Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բարեկամներ կը ջանան ձեզ խրատել. ասիկա սիրալիր կեցուածք մըն է. նոյնիսկ օգտակար է ձեզի համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թոյլ մի՛ տաք, որ մարդիկ ձեզ քննադատեն առանց իրական պատճառի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ճամբորդութեան ծրագիր մը ունիք կատարեցէք, քանի որ ձեր կեանքը պիտի բարելաւուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ապագան շատ պայծառ է, սակայն պէտք է տակաւին յաւելեալ աշխատանք տանիլ զայն լաւ կառուցելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վրէժխնդիր մի՛ ըլլաք եւ ցոյց տուէք վեհանձնութեան ոգի, այսպիսով պիտի յաղթէք չարին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքին մէջ կարելի չափով շարունակեցէք ձեր դրական կեցուածքը. ձեզ պիտի գնահատեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ տարակարծութիւն ունիք մէկու մը հետ, կրնաք յաղթահարել մէկ բառով. «սէր»:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Զգո՛ւշ, ձեր շուրջը նախանձողներ կան. մի՛ ձգէք, որ ուրիշներ օգտուին ձեր յատկութիւններէն` ձեզ ընդօրինակելով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուրախ լուր մը ունիք, որ պիտի վերյիշէք ընտանեօք: Օրը բախտաբեր է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շաբաթավերջին համար ունիք հաճելի ծրագիր մը: Պիտի շրջապատուիք զուարթ անձերով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ խնամք կը տանիք ձեր մարմինին: Իրաւունք ունիք, առողջ մնալու պայմանն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Միշտ կ՛ուզէք աշխատիլ եւ լաւագոյնը ընել, սակայն հրաշքներ չէք կրնար ընել:

