացման եւ ուրացման մեծագոյն չարիքին դէմ հայութեան մղած Յիշողութեան պայքարը:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES