Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901). Լուսամիտ Հրապարակագիրն Ու Ազատախոհ Մտաւորականը

mateos-mamourian_20-10-14Հոկտեմբերի այս օրերուն կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքերէն Մատթէոս Մամուրեանի:

Ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, գրող, հանրային գործիչ, թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիրն է Մատթէոս Մամուրեան, որ 1871-ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթով` «Արեւելեան մամուլ»-ով, արժանաւոր տեղ կը գրաւէ 19-րդ դարավերջի հայ ազգային-քաղաքական մտքի մեծարժէք մշակներուն եւ գաղափարի սերմնացաններուն շարքին:

Ծնած էր Զմիռնիա, 1830-ին: Ուսումը ստացած էր Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ, ուր իր դրսեւորած արժանիքներուն եւ ձեռք բերած փայլուն արդիւնքներուն համար արժանացած էր բարձրագոյն մրցանակի, որ իրեն յանձնուեցաւ Լամարթինի ձեռամբ, եւ որ կը վկայէր Մամուրեանի «միշտ բարեբարոյ, խոհական, ուշիմ, ճարտար եւ յամենայնի յառաջադէմ» ըլլալուն մասին:

Ունեցաւ ազգային եւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն: Ուսուցիչի եւ կրթական տեսուչի պաշտօններ վարեց իր ծննդավայր Զմիռնիայի եւ Պոլսոյ մէջ – տարիներով դիւանապետը եղաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին: Ուսումը կատարելագործելու համար 1857-ին մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր ապրեցաւ մինչեւ 1860 եւ այդ շրջանին գրեց իր նշանաւոր «Անգլիական նամականի» յօդուածներու շարքը: Նոյն շրջանին աշխուժ մասնակցութիւն բերաւ Հայոց ազգային սահմանադրութեան մշակման եւ որդեգրման համար մղուած անխոնջ պայքարին:

Ո՛ւր որ գտնուեցաւ եւ ի՛նչ աշխատանք որ ստանձնեց` Մ. Մամուրեան հրապարակագրի իր գրիչը միշտ կենսունակ եւ բեղուն պահեց, մինչեւ որ «Արեւելեան մամուլ»-ի հիմնումով գտաւ իր հոգեհարազատ բեմը:

Իր թերթի (սկզբնապէս` ամսաթերթ, ապա` կիսամսեայ, իսկ իր մահէն ետք նաեւ շաբաթաթերթ ու օրաթերթ) էջերուն ցրուած «Հայկական նամականի» վերտառութեամբ եւ Վրոյր ստորագրուած քրոնիկներու շարքով` Մ. Մամուրեան ո՛չ միայն հրապարակագրական այդ ոճին դրօշակիրը հանդիսացաւ հայ մամուլին մէջ, այլեւ` լուսարձակի տակ առաւ իր ժամանակի դէմքերն ու զարգացումները, գաղափարական հարցերն ու հասարակական դժուարութիւնները, հետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելով այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային եւ հայ իրականութեան զարգացումները քննականօրէն արտացոլող ընդգրկուն հայելի մը:

Արգասաբեր եղաւ Մամուրեանի գրիչը գրական-գեղարուեստական եւ թարգմանչական գործերու արտադրութեան առումով: Այսուհանդերձ, ինչպէս որ մեծն Յակոբ Օշական դիտել կու տայ, Մամուրեան տարածուեցաւ ամէն բնագաւառի վրայ եւ, բացառութեամբ հրապարակագրական իր վաստակին, ի վիճակի չեղաւ ամբողջական ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման յաղթանակի պսակը նուաճել:

Գեղարուեստական արժէքէ աւելի հրապարակագրական արժանիք ունեցաւ հայ գրականութեան ժառանգ մնացած Մամուրեանի «Սեւ լեռին մարդը» անունով միակ վէպը, որ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսի ժամանակաշրջանի ազգային¬ազատագրական խմորումներուն նուիրուած է եւ Ռուսիոյ կապուած հայ ժողովուրդի յոյսերն ու հեռանկարները հայրենասիրական շունչով կ՛անմահացնէ:

Ի վերուստ հրապարակագրի ցայտուն շնորհներով էր օժտուած Մատթէոս Մամուրեան, որուն ստորագրութիւնը կրող հրապարակագրական իւրաքանչիւր էջ կը կրէ շեշտակի դրոշմը գեղարուեստական արձակի եւ արեւմտահայ աշխարհաբարի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման հետեւողական ճիգի:

Բայց մանաւանդ իր բարեբարոյ անհատականութեամբ, խոհականութեամբ եւ մտաւորականի լայնաբաց հորիզոնով` Մամուրեան յաջողեցաւ իսկական ուսուցիչ մը ըլլալ իր ընթերցողներուն համար: Անպաճոյճ ու գեղեցիկ իր լեզուին եւ գրելաոճին միացուց, միշտ եւ անպայման, գիտելիք մը փոխանցելու, քննական խորհրդածութիւն կատարելու եւ, յատկապէս, յառաջադէմ մտքի զարգացման հունով յառաջ ընթանալու մեծ արժանիքը:

Ազատախոհական եւ ազգային-հայրենասիրական մտածողութեան հաւատաւոր դրօշակիր` Մամուրեան պատնէշի վրայ անխոնջ ծառայեց եւ, ազգային-քաղաքական թէ հանրային-մանկավարժական իր բազմամեայ ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին, միշտ առաջնորդուեցաւ ինքնահաւատարմութեան սկզբունքով:

Հայ ժողովուրդին պարտադրուած արեւելեան խաւարամտութիւնը յաղթահարելու եւ լուսաւորութեան փարոսը կանգուն պահելու առաքելութեան լծուած արժանաւոր հրապարակագիրն է Մատթէոս Մամուրեան, որուն գաղափարական աշխարհին մասին հակիրճ վկայութիւն մը կը փոխանցէ «Անգլիական նամականի» շարքէն առնուած հետագայ հատուածը.-

«… Հին ազգի մը ձայնը պատմութիւնն է, իսկ նորինն` իր գործերը: Ինչպէ՞ս հնարաւոր է, որ մի հայ ազգ գտնուի ու ողջ լինի: Կ՛երեւի որ արդի հայը, տարօրէն առաքինութեան տէր, բոյսերու կեանքը կ՛ապրի: Վասնզի կա՛մ ես ականջ ու աչք, կամ նա լեզու չունի, չունի ձայն ու գործ յ՛Եւրոպայ, չունի աթոռիկ մը ազգաց կաճառին մէջ: Արդեօք Հայկայ ուրուակա՞նն երեւցաւ երազիդ, միթէ հի՞ւր մ՛է հայն, որ սխալ դուռ զարկաւ ու ազգերու դրան սեմին վրայ նըստաւ. միթէ գերի՞ մ’է շղթայի արժանի, ի՞նչ է խնդրեմ, ժամ մ’առաջ նկարագրէ ինձ այդ էակը:

«Մեծ կարեւորութիւն կը տաս դու այն ազգին, որ կը զլորի ու նորէն կը կանգնի: Այո՛, երբ վերջի կանգնումը առաջինին պէս փառաւոր դառնայ, ապա թէ ոչ նոյն ազգը շատ կը վնասի թէ իր նախնի համբաւին ու մեծութեանը մասին եւ թէ մեր համարումին կողմէն: Ուստի լաւագոյնն կը սեպեմ, որ ազգ մը պարծանաց գագաթը հասնելէն ետեւ առօք փառօք կործանի, անդիմադրելի պարագաներէ ստիպեալ` անհետ մարի, քան թէ շքեղ անցեալէ մ՛ետեւ անփոյթ ու հաշմ թափառի ներկային մէջ, աղքատիկ ապրի ու ազգաց դուռը մուրայ:

«Վասնզի` հիները մեր աչքին իբր դիւցազունք կ՛երեւին, թէեւ նոյն անուան աւելի արժանիներ կը գտնուին այս պահուս մեր երկիրն եւ ուրիշ տեղեր: Ժամանակը խոշորացոյց մ’է, որ քանի հեռանաք մեր երեւակայութեան առջեւ հասարակ բաներու անգամ, խոշոր եւ փայլուն ու խորհրդաւոր գոյն մը կ՛ընծայէ: Ասկէ զատ` ամէն դար իր յատուկ եւ յարմար մարդիկն ունեցեր է: Երբ աշխարհ դեռ տղայ էր, անոր յառաջադիմութեան միջոցներն անտաշ ու սահմանաւոր էին, մինչդեռ հիմա անհամար են եւ գերագոյն: Մեծն Վարդան, ստուգիւ մեծ մարդ է, թէ որ այսօր գար եւ մեզի դէմ խաչակիր մը հանէր` խիստ պզտիկ մարդ մը կը դառնար: Ուստի եթէ հայը, զոր քննելու սկսար, դարուս լուսաւորութեան եւ քաղաքակրթութեան հետ չքալէ, նոր բան մը հաղորդած չես լինի ինձ` եթէ ըսես թէ նոյն հայը Տիգրանայ, Տրդատայ եւ Վարազգատայ որդին է միայն: Հիմա Տրդատայ մի ձեռամբ երկու ցուլերու եղջիւրը թափող ուժը իրեն թագաւորութիւն մը շահել տալու առիթ մը չէր լիներ, վասնզի` շոգի եւ բարոյական զօրութիւն ունինք, եւ ոչ սրտեայ եւ քաջամարտիկ Վարազդատ մը արիաբար ձի աշտանակելուն` կայսեր մը շնորհն ու Հայաստանի գահը պիտի ստանար…

«… Իրաւի կը խոստովանիմ նաեւ, որ կը սիրեմ այն ազգը, որ թէեւ թշուառ, ներքին արժողութիւն, անպաշար գլուխ, կորովի բնութիւն մ’ունի, միաբան սիրով կանգնելու ճիգ կը թափէ եւ ինքն իւր ճամբան կը յարդարէ եւ առաջ կը քալէ:

«Ուրեմն եթէ հայդ իր հայրենական բնութեան հետ շաղեր է նաեւ դարուս հոգին, ազատասիրութիւնը եւ յառաջադէմ կանգնելու կարողութիւնները, այն ատեն կրնամ ըսել քեզի հետ, որ Նախախնամութիւնը զինքն ապագայի եւ առաքելութեան մը սահմանած է աշխարհիս մէջ: Իսկ այս առաքելութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարէ ազգ մը, եթէ ոչ տար ազգաց վրայ թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական ազդեցութիւն մը, իրաւունք մը, անոնց հետ յարաբերութիւն մը ստանալով: Ազգերու հրապարակին մէջ ամէն մէկն իր որոշ դրօշակով կը մտնէ, իր սեփական վաճառքը հոն կը բերէ, հարկը կը վճարէ, քաղաքականութեան համբաւին ու փոխարէն անուն, կացութիւն ու իր հաստատ զոհութեան երաշխաւոր կ՛ընդունի: Ի՞նչ նոր սկզբունք, ի՞նչ նոր գիւտ, ի՞նչ գործի հնարած, ի՞նչ տոհմական առաքինութիւն, ի՞նչ ինքնահնար ճարտարութեան արգասիքը բերած ունի հայդ նոյն ընդհանուր ատեանին առջեւ: Ո՞ր ժողովրդեան սրտին մէջ կը տիրէ, ո՞ր դահլիճին մէջ անունը կը յիշուի, ո՞ր ընկերական վիճակի, ո՞ր քաղաքական դաշնաց մէջ կշիռ մ՛ունի, ցցուր ինձ ասոնց մէկ նշմարանքը, փորձը, եւ իսկոյն գլուխ կը ծռեմ գրածիդ»:

Ն.

Share this Article
CATEGORIES