Ամասիոյ Վերջին Հայը

Ռաֆայէլ Ալթունեան

Ռաֆայէլ Ալթունեան

Թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը հոկտեմբեր 6-ի իր թիւով ներկայացուցած է Թուրքիոյ Ամասիա քաղաքին մէջ ապրող վերջին հայ քաղաքացիին կեանքը, կենցաղն ու խնդիրները: Ստորեւ կը ներկայացնենք թերթին վերոնշեալ հրապարակումէն հատուած մը.

«Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայը` Ռաֆայէլ Ալթունեանը կամ անձնագրով` Ֆարուք Ալթունը, Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայն է: Գրեթէ ոչ ոք անոր իրական ինքութեան մասին տեղեակ է, որովհետեւ ան ինքնութիւնը թաքուն պահելով  կ՛ապրի: Ճնշումէ եւ օտարացումէ խուսափելու համար անունը փոխած է: Տունը, ուր անցուցած է մանկութիւնը, քաղաքապետարանը խլած է իրմէ, իսկ պապերուն եւ հօր գերեզմաններուն վայրին վրայ իսլամական կրօնական վարժարան հիմնուած է: Ան կը պատմէ, որ հայ ըլլալուն պատճառով դպրոցին մէջ  ճնշումներու ենթարկուած է, իսկ բանակին մէջ ամենաշատ ծեծը իրեն բաժին ինկած է:

«Ծնած օրէս այստեղ կ՛ապրիմ եւ այս հողին վրայ կը ցանկամ թաղուիլ: Մարդ անհատը չի կրնար մերժել իր ինքնութիւնը, ես հայ եմ, քրիստոնեայ եմ: Միշտ ճնշուած եմ, իրաւունքներս ոտնահարուած են: Երբ ինծի հարց կու տան արմատներուս մասին, կը խուսափիմ պատասխանելէ»:

Ամասիա կը գտնուի Իրիս գետի ափին: Պատմութեան ընթացքին եղած է պոնտական թագաւորութեան մայրաքաղաքը: Թուրքերու կողմէ գրաւուած է 1392-ին: Ըստ աւանդութեան, հիմնադրուած է Ալեքսանդր Մակեդոնացիին կողմէ, ի յիշատակ իր հօրեղբօր` Ամասիայի:

1830 թուականին ունէր 30000 բնակիչ, որուն 14000-ը` հայեր: 1850 թ հայերը 17000 էին: Հայոց եկեղեցիներ էին` Ս. Աստուածածին, Ս. Նիկողոս (1218), Ս. Յակոբ (1255), կից` նախակրթական վարժարաններով:

Ամասիա ծնած են Պոնտոսի արքայ Միհրդատ Զ., յոյն աշխարհագէտ Ստրաբոնը, հայ նշանաւոր բժիշկ Ամիրդովլաթ Ամասիացին (15-րդ դար): Ամասիոյ մէջ կ՛ապրէին նաեւ թուրքեր, յոյներ եւ հրեաներ: Ամասիոյ մէջ կը հրատարակուէին «Ամասիա» եւ «Ապառաժ» թերթերը: Ունէին առաջնորդարան եւ ազգային հիւանդանոց: 1914-1918 Ամասիոյ հայերը ենթարկուեցան զանգուածային ջարդի ու ոչնչացման: 1929-ին Ամասիոյ մէջ մնացած էին միայն 400 հայեր:

 

Share this Article
CATEGORIES