Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժըպրան Պասիլ Լոս Անճելըսի Մէջ – Հիւր Նախարարը Այցելեց Նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին

0919_basil_LAԼիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ իր կնոջ` Շանթալի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ եւ իր կինը` Մայա, ի պատիւ Լիբանանի դիւանագիտութեան պետին, պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպած էին ուրբաթ, 19 սեպտեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Հիարթ Ռեճընսի Սենչըրի Փլազա»-ին մէջ: Ընդառաջելով գլխաւոր հիւպատոսի հրաւէրին` թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց յարգելի հիւրին: Սրբազան հօր կ՛ընկերանար Պօղոս աբղ. Թինքճեան:

Ընդունելութեան յաջորդեց ողջոյնի խօսքերու փոխանակման պահ մը, որուն աւարտին ներկաները Լիբանանի կապակցութեամբ իրենց հարցումներն ու մտահոգութիւնները փոխանցեցին նախարարին:

Աւելի ուշ, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Հերի եւ Շերիլ Նաճարեան ամոլը, ի պատիւ հիւր նախարարին, պաշտօնական ընթրիք մը սարքեցին Պեւըրլի Հիլզի «Փենինսիւլա» պանդոկին մէջ: Սրբազան հայրն ու ազգային գործիչներ ներկայ եղան ընթրիքին. փոխանակուեցան ողջոյնի պաշտօնական խօսքեր:

Յաջորդ օրը, շաբաթ, 20 սեպտեմբերին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարն ու գլխաւոր հիւպատոսը մեկնեցան Լաս Վեկաս` այցելելու Ս. Շարպել մարոնի եկեղեցւոյ ծխական համայնքը: Անոնք առիթ ունեցան այցելելու նաեւ թեմիս Ս. Կարապետ եկեղեցին ու Մշակութային կեդրոնը: Յարգելի հիւրերը դիմաւորուեցան հոգեւոր հովիւին` Արսէն քհնյ. Գասապեանի, ծխական յանձնախումբի, շէնքի յանձնախումբի եւ քոյր կազմակերպութիւններու անդամներու կողմէ: Տէր հօր աղօթքէն ետք եկեղեցւոյ շինութեան մասին հակիրճ պատմական մը փոխանցուեցաւ հիւրերուն, ապա անոնք ուղղուեցան շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի սկաուտները պատուի կանգնած էին: Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծածանեցաւ լիբանանեան դրօշը: Քայլերգներու երգեցողութենէն ետք հիւրերը առիթ ունեցան այցելելու Մշակութային կեդրոնի բաժանմունքները, ապա հիւրասիրուեցան «Գուճաքեան» սրահին մէջ:

Ատրուշան Արմէնեան բարի գալուստի խօսք արտասանելով` ներկայացուց ներկայ ազգայինները: Խօսք առաւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը, որ ողջոյնի արտայայտութիւններէ ետք հրաւիրեց նախարար Պասիլը` արտասանելու իր սրտի խօսքը: Հիւր նախարարը ողջունեց ներկաները, գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ այն իրողութեան մասին, որ անոնք կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, հաւատարիմ են պատմութեան ու աւանդներուն, կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, ուր որ ալ գտնուին: Ան նկատել տուաւ, որ հայութեան դիմագրաւած ողբերգութիւնները մղած են միասնութեան, պատկանելիութեան հաւատարմութեան եւ Արեւելքի ժողովուրդներուն հետ ճակատագրակցութեան:

Հետեւեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը, որուն աւարտին  նախարարին եւ հիւպատոսին փոխանցուեցան խաչքարեր` որպէս յիշատակ իրենց այցելութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )