Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Նոր եռանդով սկսեցէք ձեր աշխատանքին, վերամուտի այս օրերուն: Հոգեկան ուժ տուէք ձեր շուրջը գտնուող յուսահատ անձերու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կը պատրաստուիք նոր նախաձեռնութիւններու: Ինքնավստահ մնացէք, որպէսզի յաջողութիւնը վայելէք: Նոր օրերը ունին նոր բարիքներ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք նոր նախաձեռնութիւններ, առանց երկմտելու` շարունակեցէք ձեր ծրագրած աշխատանքները, որոնք գտած են իրենց ուղղութիւնը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրերը կ՛անցնին, տակաւին ունիք ընելիք աշխատանքներ, զորս ձգած էք անորոշ ժամանակի մը: Յստակացուցէք ամէն հարց, որպէսզի չյոգնիք: Ձեր որոշումին վրայ հաստատ մնացէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յարգեցէք ձեր խոստումը, մի՛ կարծէք, որ սխալած էք: Երկմիտ ըլլալը ձախողութեան կը տանի: Վճռական մնացէք ամէն պարագայի:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր դիմաց պիտի բացուին նոր առաջարկներ` նոր աշխատանքի: Երկար մի՛ մտածէք, թէ սխալած էք կամ ոչ: Վստահեցէք ձեր ներքին ձայնին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անորոշութեան մը մատնուած էք, ինչ որ իրաւացի չէ: Ունիք շնորհներ եւ այլ կարելիութիւններ: Ինքնավստահութեամբ օգտագործեցէք զանոնք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վերամուտը նոր յոյսեր պիտի ներշնչէ ձեզի: Շարունակեցէք մնալ ձեր որոշումին վրայ, որ իրագործելի է` շնորհիւ ձեր ձեռնհասութեան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը կրնաք ունենալ ձեր գործին վերաբերեալ: Մնացէք ձեր խոստումին տէրը: Նիւթականէն աւելի բարոյական շահը փնտռեցէք այս պարագային, որպէսզի յարգուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր կասկածները պիտի փարատին` շնորհիւ ձեր ինքնավստահութեան: Օրը ունի հաճելի անակնկալներ, որոնք պիտի յուսադրեն ձեզ դարձեալ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ակնկալածը իրականութիւն պիտի ըլլայ: Մի՛ աճապարէք, ամէն հարց համբերութեամբ իր լուծումը կը գտնէ: Մնացէք ինքնավստահ, կը շահիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք, կարեւոր հարցերու մասին դիմեցէք փորձառու անձերու, որոնց խրատները նկատի առնելով` կը յաջողիք: Օրը օրին կատարեցէք ձեզի վստահուած գործերը:

Share this Article
CATEGORIES