Հայ Երգարուեստը Փարիզի Օլիմփիայէն Ու Աշխարհասփիւռ Բեմերէն Տարածելով. «Հայ Երգի Դեսպան» Լեւոն Գաթըրճեան Կը Զգուշացնէ Հայ Երիտասարդութեան Սպառնացող Սպիտակ Ջարդէն

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Levon-in-Armenia's-HraparakՅաճախ կը կարդանք, կը լսենք սփիւռքի մէջ լիբանանահայ գաղութի առանցքային դերակատարութեան մասին` ազգային, քաղաքական թէ մշակութային բնագաւառներուն մէջ: Հարկ էր վերամրագրել քաղաքական տարաբախտ պայմաններու եւ աշխարհագրական հեռաւորութեան յառաջացուցած «բացը», վիհը: Եղեռնէն ճողոպրած  ու անոր դառն յուշերով աճած սերունդի զաւակները լծուեցան այդ ազգակերտ վսեմ առաքելութեան:  Լիբանանեան պատերազմին բերումով «ընդհատուած» թուացող այդ առաքելութեան ջահակիր մշակներէն շատեր հարկադրաբար արտագաղթեցին հեռաւոր Եւրոպաներն ու Ամերիկաները: Անոնցմէ շատեր չշեղեցան ու որպէս «դեսպաններ» շարունակեցին իրենց ինքնակոչ առաքելութեան յանձնառութիւնը նաեւ աշխարհասփիւռ հայօճախներու մէջ: Ասոնց շարքին  է ազգային, ժողովրդական ու յատկապէս` աշուղական երգերու մեկնաբան, երգահան-երգիչ Լեւոն Գաթըրճեան: 

Փոքր տարիքէն երաժշտութեան հանդէպ իր սէրն ու հետաքրքրութեան սկզբնական յայտնութիւնները եղած են Հալէպի Ճեմարանին մէջ կատարած իր մենակատարութիւնները` հազարաւոր աշակերտներու ներկայութեան: Ապա, 17 տարեկանին ընտանեօք փոխադրուած են Լիբանան, ուր յաճախած է պետական երաժշտանոց: Միաժամանակ ան կը փորձէ օրապահիկը ապահովել` փոքր խանութ մը հաստատելով Պուրճ Համուտի մէջ, ուր կ՛ապրէին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ նոյնինքն Եղեռնի եւ զայն կանխած թրքացման քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք հայ դպրոցէն ու հայեցի կրթութենէ զրկուած թրքախօս հայեր: Երեւոյթ մը, որ թէեւ հասկնալի, բայց անընդունելի` մեծապէս կը մտահոգէ հայ երաժշտութեան սիրահար երիտասարդ երգիչը: Անոր համար այս մէկը մարտահրաւէր մը կը դառնայ, ու ան կը վճռէ ամէն գնով պայքարիլ թրքախօսութեան դէմ: Ու իրապէս ան կը պայքարի ի՛ր ոճով` աշուղական երաժշտութիւնը, հա՛յ երաժշտութիւնը տարածելով ամէնուրեք, ու մեծ մասամբ կը յաջողի: Մասամբ` որովհետեւ դժբախտաբար Գաթըրճեանի «Տլէեաման»-ին եւ «Ես իմ տունը օտար ազգից հարս չեմ տանի» երգերուն կողքին տակաւին Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ կը հանդիպինք կարգ մը թրքախօս հայերու:

Անոր հայերէն երգերու ձայնապնակը մեծ հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն կը ստեղծէ մայրենիի ծարաւ, ջարդերէն ճողոպրած սերունդի զաւակներուն մօտ: Այսօր լիբանանեան պատերազմին բերումով դէպի հեռաւոր ամերիկեան ափերը արտագաղթած Լեւոն Գաթըրճեանի աւելի քան քառասնամեայ երաժշտական անցեալը, Փարիզի Օլիմփիայէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները, անցնելով հայրենիքէն ու Արցախէն, իր ստացած բազմաթիւ գնահատական գովեստներով, պարգեւատրումներով ու շքանշաններով  բեռնաւորուած վաստակը կը վկայէ, թէ ան իրապէս արժանի է զինք պարգեւատրած` Արամ Ա. վեհափառի կոնդակին, ուր կ՛ըսուէր. «… Աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը հայ երգը տարածեց եւ հայ երիտասարդութիւն պատրաստեց»: Նմանապէս` հայրենի իշխանութիւններ արդարօրէն զինք 2009-ին «կը թագադրեն» որպէս աշուղ:

Կարճ այցելութեամբ անոր Լիբանան ներկայութենէն օգտուելով` «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ հանրայայտ երգիչ-երգահան Լեւոն Գաթըրճեանին հետ:

***

«ԱԶԴԱԿ».- Բարի եկած էք Լիբանան, ի՞նչ առիթով վերադարձաք:

15584660985_f06cedefc2_bԼԵՒՈՆ ԳԱԹԸՐՃԵԱՆ.- 22 տարուան բացակայութենէ ետք բնական է կարօտցայ իմ ընտանիքիս, հարազատներուս եւ Լիբանանին` իմ արուեստիս ծննդավայրը, ուր կեանքիս սկզբնական շրջանը անցուցած եմ: Նաեւ եկայ Համազգայինի հետ գործակցաբար  իմ երգերովս անգամ մը եւս խանդավառելու ունկնդիրներս:

«Ա.».- Լիբանանէն մեկնելէ ետք գլխաւորաբար ո՞ր երկիրներու մէջ ելոյթներ ունեցած էք, կրնա՞ք յիշել գլխաւոր հանգրուանները: Օրինակ, ծանօթ է, որ Օլիմփիայի մէջ երգած էք, խնդրեմ խօսիք այս մասին:

Լ. Գ.- Փոքր տարիքէս կը սիրէի Սայաթ Նովան ու պատանի տարիքէս Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն սկսայ շարականներ երգել: Ապա Հալէպի Ճեմարանի հազարաւոր աշակերտութեան առջեւ երգեցի: Լիբանանի մէջ պետական երաժշտանոցի հինգ տարուան մասնագիտութեանս ընթացքին` օփերայի ճիւղին մէջ, կեանքին մէջ մեծապէս դերակատար եղան օրինակ` դասական երաժշտութենէն ծանօթ երգչուհի Լիւսի Գարկայեան, նաեւ Արփինէ Փեհլիվանեանը, որ մեծ դեր ունեցած է երաժշտական կազմաւորումիս վրան: Լիբանանի մէջ շատ սիրուած եւ Խաչիկ Արապեանին նուիրուած յատուկ երգին բառերն ու երաժշտական յօրինումը ես կատարած եմ: Լիբանանէն ետք շրջեցայ աշխարհի գրեթէ բոլոր հայ գաղութները, արաբական երկիրներ, Եւրոպա, Քանատայի թէ Ամերիկայի բոլոր շրջանները: 1981-ին, հանդիսացայ  Փարիզի Օլիմփիայի բեմէն ելոյթ ունեցող առաջին հայ երգիչը, որ զուտ հայկական երգացանկով ներկայացաւ` արժանանալով  հանդիսատեսներու յոտնկայս ծափողջոյններուն: Օլիմփիայի օրուան տնօրէնը մեծ հպարտութեամբ գնահատեց զիս` յայտնելով, թէ Օլիմփիային դռները բաց են իմ առջեւ, երբ որ փափաքիմ:

«Ա.».- Խօսեցէք քիչ մը ձեր Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցելութիւններուն մասին: Հետաքրքրական դէպքեր կը յիշէ՞ք այդ օրերէն:

Լ. Գ.- Քսանմէկ անգամ այցելած եմ Հայաստան: Կը յիշեմ օրինակ այցելութեան մը ընթացքին «Եարը մարդու եարա կու տայ» երգը, որ շատ կ՛երգուէր նաեւ հայրենի երգիչներու կողմէ, ինչպէս` Յովհաննէս Պատալեան, ու կը յիշուէր, թէ ես եմ անոր եղանակը յօրինողը: Այդ օրերուն պատկերասփիւռի կայանի մը հետ ժամադրութեանս նախօրեակին Գուսան Հաւասին հեռաձայնեց, գնահատական խօսքերով ողջունեց  զիս` յիշեցնելով, թէ նշեալ երգին բառերը ինք գրած է ու բնական է յաջորդ օրը պատկերասփռուած հարցազրոյցիս ընթացքին չմոռցայ յիշելու նաեւ այդ մէկը: Կը յիշեմ նաեւ Հայաստանի Սայաթ Նովա աշուղական երգչախումբը, որ  ֆիլհարմոնիայի մեծ դահլիճին մէջ իմ գրած ու յօրինած հարիւրաւոր երգերէս 24-ը կատարած են` Արգոն Խաչատուրի երաժշտական ղեկավարութեամբ եւ Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ:

Իսկ Արցախի յատուկ մօտ երեսուն երգեր գրած ու յօրինած եմ, անոնցմէ կը յիշեմ օրինակ մէկ երգը, որ քայլերգի նման ամէն առաւօտ կ՛երգուէր.-

Արցախցի ենք մենք Հայկեան ցեղից ենք,
Ուխտել ենք  մեր հողն ազատել,
Արշաւել անշեղ դէպի Շահումեան,
Պարզենք դրօշը մեր ազատութեան,
Թող սարսի Պաքուն ահեղ հայուց
Արցախը մերն է մեր ողջ հայերուն:   

«Ա.».- Լիբանանի մէջ ի՞նչ է ձեր ծրագիրը, ո՞վ պիտի նուագակցի ձեզի: Ի՞նչ տեսակ գործիքներ կը նախընտրէք:

Լ. Գ.- Ինչպէս յիշեցի Համազգայինի կազմակերպութեամբ յատուկ ձեռնարկի մը պիտի մասնակցիմ 21 հոկտեմբերին` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին, եւ ժողովրդական ու աշուղական երգերով ելոյթ պիտի ունենամ: Իսկ նուագարանային գործիքներէն առաւելաբար կը նախընտրեմ գործածել` հայկական տհոլը, քամանչան, ջութակը, տուտուկը, քանոնը, սրինգը, շուին եւ այլն:

«Ա.».- Այցելած էք բաւական գաղութներ եւ պարգեւատրուած էք բազմաթիւ առիթներով: Ձեր այս երաժշտական վաստակը ի՞նչ կը մտածէք ընել:

Լ. Գ.- Այո, ունիմ հարիւրաւոր ձայնապնակներ, խտասալիկներ ու պարգեւատրումի բազմաթիւ գրութիւններ ու շքանշաններ, որոնք բոլորն ալ քովս` Լոս Անճելըս են, կը մտածեմ զանոնք յանձնել հոս ապրող քրոջս աղջկան` Զեփիւռին, որ նոյնպէս արուեստագիտուհի է` փափաքելով, որ հետագային յանձնէ հայրենիքի պատկան մարմինին, որպէսզի պահ դրուին յատուկ թանգարանի մէջ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայ հայ երաժշտութիւնը Լիբանանի մէջ, յատկապէս այն, շատ մը թրքական երգերու եղանակները հայկական են, ի՞նչ կը մտածէք թուրքերու այս երաժշտական բանագողութեան մասին:

Լ. Գ.- Մօտէն ծանօթ չեմ լիբանանեան ներկայ երաժշտութեան, բայց քանի մը երգ լսելէ ետք ըսեմ, որ ժամանակին չէինք հաւներ այս կամ այն երգիչը, բայց հիմա անոնք ներկաներուն հետ բաղդատելով աւելի փայլուն կ՛երեւին: Անհրաժեշտ է զարկ տալ ու բարձրացնել լիբանանահայ երգի ու երաժշտութեան մակարդակը:

Իսկ թուրքերու պարագային, թուրքին սովորութիւնն է գողութիւնը, ձրիակերութիւնը:

Թուրքիոյ մէջ մենք մեծաթիւ բանաստեղծներ, աշուղներ, երաժիշտներ ունեցած  ենք, որոնց գործերը գողցուած եւ իւրացուած են թուրքերու կողմէ:

«Ա.».- Յաճախ ելոյթ ունեցած էք նաեւ ազգային երգերով ու այսօր կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, այս գծով բան մը կը մտածէ՞ք ընել:

Լ. Գ.- Այո՛ շատ յաճախ երգած եմ ազգային, յեղափոխական երգեր, օրինակ` «99 տարին չանցած, նորից Ապրիլ 24»:

Կարելի է 99-ի փոխարէն 100 գրել: Ու եթէ պէտք է` նորն ալ կը գրեմ յատուկ այս առիթով:

«Ա.».- Երկարատեւ բացակայութենէ ետք այսօր ինչպէ՞ս գտաք Լիբանանը, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք Լիբանանի հայերուն, յատկապէս այն երիտասարդներուն, որոնք կ՛ուզեն գաղթել հոսկէ:

Լ. Գ.-  Լիբանան աւելի ծաղկած է նոր շէնքերով, շինութիւններով ու ես լաւատես եմ Լիբանանի ապագայով: Կը մաղթեմ, որ վերակենդանանայ մեր ազգային տոհմիկ կեանքը: Արտագաղթի գծով կը նախընտրեմ, որ չգաղթեն, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը հոն ալ կը շարունակուի, հոն «սպիտակ ջարդ» կայ, ուր առանց զգացնելու բամպակով կը ջարդեն մեզ: Աւելի լաւ է իմ գիւղի փոքր առուն, քան ուրիշներու մեծ գետերը:

Share this Article
CATEGORIES