«ԷԼՀԱՄՏՈՒԼԻԼԼԱՀ, ՀԱՅ ԵՆՔ»
Շնորհիւ Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած ժողովրդականացման քայլերուն` իրենց ինքնութիւնը պահող հայեր սկսած են հրապարակ ելլել: Հակառակ որ ասոնցմէ շատեր իրենք զիրենք հայ կը նկատեն, սակայն իրենց առօրեայ կեանքը կ՛ապրին իբրեւ «թուրք իսլամ» եւ կամ «քիւրտ ալեւի»: Ինքզինք իբրեւ սիւննի իսլամ բնութագրող տիգրանակերտցի ծանօթ հայերէն Կաֆֆար Թիւրքայ կ՛ըսէ, թէ հայրը ուխտագնացութեամբ հաժի գացած է, եւ թէ ինք մեծցած է սիւննի իսլամ մշակոյթով: Իր իսկական մականունին Օհանեան ըլլալը 15 տարեկանին սորված Թիւրքայ կ՛ըսէ. «Կ՛ապրիմ իբրեւ իսլամ, բայց չեմ կրնար ուրանալ անցեալս եւ մշակոյթս: Կրօնը կարեւոր չէ, սակայն կ՛ուզեմ, որ լեզուս իմանամ»: Ըստ Թիւրքայի, Տիգրանակերտի հայերը զիրար կը ճանչնան, եւ թէ` քրիստոնեայ հայեր կը ստորագնահատեն իսլամ հայերը. «Կարծես մե՛նք ընտրած ըլլայինք այս կացութիւնը: Հայկական ինքնութիւնը հարկ է որ միանայ ազգային արմատներուն շուրջ եւ ոչ թէ կրօնի պատկանելիութեան»:
ՀԱԼԱՉՕՂԼՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԲԵՐԱԾ ԷՐ
Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին նախագահը` Հալաչօղլու, որ պաշտօնանկ եղած էր, անցեալին պնդած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտեր իսկութեան մէջ թիւրքմեններ եւ իրենք զիրենք քիւրտ ալեւի բնութագրողներն ալ հայկական ծագում ունէին: Իսկ Թիւրքային ըսածները մեկնաբանելով` կ՛աւելցնէ. «Միմիայն Տիգրանակերտի մէջ չէ, ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին նման հայեր կը գտնուին, եւ թէ` այլեւս իրենց ինքնութիւնը կը յայտարարեն»:
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ
Արդուին եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ ապրող եւ հայերէնի մէկ բարբառը խօսող իսլամացած հայեր իրենք զիրենք իբրեւ համշէնցի կը համարեն: Համշէնցի Իսմեթ Շահին, որ քաղաքագէտ եւ ուսումնասիրող մըն է, կ՛ըսէ, թէ համշէնցիները պահած են քրիստոնեայ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: Վաւերագրական ժապաւէններու հեղինակ Գեազըմ Կիւնտօղան կ՛ըսէ, թէ Թունճելիի (Տերսիմ) մէջ բնակող իր ընտանիքը կ՛ապրի քիւրտ ալեւի ինքնութեամբ, եւ կ՛աւելցնէ, որ Թունճելիի ինքնութիւննին պահող հայերը իրենց աղօթքը կ՛ընեն բնութեան մէջ:
ՎԵՐՃԻՀԱՆ ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒ
«Ռատիքալ»
25-6-11
Հայացուց` Գ. Կ.