Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին. «Թեւանիկ» «Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն` Ֆանարի Մատրան Մէջ

0926Tevanig1Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ «Թեւանիկ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` Ֆանարի մատուռին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանեց Գէորգ Յակոբճեան,  որ ամփոփ կերպով ներկայացուց հայոց  պատմութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցող արցախեան ազատամարտին նուիրուած «Թեւանիկ» ժապաւէնը, որ կ՛ընդգրկէ  երեք տարբեր անձերու (Թեւանիկի, Աստղիկի եւ Արամի) ապրած ողբերգութիւնները, որոնք զուգահեռաբար կը սկսին նոյն գիւղին մէջ եւ կ՛աւարտին, երբ յարձակում մը տեղի կ՛ունենայ գիւղին վրայ:

0926_kevorkԱպա ան ներկայացուց ժապաւէնին բեմադրիչը` «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր  բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը, որ անձամբ ականատես եղած է արցախեան պատերազմին, յաջորդաբար մէջբերում կատարեց Ջ. Աւետիսեանէն, թէ` ինչ դժուար է պատերազմի առաջին գիծը, երբ դու գրեթէ զինուած չես, իսկ քո հակառակորդը ե՛ւ զինուած է, ե՛ւ մեծաքանակ. իսկ դու միայն մի բան գիտես` ելք չկայ, նահանջի տեղ չկայ»:

Գէորգ Յակոբճեան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը բոլորովին օտար չէ պատերազմին, նոյնքան` Արցախի պատերազմին, որուն համար զոհաբերած է իր ընտիր զաւակներէն: Ան նաեւ շեշտեց ժապաւէնին կարեւոր պատգամը, որ թէեւ պատերազմին մասին է, բայց խաղաղութիւն կը քարոզէ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց հայրենի հողին, հայրենի սահմաններուն մինչեւ վերջին շունչ կառչած մնալը:

Share this Article
CATEGORIES