Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը ՀՅԴ
Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

vehapar_Getronagan-GomideՔոմոթինիի մէջ անցնող շաբաթավերջին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեանէ եւ անդամներ Ատրիկ Ստեփանեանէ, ընկերներ Յակոբ Յովակիմեանէ եւ Յովհաննէս Մանկոյեանէ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յունահայ գաղութի իրավիճակին ու գործունէութեան վերաբերող հարցեր, դիմագրաւուած դժուարութիւններ եւ ապագայի հեռանկարներ ու կարելիութիւններ:

Զրոյցի առարկայ դարձաւ նաեւ վեհափառ հօր քաղաքական եւ կրօնական հանդիպումներուն արժեւորումը: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ` արդիւնաւէտ նկատելով իր ունեցած հանդիպումները Յունաստանի քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններուն հետ:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ գոհունակութեամբ տեսաւ յունահայ գաղութին հանդէպ յարգանքի եւ համագործակցութեան մթնոլորտը, ինչ որ կը վկայէ գաղութի ուժականութեան եւ պետութեան հետ երկար ժամանակէ ի վեր մշակուած կապերուն մասին:

 

Թեհրան

Մարզաւանի Վերանորոգումներ

ararad-footballi-tashdՀ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութիւնը, Թեհրանի քաղաքապետարանի հետ  համագործակցութեամբ, վերափոխեց «Արարատ» մարզաւանի ֆութպոլի արհեստական դաշտը եւ օժտեց արդի յարմարութիւններով: Նաեւ տեղի կ՛ունենայ շաբաթական աղբափոխադրում եւ  ոռոգման ջուրի յատկացում:

 

Նոր Ջուղա

Սրբազան Պաշտպանութեան Շաբթուան Առթիւ
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

0926_nor-choughaՆախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ  Բաբգէն եպս. Չարեանի, 26 սեպտեմբերին Նոր Ջուղայի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան պաշտպանութեան շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` պատերազմի տարիներուն Իրանի հողային ամբողջականութեան ճամբուն իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

 

Ատրպատական

Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

0916_chifjianՍեպտեմբեր 16-ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին այցելութիւնը: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու մեր եկեղեցին եւ Հայաստանն ու սփիւռքը յուզող հարցերու շուրջ:

 

Ատրպատականի Առաջնորդ Գրիգոր Եպս.
Չիֆթճեանին Հանդիպումը «Ճան Թաւրիզ»
Միութեան Վարչութեան Հետ

0921_aderbadaganՍեպտեմբեր 21-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Ճան Թաւրիզ» միութեան վարչութեան հետ:

Առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց Ատրպատականի հայոց թեմի եւ յատկապէս թաւրիզահայ կեանքի ներկան, Ազգային իշխանութեան հովանաւորութեամբ գործող բոլոր միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու կենսունակ գործունէութիւնը ու մանաւանդ` նոր սերունդին կառչածութիւնը ազգային-եկեղեցական աւանդութիւններուն: Ան շեշտեց Իրանի բարեացակամ վերաբերումը` թեմի բազմերես գործունէութիւնը հեզասահ դարձնելու առումով, ինչպէս նաեւ` հայ համայնքին ընձեռուած բազմաթիւ առանձնաշնորհումները, հակառակ անոր փոքրաթիւ ըլլալուն: Սրբազանը նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց արտասահման ապրող նախկին ատրպատականցիներուն եւ թեմէն ներս ապրող հայորդիներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը կենդանի պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Միութեան վարչութեան անդամները իրենց հետաքրքրութիւնը արտայայտեցին թաւրիզահայ կեանքի ներկային գծով, միաժամանակ իրենց տեսակէտները պարզեցին`

Ազգային առաջնորդարանին հետ յառաջիկային աւելի սերտ գործակցութիւն ունենալու միջոցներ առաջարկելով:

 

Քուէյթ

Շնորհահանդէս «Հայ Մանուկին Անձնական
Աստուածաշունչը» Գիրքին

10622837_1473643229567943_3910589665021719520_nՆախագահութեամբ Քուէյթի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեանին, ուրբաթ, 26 սեպտեմբեր 2014-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Արագած» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեաններու պատրաստած «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Ներկայ էին Քուէյթի աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Էմմանուէլ Ղարիպը, Ամերիկայի եւ Հոլանտայի Աստուածաշունչի ընկերութեանց համաշխարհային ծրագիրներու վարիչները, Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան հոգաբարձութենէն անդամներ եւ պաշտօնեաներ, Քուէյթի Ազգային իշխանութեան անդամները, միութենական ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գիրքին հեղինակը` դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան նախ անդրադարձաւ գիրքի գաղափարի յղացումին եւ անոր ծնունդ առնելու հանգրուաններուն: Ան ըսաւ, որ գիրքը ձրիօրէն բաժնուեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներու աշակերտութեան` յիշեցնելով, որ գիրքը պիտի նպաստէ հայ մանուկի բարոյագիտական եւ քրիստոնէական ընդհանուր դաստիարակութեան: Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը, նպատակը եւ զայն գործածելու կերպը, որովհետեւ գիրքը իր մէջ նաեւ կը բովանդակէ նկարներ, խաղեր, քարտէս: Ապա եկեղեցւոյ դպրաց դասէն խումբ մը սարկաւագներ երգեցին փունջ մը շարականներ:

Փակման խօսքը արտասանեց Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան: Ան նախ գնահատեց դոկտ. Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեաններուն աշխատանքը, որուն յաջողութեան համար ճիգ չէին խնայած մատչելի եւ դիւրին ոճով հայ մանուկին յատուկ Աստուածաշունչը պատրաստելու, աշխատանք մը, որուն լծուած էին հաւատքով, նուիրումով ու սիրով: Հայր սուրբը ըսաւ, որ գիրքը ասկէ ետք սեփականութիւնը պիտի դառնայ հայ աշակերտին, որ պիտի նպաստէ անոր հոգեմտաւոր աճման ու դաստիարակութեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» գիրքին գինեձօնը: Գիրքը տրամադրուեցաւ եւ պիտի տրամադրուի Լիբանանի, Քուէյթի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Պոլսոյ հայ մանուկներուն:

 

Լոնտոն

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման
23-
րդ Տարեդարձին Նուիրուած Տօնակատարութիւն

0920_ENGLANDՀովանաւորութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, կազմակերպութեամբ Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդին,  20 սեպտեմբերին Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 23-րդ տարեդարձին:

Ելոյթ ունեցան Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդի ատենապետ Արա Փալամուտեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական Արա Մարգարեան, որ կարդաց դեսպան Արմէն Սարգսեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած հանդիսութեան մասնակիցներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ երգչուհի Ալլա Լեւոնեանի: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ համայնքային «Աղթամար» պարախումբը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Շիրակ Խոճայեանի Երկու Ժապաւէնները
Ցուցադրուեցան Կլենտէյլի Գրադարանին Մէջ

0911_shirakՍեպտեմբեր 11-ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Շիրակ Խոճայեանի արտադրած երկու վաւերագրական շարժապատկերներուն ցուցադրութիւնը` «Ծիրան. օրհնուած ծառը Հայաստանի» եւ «Արագիլ» ֆիլմերը: Բեմադրիչին կողքին, ներկայ էին գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

 

Աշոտ Մուրատեան` Մոնթեպելլոյի Ծրագրումի Յանձնաժողովի Ատենապետ

0916_ashodՍեպտեմբեր 16-ին, Մոնթեպելլոյի ծրագրումի յանձնաժողովը նոր ատենապետ ընտրեց Աշոտ Մուրատեանը:

Մուրատեան երկու տարի առաջ սոյն յանձնաժողովին անդամ նշանակուած էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեանի կողմէ, իսկ անկէ առաջ անդամ եղած էր քաղաքի երթեւեկի ու ապահովութեան յանձնաժողովին:

Մուրատեան  գործարարութեան ճիւղին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ իրաւաբանութեան վկայականը` իրաւագիտութեան «Սաութուեսթ» համալսարանէն, որմէ ետք իրաւաբանութեան ասպարէզ նետուած է 1998-ին:

2007-էն ի վեր ան կը պաշտօնավարէ Քալիֆորնիոյ իրաւաբանական միութեան մէջ ու դատավարութեանց բարձրաստիճան խորհրդատու մըն է:

 

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Բարերարներու
Գնահատանքի Երեկոյ

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեան, 18 սեպտեմբերին Կլենտէյլի «Ֆեմիսիա» ճաշասրահի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` առ ի գնահատանք 2014 տարուան եկեղեցւոյ բարերարներուն:

Նկատի ունենալով եկեղեցւոյ կարիքները, բարեզարդման եւ վերանորոգութեան անհրաժեշտութիւնը` հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը որոշեցին դրամահաւաք կազմակերպել: Ուստի, սոյն նպատակի իրագործման համար յատուկ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ:

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դրամահաւաքի յանձնախումբի անդամ Արա Շապանեան ողջունելէ ետք ներկաները, ամփոփ կերպով անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին եւ կարեւորութեան:

Օրուան հանդիսավար, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Կլենտէյլի հայ գաղութի` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուելու եւ աղօթելու կարեւորութիւնը:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` յառաջիկային կատարուելիք նորոգութիւններու վայրերը:

Կլենտէյլի քաղաքապետ, իրաւաբան Զարեհ Սինանեան գնահատեց գաղութին մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութիւնը, գործունէութիւնը եւ կարեւորութիւնը:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ խոստացաւ նոյն հաւաքական ջանքերով եւ նուիրաբերման ոգիով շարունակել նախատեսուած ծրագիրներու իրագործումը:

ՀՅ Դ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր համարեց եկեղեցւոյ դերը նաեւ մեր ազգային կեանքին մէջ:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մեծապէս գնահատեց բոլորին վաստակը եւ մաղթեց, որ նոյն թափով ու ոգիով շարունակուի եկեղեցաշինութեան ընթացքը:

Յայտնենք, որ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 300 հազար տոլարի գումար մը:

 

Սերժ Թանգեան Առաջին Անգամ Ներկայացուց
Հայոց Ցեղասպանութեանը Նուիրուած
Ստեղծագործութիւնը

0920_serjeԵրգիչ, երգահան Սերժ Թանգեան, համագործակցութեամբ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան, 20 սեպտեմբերին «Էմպեսետըր օտիթորիում»-ի մէջ առաջին անգամ ըլլալով  ներկայացուց իր եւ նորզելանտացի երգահան Փսաթասի` «100 տարի» կոչուող սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:

Թանգեան նշեց, որ ստեղծագործութիւնը գրուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ: Ան փափաք յայտնեց, որ  «100 տարի»-ն ներկայացուի նաեւ Երեւանի մէջ, հայաստանեան նուագախումբի կողմէ:

«Յաւերժի ուխտագնացներ» խորագրով այս համերգով «Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը մեկնարկեց իր մշակութային 100 ձեռնարկներու շարքը` նուիրուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Երաժիշտ-խմբավար Վաչէ Պարսումեանի գլխաւորութեամբ «Լարք»-ի նուագախումբն ու երգչախումբը ներկայացուցին Տիգրանեանի, Պեթհովենի, Վակների, Վերտիի,Պելինիի, Մոցարթի օփերային ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, նաեւ` Սերժ Թանգեանի «Օրքա» սիմֆոնին:

«Լարք»-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Անդրանիկ Թորոսեան գոհունակութիւն յայտնեց Սերժ Թանգեանին հետ համագործակցութեան համար:

 

Քանատա

Գրասէրներու Հաւաք` «Հայ Կին Գրողները
Տարիներու Ընդմէջէն Նիւթով»

0928_Canada1

Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան

Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան

Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրասէրներու խմբակի 27-րդ հաւաքին նիւթն էր «Հայ կին գրողները տարիներու ընդմէջէն»: Ձեռնարկը մաս կը կազմէ ամսական հաւաքներու շարքին, մաս կը կազմէ, ուր ամէն ամիս երիտասարդ գրասէրներ իրենց նախասիրած գրողը կը ներկայացնեն: Հաւաքը տեղի ունեցաւ 28 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ: Մեղրի Մեսրոպեան, Մեղեդի Էթիեմեզեան, Արփի Ագըլեան, Մեղեդի Գալուստեան, Արէն Մնացականեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Վարագ Պապեան ու Ռուբէն Ճանպազեան յաջորդաբար ներկայացուցին Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Զապէլ Եսայեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Մետաքսէ Պօղոսեան, Ալիսիա Կիրակոսեան, Վեհանուշ Թեքեան եւ Լոլա Գունտաքճեան: Հաւաքը վարեց Թամար Տօնապետեան Գուզուեան: Աւարտին հանդիսավարը հրաւիրեց վերջերս գաղութս հաստատուած մանկական գիրքերու հեղինակ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանը. ան խօսք առաւ իր հրատարակած մատենաշարին մասին: Ներկաները բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքն ու ներկայացումները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )