Կին Դէմքեր. Լիլիթ Մարգարեան

«Լաւագոյն կին գործարար»

«Լաւագոյն կին գործարար»

43 տարեկան նկարիչ-ձեւագիտուհի Լիլիթ Մարգարեան մասնագիտացած է Մոսկուայի մէջ, իսկ 2000-ին իր նորաձեւութեան տունը հիմնած է Երեւան: 2013-ին ան արժանացած է «Լաւագոյն կին գործարար»-ի մրցանակին:

Հայ կնոջ արժանիքներուն անդրադառնալով` ձեւագիտուհին կը շեշտէ հայ կնոջ խնամուած եւ կոկիկ ըլլալը: «Մենք երբեք չենք տեսներ, որ հայ կինը կամ աղջիկը թափթփած տեսքով փողոց իջնէ: Հայ կինը ամենագեղեցիկն է: Առաջ յաճախ կը հանդիպէինք սարսափեցնող հագուածքով կիներ, հիմա նկատելիօրէն նուազած է այդ թիւը, ինչ որ գնահատելի է»:

Լիլիթ խօսքը ուղղելով հայ աղջիկներուն` անոնց ուշադրութեան կը յանձնէ, որ տղամարդիկ կը սիրեն խնամուած եւ բնական կիները, բնական մազերով, բնական յօնքերով, բնական թարթիչներով եւ շրթներով, հետեւաբար պէտք է հեռու մնալ արհեստականէն եւ շրջապատը ընդօրինակելէ:

հարսանեկան հագուստ

հարսանեկան հագուստ

Ինչ կը վերաբերի հարսանեկան հագուստներուն, ինչպէս նկարը կը հաստատէ, Լիլիթ Մարգարեանի յղացումները իւրայատուկ են եւ անկրկնելի. «Չեմ կրնար հանդուրժել կիսամերկ հարսերը, որոնք այդ տեսքով ոտք կը դնեն Աստուծոյ տաճարը: Այդ օրը պէտք է աւելի եւս զուսպ եւ համեստ եւ մանաւանդ մօտիկ ըլլալ Աստուածամօր կերպարին: Չէ՞ որ ան կ՛երթայ դէպի մայրութիւն, հնազանդութիւն… Կիսամերկ հագուստներ հագնելու առիթներ շատ կ՛ըլլան»:

Հայ ձեւագիտուհին ցաւով կը հաստատէ, որ հայերուս մօտ օտար ձեւագէտները աւելի գնահատուած են, քան հայերը, եւ եթէ օտար ձեւագէտի մը հագուստին պատրաստ են վճարել 1000 տոլար, հայ ձեւագէտին 300 տոլարը շատ կը համարեն… Ան աւելցուց, որ «Անուշ» օփերայի վերջին բեմադրութեան զգեստները ձեւաւորեր է ֆրանսացի ձեւագէտ մը: Լիլիթ Մարգարեան կ՛առաջարկէ, որ միջազգային մրցոյթներէ կամ միջոցառումներէ առաջ, երբ Հայաստան պէտք է ներկայանայ պատշաճ մակարդակով, համահայկական մրցոյթ յայտարարուի, որուն մասնակցին նաեւ սփիւռքի հայ ձեւագէտներ որմէ ետք ընտրուի լաւագոյնը: «Հայաստանի մէջ կան կիներ, ինչպէս նաեւ` մեր կեդրոնին մէջ, որոնք ոսկի ձեռքեր ունին եւ կրնան հիասքանչ զգեստներ կարել»:

Երկու զաւակներու մայր Լիլիթ Մարգարեանը կ՛ըսէ, որ միշտ զգացած է ընտանիքին աջակցութիւնը, ամուսինը միշտ կեցած է իր կողքին, շատ կ՛օգնէ կազմակերպչական հարցերուն` երաժշտութեան ընտրութիւն, նկարահանումներու կազմակերպում եւ այլն…

 

Նորաձեւութիւն

7 Բաներ, Որոնք Մի՛շտ Նորաձեւ Են

Փարիզի, Միլանոյի եւ Նիւ Եորքի մէջ արդէն իսկ կը ցուցադրուին 2015-ի Գարուն-ամառ նորաձեւութեան հաւաքածոները:

Ի՛նչ ալ ըլլան ձեւագէտներուն առաջարկները, նորաձեւութեան հետ քայլ պահելը դժուար է եւ ծախսալի, բայց եթէ դուք ձեր զգեստապահարանին մէջ ունենաք այն 7 իրերը, որոնք միշտ նորաձեւ են, մեծ դժուարութիւններ չէք ունենար, կը մնաք վայելուչ եւ ուշագրաւ:

Սեւ հագուստը կացութիւն փրկող է անիկա նոյնքան վայելուչ է գործնական ճաշի կամ պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ, եթէ համադրենք գեղեցիկ աքսեսուարներու հետ: Ոճաբանները կը թելադրեն զգեստապահարանին մէջ ունենալ առնուազն երկու սեւ զգեստներ:

Սեւ հագուստը կացութիւն փրկող է անիկա նոյնքան վայելուչ է գործնական ճաշի կամ պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ, եթէ համադրենք գեղեցիկ աքսեսուարներու հետ: Ոճաբանները կը թելադրեն զգեստապահարանին մէջ ունենալ առնուազն երկու սեւ զգեստներ:

Նեղ փէշը, որ կ՛ընդգծէ կանացի մարմինը, նախընտրելի է, որ ըլլայ չէզոք գոյնի` լազուարթ, սեւ, կասիայի գոյն, պեժ... Այսպիսի փէշեր կարելի է դիւրաւ համադրել շապիկի եւ կօշիկի հետ:

Նեղ փէշը, որ կ՛ընդգծէ կանացի մարմինը, նախընտրելի է, որ ըլլայ չէզոք գոյնի` լազուարթ, սեւ, կասիայի գոյն, պեժ… Այսպիսի փէշեր կարելի է դիւրաւ համադրել շապիկի եւ կօշիկի հ

 

Մութ լազուարթ ճինզը: Իսկական դասական է. կարեւոր է, որ ան որակաւոր ըլլայ եւ լաւ հանգչի մարմնին:

Մութ լազուարթ ճինզը: Իսկական դասական է. կարեւոր է, որ ան որակաւոր ըլլայ եւ լաւ հանգչի մարմնին:

 

 

 

Ուղղանկիւն սեւ պայուսակը դիւրին կը համադրուի հագուստի, ճինզի թէ փէշի հետ: Յատկապէս որակաւոր տեսակը երկար տարիներ կը ծառայէ:

Ուղղանկիւն սեւ պայուսակը դիւրին կը համադրուի հագուստի, ճինզի թէ փէշի հետ: Յատկապէս որակաւոր տեսակը երկար տարիներ կը ծառայէ:

Սեւ կամ պեժ միջին բարձրութեամբ կօշիկներ, որոնք կը յարմարին թէ՛ հագուստներու, թէ՛ փէշերու եւ թէ՛ տաբատներու հետ:

Սեւ կամ պեժ միջին բարձրութեամբ կօշիկներ, որոնք կը յարմարին թէ՛ հագուստներու, թէ՛ փէշերու եւ թէ՛ տաբատներու հետ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

-6- Չէզոք գոյնի (լազուարթ, պեժ, սրճագոյն, մոխրագոյն, սեւ...) բաճկոն մը կրնայ տարիներ ծառայել, եթէ այլազանենք աքսեսուարները եւ, ինչո՞ւ չէ, փոխենք կոճակները...

Չէզոք գոյնի (լազուարթ, պեժ, սրճագոյն, մոխրագոյն, սեւ…) բաճկոն մը կրնայ տարիներ ծառայել, եթէ այլազանենք աքսեսուարները եւ, ինչո՞ւ չէ, փոխենք կոճակները…

Ճերմակ շապիկը անփոխարինելի իր է պահարանին մէջ. անիկա պէտք է ըլլայ որակաւոր, դասական եւ նուրբ կարուածքով: Անիկա կարելի է կրել տարիներ շարունակ. նորաձեւ աքսեսուարներու հետ նորի պէս կը յայտնուի:

Ճերմակ շապիկը անփոխարինելի իր է պահարանին մէջ. անիկա պէտք է ըլլայ որակաւոր, դասական եւ նուրբ կարուածքով: Անիկա կարելի է կրել տարիներ շարունակ. նորաձեւ աքսեսուարներու հետ նորի պէս կը յայտնուի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գեղեցկագիտական

Դափնիի Տերեւին Բարիքները

1002_lavrovyi-listԴարեր առաջ դափնիի տերեւներով պատրաստուած պսակներով կը զարդարէին ողիմպիականներուն յաղթող մարզիկներուն գլուխը: Աւելի ուշ դափնիին տերեւները մտան խոհանոց եւ մինչեւ օրս կ՛օգտագործուին յատկապէս մսեղէններու պատրաստութեան ընթացքին:

Հիմա, արդէն նոյն այս տերեւները կ՛օգտագործուին գեղեցկագիտական արտադրութիւններու մէջ` զանազան դիմակներ եւ ծեփուկներ պատրաստելու համար: Դիմակներ, որոնք փայլք պիտի տան մեր մազերուն եւ երիտասարդացնեն մեր մորթը:

Ահաւասիկ արագ պատրաստուող եւ դիւրին օծանելիք մը` մորթը նուրբ եւ երիտասարդ պահելու համար:

Առէք 200 կրամ դափնիի տերեւ եւ 100 կրամ ջուրի մէջ 3 վայրկեան եռացուցէք եւ մէկ ժամ սպասեցէք: Յետոյ քամոցէ անցուցէք եւ ստացուած հեղուկով շփեցէք ձեր դէմքն ու պարանոցը:

Շաբաթ մը չանցած` ձեր մորթը կը դառնայ նուրբ եւ առաձգական:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Որպէսզի ծաղկամանին ծաղիկները երկար դիմանան, ջուրին մէջ քանի մը կաթիլ վոտկա եւ թէյի դգալ մը շաքար աւելցուցէք:

Որպէսզի ծաղկամանին ծաղիկները երկար դիմանան, ջուրին մէջ քանի մը կաթիլ վոտկա եւ թէյի դգալ մը շաքար աւելցուցէք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3 Եթէ ձէթով լեցուն կաթսան բռնկի, անմիջապէս պէյքին սոտա թափեցէք վրան:

Եթէ ձէթով լեցուն կաթսան բռնկի, անմիջապէս պէյքին սոտա թափեցէք վրան:

Լուցկիով մոմ վառելը յաճախ դժուար է եւ ձեռք կ՛այրէ, կարելի է սփակեթթիի ձողիկներ օգտագործել եւ խուսափիլ այդ անպատեհութենէն:

Լուցկիով մոմ վառելը յաճախ դժուար է եւ ձեռք կ՛այրէ, կարելի է սփակեթթիի ձողիկներ օգտագործել եւ խուսափիլ այդ անպատեհութենէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Կաղամբով Լազանիա

300xNxkaxambov-lazaniyaԻտալական խոհանոցի ամէնէն յայտնի ուտեստներէն մէկն է լազանիան: Այս ուտեստին մէջ կ՛օգտագործուին խմորաշերտեր որոնք կարելի է փոխարինել կաղամբի տերեւներով, ինչ որ աւելի առողջապահական կը դարձնէ զայն:

Բաղադրութիւն.-

– Կաղամբ մը
– Մէկ բաժակ լոլիկի թացան
– Երկու գլուխ սոխ
– Երեք պճեղ սխտոր
– 300 կրամ կովու յօշած միս
– 50 կրամ ընկոյզ
– Կէս փունջ ազատքեղ
– Երկու հաւկիթ
– 200 մլ. կաթ
– 50 կրամ պանիր
– Աղ
– Սեւ պղպեղ
– Մշկընկոյզ
– Ձէթ

Պատրաստութիւն

Կաղամբին կոթը կտրել, հանել, իջեցնել եռացող ջուրով լեցուն կաթսայի մէջ, փափկած տերեւները դնել քամոցի մէջ:

Սոխը մանրել եւ ձէթի մէջ տապկել, աւելցնել յօշած միսը եւ շարունակել տապկել: Լոլիկին թացանը աւելցնել միսին վրայ, ապա` խոշոր կտրտուած ընկոյզը, սխտորը եւ մանրուած ազատքեղը: 5 վայրկեան եփել:

Փուռ գացող ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփել, կաղամբի շերտերով ծածկել, աւելցնել միսով խառնուրդը եւ գործողութիւնը քանի մը անգամ կրկնել ու վերջացնել կաղամբի շերտերով:

Փոս ամանի մը մէջ հաւկիթներն ու կաթը հարել, համեմել աղով, պղպեղով եւ մշկընկոյզով եւ թափել լազանիային վրայ, ծածկել տաշուած պանիրով եւ 25-30 վայրկեան եփել, 180 ջերմաստիճանով:

 

Քո Ձեռքերը

pers138667624473Ես սիրո՜ւմ եմ քո ձեռքերը
Որոնք, արդէն քանի՜ տարի,
Ինձ ամէնի՛ց ամուր գրկում,
Սակայն երբեք չե՛ն… բանտարկում.
Ինձ աշխարհի տէ՛րը անում,
Սակայն երբեք չեն տիրանում.
Օղակի պէս շուրջս պրկւում,
Բայց չե՜ն խեղդում,
Այլ` լոկ փրկո՜ւմ,
Ինչպէս փրկում են խեղդուողի՛ն…
Քո ձեռքե՛րը, –
Նո՜ւրբ,
Ասողի՜կ,
Ու երգեցի՜կ,
Որոնց ափում,
Ես` չո՜ր խեցի,
Մարգարի՜տ եմ քիչ-քիչ դառնում…
Ես սիրում եմ քո ձեռքերը…
«Մարգարի՛տ եմ քիչ-քիչ դառնում…» –
Իսկ Մարգարիտն այս աշխարհում
Ինչքան էլ թա՜նկ լինի, անգի՛ն,
Ինչքան չքնա՜ղ ու եզակի՜, –
Երբեք պիտի չխնայե՜ս
Եւ… միշտ… կրծք՛իդ վրա՛յ պահես, –
Թէ չէ, քո ջե՜րմ կրծքից հեռու,
(Քո սիրո՛ւց ու կրծքից հեռո՛ւ),
Իսկոյն խամրո՜ւմ է, դալկանո՜ւմ, –
Կրկին դարձած… նոյն չոր խեցի՜ն…
Իմ սիրելի՜,
Իմ ասողի՜կ,
Իմ գեղեցի՜կ…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )