Ճատրակ. Աշխարհի Պատանիներու Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ

0930_world-chessՀարաւային Ափրիկէի Տուրպան քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի պատանիներու ախոյեանութիւնը:

Այս առնչութեամբ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ տիտղոսին տիրանալու ամէնէն աւելի մօտ եղած է 12 տարեկանէն վար դասակարգին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի ճատրակ խաղացող Շանթ Սարգսեան, որ երեք ուրիշներու հետ ապահոված է 8,5 կէտ եւ բաժնած 1-4-րդ դիրքը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով Սարգսեան գրաւած է 4-րդ դիրքը, դժբախտաբար առանց մետալի մը տիրանալու:

Ստորեւ այս ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն ձեռք ձգած արդիւնքները.

ԿԷՏ     ԴԻՐՔ
Մամիկոն Ղարիպեան (10 տարեկանէն վար) 7 16
Մարիեթա Խաչատրեան (10 տարեկանէն վար) 5,5 34
Շանթ Սարգսեան (12 տարեկանէն վար) 8,5 4
Արթուր Դաւթեան (12 տարեկանէն վար) 7,5 8
Հայկ Մարտիրոսեան (14 տարեկանէն վար) 7,5 6
Արամ Յակոբեան (14 տարեկանէն վար) 6 38
Մանուէլ Պետրոսեան (16 տարեկանէն վար) 8 7
Սիրանուշ Ղուկասեան (16 տարեկանէն վար) 7 12
Տիգրան Յարութիւնեան (18 տարեկանէն վար) 7,5 6
Նորայր Թորոսեան (18 տարեկանէն վար) 7 11
Share this Article
CATEGORIES