50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1964)

Մարզական Կեանքը Հալէպի Մէջ

Նախանցեալ կիրակի, բարեկամական մէկ հանդիպումին, ՀՄԸՄ յաղթելէ ետք «Վասպուրական»-ի 4-2, եւ ՀՄՄ հաւասար մնալով Ահլիի դէմ` 1 – 1, 25 հոկտեմբերին ՀՄՄ պարտուեցաւ ՀՄԸՄ-էն 2 – 1 արդիւնքով:

Կիրակի, 25 հոկտեմբերին Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆետերասիոնի խաղերուն առաջին հանդիպումը` ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի միջեւ: Խաղը մաս կը կազմէր վերին ֆետերասիոնի զտումի խաղերուն, որուն յաղթականը ճակատելէ ետք տեղւոյն զինուորական խումբին (որուն յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի համար ապահով կը նկատուի), եթէ յաղթելու ըլլայ, կ՛անցնի մումթազ աստիճանին:

ՀՄԸՄ – ՀՄՄ Խաղին Պատկերը

Խաղը տեղի ունեցաւ Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ մարզասէր հանդիսականներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան եւ իրաւարարութեամբ Մճաուազի: ՀՄԸՄ առաջին իսկ վայրկեանէն աքցանի մէջ առնելով ՀՄԸՄ-ի բերդը` սկսաւ ռմբակոծել: Ամբողջ 25 վայրկեան ՀՄԸՄ-ի տղաքը նոյն թափով ընթացան` առանց կարենալ կէտ նշանակելու: Հոս տեղին է յիշել բախտ բառը, որուն արժանացաւ ՀՄՄ դարձեալ նոյն բախտով, երբ ՀՄՄ առաջին գնդակը կը մօտեցնէր: ՀՄԸՄ-ի բերդին, ՀՄԸՄ-ի յետսապահին մէկ անուշադրութեամբ (հենց) ՀՄՄ-ի շնորհուեցաւ ազատ հարուած մը, որ կէտի վերածուեցաւ: ՀՄԸՄ առանց յուսահատելու նոյն թափով շարունակեց խաղը: Խաղի 35-րդ վայրկեանին, երբ ՀՄԸՄ կ՛ուզէր նշանակել կէտ մը Ա. Գոգոյի միջոցով, իրաւարարը կ՛ընդհատէր խաղը` օվսայիտի ազդանշանը ցոյց տալով, երբ Բ. Գօգօ կ՛առարկէր իրաւարարին տեղի կամ անտեղի սուլիչին, իրաւարարը առանց ազդարարելու կը դադրեցնէր զայն խաղէն, այս ձեւով ՀՄԸՄ կը խաղայ 10 հոգիով: Կիսախաղի վերջաւորութեան երկու վայրկեան մնացած ՀՄԸՄ-ին ի նպաստ փենալթի մը կը տրուի, որ դարձեալ կէտի չի վերածուիր եւ կիսախաղը կը վերջանայ 1 – 0` ի նպաստ ՀՄՄ-ի:

Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ տասը հոգիով, դարձեալ խաղին ղեկը ձեռք առնելով` անընդհատ կը հարուածէ ՀՄՄ-ի բերդը եւ խաղին 57-րդ վայրկեանին Անդրանիկ Մալեան առանձին ճեղքելով ՀՄՄ-ի միջնապահ եւ յետսապահ գիծը` կը նշանակէ առաջին կէտը, իսկ խաղի վերջաւորութեան 3 վայրկեան մնացած` Սամիր կը նշանակէ իր խումբին 2-րդ եւ վերջին կէտը: Եւ այսպէսով խաղը կը վերջանայ 2 – 1` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

ՀՄԸՄ թէեւ 10 վայրկեան խաղաց իր հակառակորդին քառակուսիին մէջ, բայց իր այդ պարզ յաղթանակով պէտք չէ պարծենայ. կէտերու բացառիկ առաւելութիւն մը պէտք էր ունենար:

ՃԱՆՕ

Հալէպ

 

Ինչպէ՞ս Արագ Կարդալ

Նախագահ Քենետի Մէկ Վայրկեանի
Մէջ 2000 Բառ Կը Կարդար

Մարդիկ ուրիշ որեւէ ատենէ աւելի՞ կը կարդան ներկայիս: Ֆրանսացի փորձագէտներ այս հարցով զբաղեցան եւ շահեկան հաստատումներ ըրին: Առաջին ու գլխաւոր հաստատումը ա՛յն է, որ հրատարակչական գործը մեծ թափով կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ բոլոր մարդիկը, ո՛ւր որ ալ գտնուին, իրենց տրամադրութեան տակ ունին լաւագոյն հրատարակութիւնները եւ որեւէ ճիւղի մասին ուսումնասիրութիւններ կրնան կատարել:

Բայց բոլոր մարդոց ընդհանուր գանգատը այն է, որ կարդալու համար պէտք եղած ժամանակը չունին: եւ իրողութիւն է, որ կեանքը աւելի անդոհալից դարձած է, եւ թէ` մարդիկ աւելի մեծ ճիգ ի գործ կը դնեն աւելի շատ դրամ վաստկելու եւ իրենց կարիքները գոհացնելու համար: Հետեւաբար հարցը աւելի արագ կարենալ կարդալն է:

Ամերիկացի փորձագէտներ ուզեցին գտնել կերպ մը, որ ամէն մէկուն թոյլ տայ արագօրէն գիրք մը կարդալ: Գործնական մարդիկ ըլլալով` արագ կարդալու ուղղութեամբ արդիւնքի մը հասան: Տարիներէ ի վեր կը գործադրեն զանազան մեթոտներ եւ ներկայիս լուծումը գտան: Հանգուցեալ նախագահ Քենետի, որ վերջին տարիներու միակ մտաւորական նախագահն էր, մէկ վայրկեանի մէջ յաջողած էր երկու հազար բառ կարդալ` հետեւելով մասնագէտներու կողմէ ցոյց տրուած մեթոտին:

Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այդ մեթոտը: Այն բանին մէջ, որ պէտք չէ կարդալ բառ առ բառ, այլ` նիւթին վրայէն չափազանց արագ, կայծակնային կերպով անցնելով: Ասիկա կարելի կ՛ըլլայ` աչքերը մարզելով եւ կարդալու արուեստը ուսումնասիրելով: Այսինքն ամէն մէկ պարբերութեան մէջ առաջին բառերը կարդալով եւ յետոյ, պարբերութեան վերջին բառերուն վրայ «սահելով»:

Անտարակոյս պէտք է այս ուղղութեամբ երիտասարդները մարզել, եւ այս նպատակով Փարիզի մէջ կազմուեցաւ Գիտական կազմակերպութեան ընդհանուր յանձնախումբը, որ այս հարցը ուսումնասիրեց եւ ներկայիս այս ուղղութեամբ մեթոտ մը կը կիրարկէ: Այդ մեթոտը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ ամէնքը պէտք է կարդան, ոչ բարձրաձայն, միայն աչքերը պտտցնելով գրութեան վրայ, շոգեմեքենայի արագութեամբ: Պէտք չէ իրենց կարդացածը կրկին կարդան, այլ պէտք է վստահին իրենց յիշողութեան: «Պէտք չէ գրութիւնը ցոյց տան մատով կամ մատիտի ծայրով», կ՛ըսեն մասնագէտները, որովհետեւ ատիկա կ՛ուշացնէ ընթերցումը:

Ամերիկացիք հնարեցին «ռաթէոմեթրօ» անունով մեքենայ մը, որ կարդալու արագութիւնը կը ճշդէ եւ կը ստիպէ, որ մարդ որոշ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կարդայ գիրքի մը մէկ էջը կամ գրութիւն մը: Աչքը կը հնազանդի մեքենայի արագ ընթացքին եւ ընթերցումը աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ:

Թարգմ. ՎԷՆ

Share this Article
CATEGORIES