ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՅԻՇԷ. «ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻ ՅԱՊԱՂՈՒՄ, ՈՐ ՓՐԿԵՑ ՍՈՒԼԹԱՆ ԱՊՏԻՒԼ ՀԱՄԻՏԻՆ ԿԵԱՆՔԸ» ԱՅՇԷ ՀԻՒՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԵԸԼՏԸԶԻ ԴԷՊՔԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԸ

Քրիստափոր Միքայէլեան

Ապտիւլ Համիտ

«Թարաֆ» թերթի աշխատակից Այշէ Հիւր իր կիրակի, 10 յուլիսի էջը տրամադրած է պատմական նշանաւոր դէպքի մը, որուն մասին հիները շատ բան գիտէին, բայց նոր սերունդները մեծ բան չեն գիտեր: Ասիկա Եըլտըզ պալատի եւ Եըլտըզի մզկիթի միջեւ սուլթան Ապտիւլ Համիտի դէմ հայերու (ՀՅԴ-ի – «Ազդակ») կողմէ ռումբի պայթումով կատարուած մահափորձի պատմութիւնն է. մահափորձ, որմէ Ապտիւլ Համիտ փրկուեցաւ բախտի բերումով:  Այս պայթումի ընթացքին 26 հոգի մեռաւ, 58 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ: Բայց Ապտիւլ Համիտ հրաշքով փրկուեցաւ, ըսուեցաւ, որ մէկու մը հետ մէկ վայրկեանի համար խօսքի բռնուած էր, ա՛յդ էր, որ զինք փրկած էր:

Եըլտըզի դէպքը պատմութեան մէջ ունի իր մասնաւոր տեղը: Այշէ Հիւր ռումբի պատմութենէն առաջ կը յիշեցնէ, թէ քաղաքական նպատակներով ահաբեկչական միջոցներու դիմող քաղաքական գործիչներ յաճախ մահափորձեր սարքած են պատմութեան մէջ, ասոնցմէ անուններ ու օրինակներ ալ կը նշէ, բայց ասոնց մէջ իր մասնաւոր տեղն ունի Ապտիւլ Համիտի դէմ սարքուած մահափորձը, կ՛ըսէ ան:

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ միշտ մահափորձէ վախցող մէկը ըլլալուն համար ուրբաթ օրուան իր աղօթքը սովոր էր ընել Եըլտըզի մզկիթին մէջ, որ Եըլտըզի պալատէն 300-400 մեթր հեռաւորութեան վրայ էր: Մզկիթ երթալու ու գալու գործողութիւնը արարողութիւն կը դառնար, փողոցին երկու կողմերը զինուորները կը շարուէին  երկու կարգով ու սուլթանին նուիրուած քայլերգը կը նուագէին: Այս արարողութեան ներկայ կը գտնուէին պետական աւագանին եւ զինուորական հրամանատարներ: Որոշ անձերէ դուրս ո՛չ մէկը իրաւունք ունէր այդ օր սուլթանին հետ միասին մզկիթէն ներս մտնելու: Ամէն կողմ ծառաներ, ոստիկաններ ու լրտեսներ կային:

Դարձեալ այսպիսի ուրբաթ օր մը, 21 յուլիս 1905, երբ սուլթանը աղօթքի գացած էր ու կը վերադառնար, Եըլտըզի պալատին շուրջ պատահեցաւ պայթում մը, որուն ձայնը Պոլսոյ  բազմաթիւ վայրերէն լսուեցաւ: Ռումբը բզիկ-բզիկ ըրած էր մարդկային մարմիններ ու անասուններ: Աւելի վերջ յայտնի պիտի դառնար, որ 26 հոգի մեռած էր, 58 հոգի` վիրաւորուած, 20 ձի` սատկած եւ 17 կառք խորտակուած: Մզկիթը վնասուած էր: Բայց Ապտիւլ Համիտ ողջ մնացած էր:

Քննութեան համար յանձնախումբ մը կազմուած է, քննիչները, կառքի անիւի մը լասթիքի կտորէն մեկնելով` ստուգած  են, թէ ո՞ր կառքը գործածուած էր, այս կերպով հասած են մինչեւ մահափորձ սարքողներուն ինքնութիւնը: Խուզարկութիւններ կատարուած են ու տակաւին գտնուած` 148 քիլօ  պայթուցիկ, որ պիտի գործածուէր Օսմանեան դրամատունը ու Ղալաթիոյ կամուրջը օդը հանելու համար:

Որո՞նք էին մահափորձին հեղինակները: Մահափորձին հեղինակներն էին հայերու Դաշնակցութիւն կազմակերպութեան ղեկավարներէն Քրիսթոֆեր (Քրիստափոր Միքայէլեան) եւ անոր դուստրը նկատուող Ռոպինան, նաեւ` ռուսահայ Կոստանդին Գապուլեան: Մահափորձի խմբակը Պէյօղլուի Մորաւիչ շէնքին մէջ յարկաբաժին մը վարձած էր եւ շփման մէջ մտած էր պելճիքացի յեղափոխական Շարլ Էտուար Ժորիսի ու անոր կնոջ` Աննային հետ: Մահափորձի ընթացքին գործածուած է «Դժոխային մեքենայ» կոչուած ժամացուցաւոր ռումբ մը: Մահափորձի կազմակերպիչները վայրկեան առ վայրկեան ստուգած էին, թէ սուլթանը քանիի՞ն եւ քանի՞ վայրկեանէն կը տեղափոխուէր մզկիթէն դէպի պալատ, ժամը քանիին ո՞ր կէտին վրայ կ՛ըլլար:  100 քիլօ ծանրութեամբ ռումբը զետեղած էին արդիական ֆայթոնի (ձիակառք-«Ազդակ») մը մէջ, որ յատկապէս ապսպրուած էր Եւրոպայէն, եւ որ կտոր-կտոր երկիր բերուած էր Եւրոպայէն: Պատահարի օրը խումբին մասնակից եղած էին` տիկին Սոֆի Լիփարիս, կառապան Սարգիս, որդին` Մկրտիչ, ձիերու մարզիչ Երուանդ Ֆրանգոլեան, կառապան Ժորժ  Գրիգոր Վարշամ, եւ քանի մը հայեր:

Խումբը Սարգիս Պալեանի կողմէ շինուած ժամացուցաւոր աշտարակին տակ դիրք գրաւած էր:

Ամէն ինչ պատրաստ էր, որպէսզի ռումբը ճիշդ ժամանակին պայթի:

Այշէ Հիւր

Այշէ Հիւր կը գրէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ մահափորձի հեղինակներէն Քրիստափոր Միքայէլեանն ալ մեռնողներու կարգին էր, Ապտիւլ Համիտին քիթն անգամ չարիւնեցաւ:

Թէ Ապտիւլ Համիտ ինչպէ՞ս փրկուած էր այսքան լաւ կազմակերպուած մահափորձէ մը, Այշէ Հիւր կը գրէ, որ բազմաթիւ պնդումներ կան այս մասին: Բայց բոլոր պնդումներուն ամէնէն համոզիչն այն է, որ սուլթանը մէկ կամ երկու հոգիի հետ անակնկալ խօսակցութիւն մը ունեցած էր ու այս պատճառով երկու-երեք վայրկեան ուշացած էր իր սովորական ուղեգծին հետեւելու համար: Այս երկու վայրկեանի յապաղումը փրկած էր Ապտիւլ Համիտին կեանքը:

Այշէ Հիւր կը գրէ, որ յամառ կարծիք եղած է, որ այս մահափորձին ետին միայն հայ յեղափոխականները չկային, կային նաեւ իթթիհատականներ, որոնք դժգոհ էին սուլթանէն: Շատեր գիտեն, թէ իթթիհատականներու միութեան վարիչները 1907-ին Փարիզի մէջ գումարուած Բ. համագումարի ընթացքին  Ապտիւլ Համիտը տապալելու համար զօրակցութիւն կնքած էին հայ դաշնակցականներու հետ: Այս զօրակցութեան շնորհիւ էր, որ անոնք Ապտիւլ Համիտին ստիպած էին, որ երկրորդ անգամ ըլլալով ընդունի սահմանադրութիւնը:

Այշէ Հիւր կը պատմէ տակաւին, որ պատահարէն ետք քննիչ յանձնախումբը հարիւրաւոր վկաներու տեղեկութեան դիմեց, բայց մահափորձի հեղինակները մեծ մասամբ արտասահման փախած էին: Հաճը Նշան Մինասեան անուն դաշնակցական մը, որ շատ բան գիտէր, չխօսելու համար անձնասպան եղած է:

Եըլտըզի դէպքի կապակցութեամբ միշտ կը յիշուի նաեւ, թէ ականաւոր թուրք բանաստեղծ Թէվֆիք Ֆիքրեթ, որ իթթիհատական չէր, եւ որ դիրք գրաւած էր սուլթանին դէմ, պատահարէն ետք գրած է իր նշանաւոր մէկ բանաստեղծութիւնը, «Պիր լահզա-ի թէահհիւր» (Մէկ վայրկեանի յապաղում), որուն մէջ ցաւ կը յայտնէ, որ մահափորձին հեղինակները չէին յաջողած իրենց ձեռնարկին մէջ:

Այշէ Հիւր իր յօդուածը կ՛աւարտէ պատահարին մասին հետաքրքրական վերջաբան մը պատմելով: Իշխանութիւնները պայթումէն ետք ձերբակալած էին նաեւ Ժորիսը: Պելճիքացիները ճնշում բանեցուցին, որպէսզի Ժորիս ազատ արձակուի, օսմանցիները նախ ականջ չտուին, Ժորիսը մահուան դատապարտեցին: Բայց սպառնալիքներով լեցուն նոր նամակ մը եկաւ Պելճիքայէն, այն ատեն Ժորիս հանուեցաւ սուլթանին առջեւ: Սուլթանին հետ խօսելէ ետք Ժորիս խոստացաւ Եւրոպայի մէջ հայ յեղափոխականներու դէմ աշխատիլ եւ իր հաւաքած տեղեկութիւնները փոխանցել սուլթանին: Այս խոստումին վրայ սուլթանը 500 ոսկեդրամ ճանապարհածախս տուաւ, շոգեկառքով մը զայն Եւրոպա ղրկեց եւ Ժորիս այդ թուականէն ետք Եւրոպայի մէջ աշխատեցաւ որպէս սուլթանին լրտեսը:

«Մարմարա»

Share this Article
CATEGORIES