Տարբեր Դիտանկիւնէ. Ներկելով Կարելի Է Յաղթահարել Հոգեկան Լարուածութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Forges_colore´itor-LIBRO.indbՆԵՐԿԵԼԸ ՄԻԱՅՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏՈՒԿ ԺԱՄԱՆՑ ՄԸ ՉԷ: ԱՆԻԿԱ ԿՐՆԱՅ ՆԱԵՒ ՕԳՆԵԼ ՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒՆ, ՈՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԻՐԵՆՑ ՎԱՏ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ.

Ներկելը սովորաբար կ՛առնչենք մանուկներուն հետ: Երբ կը սկսինք մեծնալ, մէկ կողմ կը նետենք մեր գունաւոր մատիտները եւ կը սկսինք գործածել աւելի պատշաճ գրենական պիտոյքներ, ինչպէս` գրիչ: Սակայն, յայտնապէս ներկելը օգտակար է նաեւ չափահասներուն համար, գլխաւորաբար` հոգեկան լարուածութիւնը բարելաւելու իր յատկութեամբ:

Ներկելը կը պարգեւէ լաւութեան եւ հանդարտութեան զգացում, նաեւ կը խթանէ ուղեղին այն մասերը, որոնք կապ ունին շարժումի, զգայարաններու եւ ստեղծագործականութեան հետ: Իրօք, վերջերս հրատարակիչներ սկսած են շուկայ իջեցնել յատկապէս չափահասներու յատուկ ներկելու գիրքեր: Երեւոյթը ընդհանրացած է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին: Սպանիոյ մէջ «Էսփասա» հրատարակչատունը հրապարակած է «Քոլորէյթոր»-ը, զոր պատկերազարդած է անուանի գծագրիչ Ֆորկես:

Ներկելը իբրեւ հանդարտեցնելու միջոց կիրարկած առաջին հոգեբանը Քարլ Եունկն էր` 20-րդ դարու սկիզբը: Ան այս միջոցը կիրարկած էր կիզակէտի մը շուրջ բոլորուող կլոր ձեւագծումներով` յար եւ նման գոթական եկեղեցիներու գունաւոր ապակիները զարդարող վարդաձեւ պատկերներուն, որոնք ծնունդ առած են Հնդկաստանի մէջ:

Երբ կը ներկենք, շարժման մէջ կը դնենք մեր ուղեղին երկու կիսագունդերուն տարբեր մասերը, ինչպէս կը բացատրէ հոգեբան Կլորիա Մարթինեզ Այալա: «Ներկելու արարքը կապ ունի տրամաբանութեան հետ, որ մեզի կ՛օգնէ` ուրուագծուած պատկերները ներկելու, ինչպէս նաեւ` ստեղծագործականութեան հետ, երբ կը միաձուլենք կամ կը ներդաշնակենք գոյները: Այս բոլորը կ՛առնչուին ուղեղին այն մասին հետ, որ կապ ունի տեսողութեան հետ, ինչպէս նաեւ` նուրբ շարժումներու հետ, համակարգելու այն կարողութեան հետ, որ անհրաժեշտ է փոքր եւ ճշգրիտ շարժումներ իրականացնելու: Այս գործընթացը կը պարգեւէ հանգստութիւն մը, որ կը պակսեցնէ ուղեղին գործունէութիւնը զգացումներու յատուկ մասին մէջ, որուն ենթակայ է հոգեկան լարուածութեան ներգործութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Կարճ խօսքով, ներկելը կը փարատէ հոգեկան լարուածութիւնը, որովհետեւ, երբ կը կեդրոնանանք յատուկ աշխատանքի մը վրայ, մեր կեդրոնացումին առարկան կը դառնայ ոչ թէ մեր մտահոգութիւնը, այլ` աշխատանքը: Սակայն ներկելը նաեւ «կը խթանէ մեր երեւակայութիւնը եւ մեզ կը տանի ետ` դէպի մեր մանկութիւնը. ժամանակաշրջան մը, երբ վստահաբար շատ աւելի նուազ կը տառապէինք հոգեկան լարուածութենէ»: Այս վիճակը անմիջապէս եւ անգիտակցաբար մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի բարօրութիւն, ինչպէս կը բացատրէ Այալա:

«Ներկելը կը յանձնարարեմ իբրեւ հանգստութեան միջոց,- կ՛ըսէ հոգեբան Անթոնի Մարթինեզ:- Զայն կարելի է օգտագործել` մուտք գործելու համար աւելի ստեղծագործ եւ ազատ վիճակ մը»: Կարելի է նաեւ ներկելու միջոցով հաղորդակից դառնալ մեր զգացումներուն, որովհետեւ գոյները կամ անոնց երանգները կ՛ընտրենք` համաձայն մեր տրամադրութեան: «Անձամբ կիրարկած եմ այս ձեւը: Կը յանձնարարեմ զայն կիրարկել հանդարտ միջավայրի մէջ, նոյնիսկ` սարսռացնող երաժշտութեան հետ: Թոյլ տուէք, որ գոյները եւ գիծերը հոսին»:

Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ նման երկիրներու մէջ չափահասներու յատուկ ներկելու գիրքերը կը դասուին լաւագոյն վաճառք արձանագրած հրատարակութիւններու շարքին: Ֆրանսական «Հաշեթ» հրատարակչատունը նոյնիսկ ունի «Ար-Թերափի» անունով հրատարակութիւններու շարք մը, որ կը բաղկանայ հոգեկան լարուածութիւնը փարատող 20 գիրքերէ, որոնք կը պարունակեն զանազան գծագրութիւններ` թիթեռնիկներու, ծաղիկներու եւ կարկանդակներու յատուկ պատկերագիրքերէ, ինչպէս նաեւ` խծբծուած պատերու եւ հոգեբանական խանգարում յիշեցնող կրկնօրինակներու պատկերներ: Լաւագոյն վաճառք արձանագրած գիրքերու ցանկերէն վեր մագլցած է «Սիքրըթ կարտըն. էն ինքի թրեժըր հանթ էնտ քալըրինկ պուք»-ը (գաղտնի պարտէզ մը. գանձի փնտռտուք` մելանով, եւ ներկելու գիրք մը):

Բրիտանիոյ մէջ հռչակաւոր են Մել Սայմըն Էլիըթի «Քալըր մի կուտ» գիրքերը, որոնք առիթ կու տան ներկելու Ռայան Կոսլինկի, Լէյտի Կակայի, Պէյանսի եւ Քէյթ Մոսի նման աստղերու գծանկարներ: Կարելի չէ նաեւ չյիշատակել Միացեալ Նահանգներու մէջ կատակաբաններ Ռայան Հանթըրի եւ Թէյճ Ճանսընի «Քալըր ֆոր կրոն ափս» գիրքերու շարքը:

Նորաձեւութիւնը հասած է նաեւ Սպանիա: Իբրեւ Ֆորկես ճանչցուած սպանացի պատկերազարդող Անթոնիօ Ֆրակուաս հրատարակած է «Քոլորէյթոր»-ը` հոգեկան լարուածութեան դէմ ներկելու գիրք մը, ինչպէս զայն կը ծանուցէ հրատարակիչը: Գիրքին նախաբանին մէջ հոգեբան Լուսի Ռոխաս Մարքոս կը գրէ. «Ներկելը կը հանգստացնէ մեզ, խաղաղութիւն կը պարգեւէ եւ առիթ կու տայ, որ զուարճանանք, նոյնիսկ մեզ կը ձերբազատէ մեր առօրեայ ճնշումներէն: Թէեւ քանի մը ժամ ներկելը չի վերացներ մեր բոլոր հարցերն ու մտահոգութիւնները, սակայն կը փարատէ մեր լարուածութիւնը, որ կը գերակշռէ»:

Եթէ արդէն համոզուած էք, որ ներկելը կրնայ հանդարտեցնել ձեր ջիղերը, կրնաք գունաւորել այս սիւնակներուն մէջ վերարտադրուած Ֆորկեսի մէկ գծանկարը: «Որքան ալ հոգեկան գերլարուած վիճակի մէջ գտնուիք, ամէնէն կարեւորը թաց մելան չգործածելն է: Լաւագոյն արդիւնք կու տան իւղաներկ մատիտները», խորհուրդ կու տայ Ֆորկես:

 

 

Share this Article
CATEGORIES