Լիբանանեան Բանակին Մէջ
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, երկրորդական վարժարաններու վերջին երկու տարիներուն, տղաքը կը հետեւէին լիբանանեան բանակի դասընթացքներուն, իսկ աւարտական տարին երեք շաբաթով կը ծառայէին` Պէյթ Էտտինի մէջ: Երեք հայկական երկրորդական վարժարանի աշակերտներ` Ճեմարանի, Մխիթարեանի եւ Հայ Աւետարանական քոլեճի, երկու տարուան շաբաթական վարժութիւնները միասին կը կատարէինք, եւ մեր մարզիչն էր հայ բանակային մը պարոն Օգնայեան, ՀՄՄ-ական նախկին մարզիկ մը: Ամէն շաբաթ օրերը բոլորս կը հաւաքուէինք Ճեմարան, եւ հոնկէ զինուորական կառքով մեզ կը տանէին «Շամունի մարզաւան»-ը, ուր կը կատարէինք մեր վարժութիւնները: Երկու տարուան մեր հաւաքներու ընթացքին արդէն բոլորս մտերիմներ դարձած էինք:
Մեր աւարտական տարին մեզ երեք բաժինով տարին Պէյթ Էտտին, ուր մնացինք երեքական շաբաթ: Պարոն Օգնայեանի միջնորդութեամբ, մեր վրանին մէջի 6 տղաքս ալ հայեր էինք եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, տարբեր պատկանելիութեան եւ կուսակցութեան համակիր տղաք: Մեր 6 հոգինոց վրանին մէջ կը գտնուէին դաշնակցական, հնչակեան, ռամկավար, առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքին պատկանելիութեամբ տղաք, եւ անկարելի էր բացատրել իրարու հանդէպ մեր ունեցած սէրը, յարգանքն ու համերաշխութիւնը: Հետագային մեր ընկերութիւնը երկար տարիներ շարունակուեցաւ` մինչեւ այն օրը, երբ մէկ քանին մեկնեցան ուրիշ երկիրներ բարձրագոյն ուսումը շարունակելու, ապա` վերջնականապէս իրար կորսնցուցինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:
Պէյթ Էտտին հասնելնուս առաջին օրը, երբ որոշուեցաւ իւրաքանչիւրին «բնակավայրը», մեզի բաժնեցին զինուորական համազգեստները: Տարիներ անցած են, սակայն անկարելի է, որ մոռնամ ինծի բաժին ինկածը: Վստահաբար ամենամեծ չափն էր, որով ես «բախտաւորուեցայ»: Երբ տաբատս հագուեցայ, այնքան երկար էր, որ հասաւ մինչեւ ճակատս: Տղաքը խնդալով` «Ո՞ւր կորսուեցար»: Աւելի փոքր չափով հատ մը ունենալու առաջարկներս ապարդիւն անցան. ստիպուած էի «կորսուելու» այդ խոշոր տաբատին եւ բաճկոնին մէջ: Պարան մը գտայ ու գործածեցի իբրեւ գօտի տաբատին համար, իսկ բաճկոնին թեւերը չեմ գիտեր քանի՞ անգամ ծալլեցի, մատներս կարենալ գործածելու համար: Բարեբախտաբար կօշիկիս չափը յարմար էր, ապա թէ ոչ, կրնաք երեւակայել, ինչպէ՞ս պիտի կարենայի քալել, աւելի ճիշդը վազել, եթէ կօշիկներս ալ նոյնպէս ոտքիս չափէն բաւական մեծ ըլլային:
Առաւօտեան ժամը չորսին մեզի կ՛արթնցնէին ու կը տանէին քալելու: Մօտաւորապէս չորս ժամ ետք կը վերադառնայինք նախաճաշելու: Մեր արթննալէն չորս ժամ անցած` այդ տպաւորութիւնը կ՛ունենայինք, թէ արդէն կէսօր եղած է, սակայն ժամացոյցին սլաքը միայն ութը ցոյց կու տար: Սպասէ որ կէսօր ըլլայ: Նախընտրելի է չգիտնալ կերակուրներուն որակը: Քանակը` տանելի էր, հակառակ անոր որ ես բնաւ հետաքրքրուած չեմ եղած քանակով, քանի որ մանկութենէս ախորժակի հետ միշտ պայքարած եմ ու «ճակատամարտ»-ը կորսնցուցած, սակայն որակը, որուն միշտ կարեւորութիւն տուած եմ… անհանդուրժելի էր: Գաղտնօրէն բաժնեկից կը դարձնէի աղբամանները:
Շաբաթ մը ետք մեզի հաղորդեցին ուրախ լուր մը: Արուեստագէտներուն հրաման պիտի տրուէր օրական չորս ժամ զերծ մնալու զինուորական մարզանքներէ եւ այդ ժամերը տրամադրելու վերջին օրուան կատարուելիք հանդէսի փորձերուն: Երգ, երաժշտութիւն եւ պար: Հայերը ընդհանրապէս արուեստագէտ եղած են: Մեր վրանի մէջի տղոցմէ մէկ քանին, որ իրենց կեանքին մէջ արուեստի մասին չէին մտածած, օրական չորս ժամ մարզանքներէն զերծ մնալու սիրոյն, անմիջապէս դարձան մէկական «արուեստագէտներ»: Երաժշտութենէ գաղափար ունեցողներ քանի մը ընկերներ միանալով` կազմեցինք նուագախումբ մը, եւ կատակով նուագախումբին անունը մկրտեցինք` «Լոս Բէրուշանոս»: Անշուշտ երաժշտական որեւէ գործիք չկար մեզի հետ: «Էրմէն ֆէննէն»: Հայերը միշտ արուեստագէտ եղած են: Յատուկ հրամանով մը զինուորական ինքնաշարժով իջանք քաղաք հարկաւոր երաժշտական գործիքները ապահովելու: Առիթէն օգտուելով` հանդիպեցանք մեր տուները, մէկ շաբթուան բացակայութենէն ետք տնեցիք արդէն սկսած էինք կարօտնալ. վերցուցինք մեր երաժշտական գործիքները, հասանք որոշուած վայրը եւ դարձեալ զինուորական ինքնաշարժով վերադարձանք բանակատեղի: Յաջորդ օրը սկսանք մեր փորձերուն: Օրական երկու ժամը կը տրամադրէինք նուագախումբի փորձերուն, իսկ մնացած երկու ժամը` հայկական պարերու, անհամբեր սպասելով վերջին օրուան տեղի ունենալիք հանդէսին:
Երրորդ շաբթուան սկիզբն էր: Մեզի տարին զինավարժութեան: Իւրաքանչիւրս հինգական կապար պէտք էր կրակէինք հինգական կապար նշանակէտին, որ կը գտնուէր ձորին մէջ` բաւական հեռու: Աշխարհը լեցուեցաւ կրակոցներու ձայնով: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը տակաւին չէր սկսած, եւ մինչ այդ զէնքի կրակոցները կը լսէինք միայն իբրեւ ուրախութեան նշան: Այդ օր կարծես տօն էր եւ աշխարհը կը ցնծար: Այդ ժամանակ հաճելի էր, լսել կրակոցի ձայները : Տակաւին գաղափար չունէինք, թէ այդ զէնքերը որքան աւեր պիտի գործէին Լիբանանի մէջ:
Կրակոցները դադրեցան: Աշխարհը խաղաղեցաւ, սակայն աղմուկին արձագանգը տակաւին մեր ականջներուն մէջ էր: Հրաման տրուեցաւ յանձնելու զէնքերը եւ սպասելու արդիւնքին: Հակառակ անոր որ կեանքիս մէջ բնաւ որսի կամ այլ տեսակի զէնք չէի գործածած` արդիւնքս գէշ չէր: Քննութեան յաջողած էի: Մէկ քանին «բացառիկ» գնահատանքի արժանացան, իսկ մեր հայ տղոցմէ մէկուն արդիւնքը… իր նշանակէտին մէջ ոչ մէկ կապար, փոխարէնը` քովի նշանակէտին մէջ… տասը: Իր կապարները «շնորհած» էր իր կողքին գտնուողին նշանակէտին: Հաւանաբար երկու աչքերը բաց կամ երկուքը գոց կրակած էր:
Վերջապէս հասաւ այնքան սպասուած հանդէսի օրը: Նուագախումբով մասնակցեցանք քանի մը եւրոպական երգերով եւ հատ մըն ալ հայերէն` «Ճէյրանի պէս սարերով» երգով, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բանակի տղոց մօտ: Խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, երբ մեր «պարախումբը» ներկայացուց քանի մը հայկական պարեր: «Էրմէն»-ները գրաւած էին առաջնութիւնը:
Յաջորդ օրը վերադարձանք տուն: Մեր պարտականութիւնը` իբրեւ լիբանանցի քաղաքացիներ, լիուլի կատարած էինք: Լիբանանեան բանակին ծառայած էինք երգով ու պարով…
Լիբանանեան բանակին ծառայելը պարտականութենէ աւելի հաճոյք էր. կարծես ընկերներով բանակումի ելած ըլլայինք:
Ներկայիս լիբանանեան բանակին ծառայողները մեզի նման երգով ու պարով չեն անցըներ իրենց ժամանակը: Կը ծառայեն պաշտպանելու սիրելի Լիբանանը, կը ղրկուին ճակատ եւ հազուագիւտ չեն դէպքերը, երբ կը նահատակուին հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ: Կը ծառայեն դժուար պայմաններու մէջ. ամէն վայրկեան մահուան վտանգը կը սպառնայ անոնց: Կը սպաննուին, կ՛առեւանգուին, մինչեւ իսկ … կը գլխատուին:
Կը նահատակուին մեր սիրելի ծննդավայր Լիբանանի գոյատեւման սիրոյն:
Ծննդավայր մը, որ մեզի համար դարձած է երկրորդ հայրենիք:
Երկրորդ հայրենիք մը, որ կը կոչուի ԼԻԲԱՆԱՆ:
Յարգա՛նք, Լիբանանի պաշտպան բանակայիններուն:
Լոս Անճելըս, 2014

