Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոն. Լիբանանի Ախոյեանութեան Կէս-Մարաթոնը Յառաջիկայ 12 Հոկտեմբերին
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 12 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ախոյեանութեան կէս-մարաթոնը (21,100 քմ)` Քեսրուանի եւ Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ:
Անոր ազդանշանը պիտի տրուի Ֆուատ Շեհապի մարզահամալիրէն (Ժունիէ)` ուղղուելով դէպի Մաամըլթէյն, Օսքար Փալասի դարձուածքը, ապա վերադառնալով սկիզբին վայրը, ուր տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ այս կէս-մարաթոնին բոլոր մասնակցողները պէտք է առաւօտեան ժամը 7:30-ին հոն ներկայ գտնուին ստուգումի համար, որովհետեւ անիկա սկիզբ պիտի առնէ ճիշդ ժամը 8:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

