Տօնդ Շնորհաւո՛ր, Հայ Ուսուցիչ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամիս է ու միաժամանակ մեր առաջին թարգմանիչներու տօնը: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ ամէն տարի այս ժամանակ ու այս առթիւ, ինքնածին մտածումներու փշրանքներ հպարտալի եւ նոյնքան ալ ցաւագին, կու գան լեցնելու ամբողջ միտքս:

Այսպէս, մեծ ու անօրինակ խանդավառութեամբ կը լեցուիմ, երբ մտածեմ, թէ աւելի քան 1600 տարիներ առաջ Մեսրոպ Մաշտոց մեծ ջանք թափած էր հայոց պետութեան կայունացման եւ մեր ազգի գոյատեւման համար ու հնարած մեր այբուբենը:

Ապա, ինք ու իր աշակերտ թարգմանիչները, սրբազան գործի լծուելով` միայն թարգմանութիւններ չէին ըրած, այլ` դպրոցներ հիմնած, հայու նոր ոգի եւ շունչ փոխանցած իրենց յաջորդներուն ու այս ձեւով դարձած մեր առաջին ուսուցիչները:

Հայոց պատմութիւնը գլխաւոր փաստն է այս բոլորին. անիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայ դպրոցի ու հայ ուսուցիչի գոյութեան ու ներկայութեան անհրաժեշտութիւնն ու էականութիւնը շեշտող իրականութիւն:

Եթէ այս բաժինը հպարտանք առթող կարելի է նկատել, հապա այս գիւտէն դարե՞ր ետք, յատկապէս այս դարուն` սփիւռքի մեր ներկայ իրավիճակին մէջ:

Հաստատապէս բոլորս ալ կրնանք վկայել, թէ նահանջ մը կայ ամէնուրեք: Այս մէկը կրկնած ենք ամէն առիթով: Նահանջ մը մեր պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն մէջ, որ ծանօթ եւ կամ անծանօթ զանազան պայմաններու բերումով վաղուց սկսած էր, եւ որուն առաջքը դժբախտաբար ցարդ չենք կրցած առնել:

Այսօր ամէն տեղ կը դիմագրաւենք տեսակաւոր եւ լուրջ մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, որոնք ազգովին մեզ կը հիւծեն ու կը սպառնան մեր ինքնութեան, մեր հաւատքին, մեր լեզուին ու այսպէս` մեր մշակոյթին եւ մեր ազգային դիմագիծին:

Աւելին` տեսանելի է նաեւ, թէ ինչպէ՛ս աշխարհայնացումը իր սարսափելի աւերները կը գործէ եւ մեզմէ զոհեր կը խլէ: Հապա դիւանագիտութիւն կամ քաղաքականութիւն ըսուածն ու անոր կեղտոտ խաղե՞րը, որոնց քմահաճ ծրագիրները մեզ արդէն ուժասպառ սկսած են դարձնելու: Արդեօք իրապէ՞ս ազգովին բոլորս ալ մտահոգ ենք: Չեմ գիտե՛ր: Պատասխանը չունիմ ես: Կը կարծեմ, թէ ինծի եւ իմ նմաններուն համար նման մտահոգութիւն մը ահազա՛նգ ալ է: Ահա այս բոլորը եւ մեր թարգմանիչներն ու մեր դպրոցները: Մէկ խօսքով` մեր մշակոյթը:

Վերը յիշեցի, թէ Ս. Մաշտոց մեր հայ պետութեան կայունացման համար էր, որ ճգնած էր տարիներով: Ան օրին նաեւ հաւատացած էր, թէ որեւէ պետութիւն ծնունդ կ՛առնէ իր ժողովուրդի մշակոյթի արգանդէն: Եւ ինչու չէ, աշխարհի բոլոր տեսակի պետութիւններու հեղինակը, ինք` նոյն այդ պետութեան մշակոյթն է: Թղթատեցէ՛ք ընդհանուր ազգաց պատմութիւնը եւ անպայման պիտի գտնէք ձեր յստակ պատասխանը: Մշակոյթ ու միա՛յն մշակոյթ: Այսպէս, բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւններն ալ արդար ծնունդն են իրենց մշակոյթին: Մշակոյթը պետութեան մը պատեանն է: Մէկ խօսքով` ժամանակակից քաղաքակրթութեան հիմքը: Հանեցէ՛ք անկէ կամ պարպեցէ՛ք զինք իր պարունակէն, անմիջապէս կը վերանայ նաեւ անոր գոյութիւնը:

Մշակոյթէն շեղումը կը նշանակէ նոյն պետութեան կործանումը: Անձնապէս մեծ հաւատացողներէն մէկն եմ, թէ մշակոյթի ամէնէն բարձր նուաճումներէն մէկը Կտակարանն է, որ դարերէ ի վեր գրեթէ աշխարհի կիսուն ուղենիշը դարձած է: Սակայն, ասիկա ուրիշ հարց է:

Արդ, յիշեցման կարգով նաեւ ըսեմ, որ առանց պետութեան, ազգի մը ճակատագիրը գոյութիւն չունենար: Իսկ առանց մշակոյթի` պետութիւնը: Այս երկուքը անբաժան մասնիկներն են, զիրար ամբողջացնող ու լրացնող:

Ո՞վ ըսաւ, որ մշակոյթ ըսուածը դուրսէն կարելի է գնել, բերել: Անիկա պէտք է կապուած ըլլայ նոյն այդ ազգի պապենական հողին, հայրենիքին, անոր զաւակներու հաւատքին, անոր նոյն այդ զաւակներուն թափած քրտինքին ու արիւնին, անոնց միտքի զարգացման, ճիգին եւ ստեղծած պատմութեան: Որովհետեւ պետութիւնը, եթէ սահմանադրութիւն է, է՛ նաեւ ճարտարապետութիւն եւ բարոյականութիւն: Ամէն առիթներով շեշտուած է, թէ մշակոյթ, ազգային ոգի ու հոգեկան զօրութիւն պահելը իւրաքանչիւր հայու ճիտին պարտքն է:

Այս հաստատումը մեզի հասած է մեր ազգային նկարագիրի ակերէն, որովհետեւ հաւատացած ենք, թէ մեր ժողովուրդին համար, առանց իր մշակոյթի պահպանման` չկայ փրկութիւն: Ազգային, կրթական եւ մշակութային կեանքի ծաղկումին ծառայող ամէն մէկ քայլ ներդրում մըն է մեր մշակութային գանձատան: Երբ մշակոյթ կ՛ըսենք, անպայման կ՛ըմբռնենք ամբողջութիւնը մեր գրական եւ հոգեւոր ժառանգութեան, մեր տոհմային աւանդութեան, մեր լեզուին ու պատմութեան, մեր երգերուն ու երաժշտական երանգներուն: Առանց այս բաղկացուցիչներուն, չենք կրնար տոկալ սփիւռքացած մեր կայքերուն մէջ: Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ նոյն այդ մշակոյթն է, որ նշանակալի դեր կը խաղայ նաեւ մեր պետականութեան կայացման եւ ազգային մտածելակերպի ձեւաւորման մէջ: Բայց, ի՛նչ ալ ըլլան օրուան կարգախօսները, հայրենի՛քն է մեր մշակոյթի ակնաղբիւրը, եւ երանի անոր, որ կրնայ ամէն օր ումպ մը ջուր խմել այդ զուլալ աղբիւրէն:

Լեզուն մեծ դեր կը խաղայ այդ մշակոյթին մէջ: Անոր կորիզն ու անոր աւիշն է: Լեզուն գանձ է ու հարստութիւն, թէ՛ անհատին եւ թէ զայն օգտագործող ժողովուրդին ու ազգին համար: Ուստի, անոր անհետացումը մշակոյթի անհետացումն ալ է, որ վտանգ է նաեւ մարդկային նոյն այդ ցեղի գոյութեան:

Իսկ գալով մեր մշակոյթին եւ մանաւանդ մեր լեզուին` յիշեցնեմ, որ մեր լեզուն մեր աշխարհացրիւ հայ զանգուածները կապելու լաւագոյն բանալին է: Բայց մենք բոլորս այս մէկը տակաւին չենք հասկցած: Տակաւին չենք անդրադառնար, որ օտար դպրոցէ եւ օտար ամուսնութենէ մէջտեղ կու գայ սերունդ մը, որ հայերէն չի գիտեր: Այս հաստատապէս կը նշանակէ ձուլուիլ եւ դառնալ անճանաչելի: Կարծես ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած ենք: Լո՛ւրջ կորուստ: Երբ սերունդը զանազան պայմաններու բերումով կը զրկուի կամ զայն կը զրկենք իր մայրենիէն, ինքնաբերաբար նոյն այդ սերունդը կը կորսնցնէ իր ազգային մտածողութիւնը եւս:

Այս մէկը արեւու նման պայծառ է, բայց տեսնողը ո՞վ է:

Այս բոլորին մեծագոյն պատասխանատունները մե՛նք ենք` ծնողք կամ միութենական, գրող, մտաւորական կամ պարզ հայ անհատ, հայ դպրոց կամ հայ մամուլ: Մենք բոլո՛րս ենք: Հայրենիքի կամ սփիւռքի տարածքին մենք ենք, որ կ՛որոշենք եւ առաջնահերթութիւնը տեղական կամ, աւելի ճիշդ, օտար լեզուին տալով` կ՛ուզենք նմանիլ օտարին: Մենք ենք, որ իբրեւ ծնողք նաեւ կ՛որոշենք, թէ մեր զաւակը կամ թոռնիկը հայերէն պիտի սորվի՞, թէ ոչ: Չենք անդրադառնար, որ լեզուն ցեղ է եւ ազգային միութիւն: Երբ մեր զաւակը կը զրկենք հայկական իր հարազատ միջավայրէն, իր հայ դպրոցէն, իր հայ ակումբէն կամ զայն հեռու կը պահենք հայու աղմուկէն, ապա ապագայի նկատմամբ ոչ միայն անհոգներ կը դառնանք, այլեւ` «դաւաճաններ»:

Անոր համար ալ, իբրեւ ազգային տուրք` մեզմէ իւրաքանչիւրէս կը պահանջուի ըլլալ յանձնառու: Ունենալ ինքնութիւն եւ զայն անաղարտ պահել: Գիտակցութիւն եւ պատկանելիութիւն: Այս բոլորը կը կարօտին ազգային, տեղական, հաւաքական եւ ընտանեկան կամքի եւ առաջնորդութեան:

Հոկտեմբեր ամիս է ու Թարգմանչաց տօն: Միտքս դարձեալ գնաց կանգ առնելու հայ դպրոցին ու զայն կանգուն ու կենդանի պահող հայ ուսուցիչին դիմաց, որովհետեւ հայ ուսուցիչին շնորհիւ է, որ հայ վարժարանին մէջ հայ մշակոյթ կը սերմանուի: Հայ լեզուի ու միտքի այս մեր խոնարհ ծառային շնորհիւ է, որ հայ վարժարաններուն մէջ հայեցի կրթութիւն կը տրուի, հայ աշակերտին միտքը ազգային արժէքներով կը շաղախուի եւ անոր հոգին հայկականութեան պիտակով կը դրոշմուի: Ո՛չ մէկ կասկած:

Ինծի համար հայ ուսուցիչը թէ՛ հայ դասատու է, եւ թէ հայ դաստիարակ: Վկայ` մեր թարգմանիչները: Մեր Ոսկեդարը: Առանց հայ ուսուցիչին, գոյութիւն պիտի չունենային մեր վարժարանները: Առանց անոր, մենք պիտի չճանչնայինք մենք զմեզ: Կարելի չէ ժխտել այսօրուան պայմաններուն մէջ անոր առաքելութիւնը: Իր անհրաժեշտութիւնը կը մնայ եւ պիտի մնայ անժխտելի եւ իր դերակատարութիւնը` վճռական:

Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ շնորհիւ մեր ծնողներու գերագոյն զոհողութեան եւ ազգի ապագային նկատմամբ անոնց ունեցած մեծ բծախնդրութեան, հայ վարժարաններուն մէջ հայ աշակերտներու ներկայութիւնը մեզի կը պարգեւէ սրտի գոհունակութիւն եւ մեծ ուրախութիւն: Նոյն այդ հայ ծնողները մեզի նման համոզուած են, թէ հայ դպրոցը ո՛չ միայն տունն է հայ մանուկին, այլեւ` միջնաբերդը հայ ոգիին, ուր հայ տղաքն ու աղջիկները պիտի կոփուին ամէն օր եւ ազգային, մարդկային եւ հոգեմտաւոր վեհ արժէքներով պիտի հարստանան:

Պատի՜ւ այս ծնողներուն:

Անոր համար, հարազատի հպարտութեամբ, միշտ նոր շունչ ու կեանք պէտք է տրուի հայ վարժարաններուն, ըլլան անոնք միօրեայ, ամէնօրեայ կամ շաբաթօրեայ, որովհետեւ միա՛յն հայ ուսուցիչին շնորհիւ է, որ հայ վարժարանը կրնայ շարունակել իր սրբազան առաքելութիւնը:

Դարեր առաջ մեր թարգմանիչները ուսուցիչներ ալ էին` կրկնեցինք միշտ: Այս օրերուն, Թարգմանչաց տօն է, կը յիշեմ ու կը յիշեցնեմ հպարտօրէն, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ նաեւ բոլորի՛ս համար հայ ուսուցիչի օր:

Ուստի` յարգա՛նք քեզի, սիրելի՛ հայ ուսուցիչ, տօնդ շնորհաւո՛ր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES