Արուեստի Աշխարհէն. Քարավաճիօ Մը` Դատական Ատեանի Մը Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985sothՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ ՄԻՇՏ ԱԼ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ Է: ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ՅԱՐՈՒՑՈՒԱԾ Է ԱՃՈՒՐԴԻ ՍՈԹՊԻ՛Զ ՎԱՃԱՌԱՏԱՆ ԴԷՄ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՍԽԱԼ ՎԵՐԱԳՐԱԾ Է ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՆԱՀԱՏԱԾ Է ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ, ՈՐ ՀԵՏԱԳԱՅԻՆ ԳՆԱՀԱՏՈՒԱԾ Է 10 ՄԻԼԻՈՆ ՓԱՈՒՆՏՈՎ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ «ՊԱՅԹՈՒՑԻԿ» ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ:

Շուրջ 5 տասնամեակ առաջ 140 փաունտի գնուած գեղանկարի մը յարուցած վէճը այս օրերուն հասած է Բրիտանիոյ դատական Գերագոյն ատեան, ուր Քարաւաճիոյի աշխարհի ամէնէն ականաւոր մասնագէտները կարգի կը սպասեն իրենց դիրքորոշումը յայտնելու համար:

Դատական հարցը յարուցուած է Սոթպի՛զի դէմ, որովհետեւ սխալ կերպով «Տը քարտշարփս» (ձեռնածուները) գեղանկարը վերագրած է Քարաւաճիոյի մէկ հետեւորդին եւ ոչ` նոյնինքն գեղանկարիչին, ինչ որ միլիոնաւոր տոլարի վնաս պատճառած է գեղանկարին սեփականատիրոջ:

Գեղանկարը Սոթպի՛զի վաճառուած է 2006-ին, բրիտանական թագաւորական նաւատորմին մէջ ծառայող վիրաբուժի մը կողմէ: Բրիտանացի հաւաքածոյ պահող մը` Տենիս Մահըն զայն գնած է 1962-ին` 140 փաունտի, սակայն հետագային յայտարարած է, թէ անիկա գործն է Քարաւաճիոյի եւ կ՛արժէ 10 միլիոն փաունտ:

Գեղանկարը վաճառած անձը` Լանսըլոթ Թուէյց, կը վիճի, թէ աճուրդի վաճառատունը բաւարար թիւով մասնագէտներու չէ դիմած կամ քննութիւններ չէ կատարած նախքան գեղանկարին վաճառքը:

Գեղանկարը յար եւ նման է նոյն վերնագիրով այլ գեղանկարի մը, որ կը ցուցադրուի Թեքսասի Քիմպել արուեստի թանգարանին մէջ: Անոնք կը պատկերեն առանձնաշնորհեալ բարեկեցիկ մարդ մը, որ թղթախաղի ընթացքին զոհը կը դառնայ երկու խաբեբաներու:

Սոթպի՛զ բուռն կերպով կը մերժէ ընդունիլ ամբաստանութիւնները եւ կը շեշտէ, թէ իր վաճառած տարբերակը «յստակօրէն աւելի ցածորակ» էր` բաղդատած Թեքսասի թանգարանին մէջ ցուցադրուող տարբերակին: 2006-ի վաճառքներու իր պատկերագիրքին մէջ Սոթպի՛զ զայն կը ցանկագրէ իբրեւ գործը` «Միքելանճելօ Մերիզի տա Քարաւաճիոյի մէկ հետեւորդին»:

«Քիմպելի մէջ ցուցադրուող գեղանկարը կը պատկանի Քարաւաճիոյի, իրագործուած է ուշագրաւ վարպետութեամբ եւ այնպիսի իրապաշտ ոճով, որ հռչակաւոր յատկանիշն էր անոր կանուխ շրջանի գործերուն,- ինչպէս կ՛ըսէ աճուրդի վաճառատան հրապարակած յայտարարութիւնը:- Իսկ խնդրոյ առարկայ գեղանկարին իրագործումին որակը շատ ցած է` բաղդատած Քիմպելի մէջ ցուցադրուող բնօրինակին»:

Սոթպի՛զ կը մէջբերէ Քարաւաճիոյի բրիտանացի կենսագիր Հելըն Լանկտընի եւ ամերիկացի արուեստի պատմաբան Ռիչըրտ Սփիրի վկայութիւնները` պաշտպանելու համար իր այն տեսակէտը, թէ գեղանկարը ընդօրինակութիւն մըն է:

Յայտարարութիւնը նաեւ կը նշէ, թէ վաճառատունը չէ դիմած Թուէյցի ընտրած անձերուն` իբրեւ Քարաւաճիոյի գլխաւոր մասնագէտներ, այլ նախընտրած է, որ իր սեփական մասնագէտներու խումբը դատէ, թէ խնդրոյ առարկայ գեղանկարը ընդօրինակութի՞ւն է, թէ՞ ոչ:

Մինա Կրեկորի, որ մաս կը կազմէ Թուայցի կողմէ մէջբերուած մասնագէտներուն, հեղինակ է Քարաւաճիոյի մասին բազմաթիւ գիրքերու: Ան անցեալ շաբաթ յայտարարեց, թէ լուծած էր դարաւոր առեղծուած մը` սեփական հաւաքածոյի մը մէջ հաստատելով Քարաւաճիոյի ցարդ անծանօթ մէկ գեղանկարին գոյութիւնը: Թուայցի գեղանկարին իրականութիւնը հաստատող այլ մասնագէտներու շարքին է Վատիկանի թանգարաններու տնօրէն` Անթոնիօ Փաուլուչի:

Քարաւաճիօ մահացած է 1610-ին, 38 տարեկանին: Անոր գործերը հազուադէպօրէն կը յայտնուին աճուրդի վաճառատուներու մէջ: Ցարդ միայն 50 գործեր վերագրուած են անոր:

Տենիս Մահըն հռչակաւոր էր Քարաւաճիոյի նախապէս կորսուած շարք մը գեղանկարները յայտնաբերելու իր աշխատանքով: Անոր յայտնաբերած գործերուն շարքին էր «Յովհաննէս Մկրտիչ»-ը, զոր ան տեսած էր Հռոմի քաղաքապետին գրասենեակին մէջ, եւ որ մինչ այդ կը նկատուէր ընդօրինակութիւն մը:

Պարոք ժամանակաշրջանի արուեստի մասնագէտ Մահըն կը պատկանէր իրլանտական Կինէս Մահըն դրամատան սեփականատէր ընտանիքին շառաւիղին: Ան մահացած է 2011-ին` տասնեակ միլիոնաւոր արժողութեամբ 58 արուեստի գործեր կտակելով բրիտանական պատկերասրահներու, ներառեալ` Ազգային պատկերասրահին:

Խնդրոյ առարկայ գեղանկարը ներկայիս կը ցուցադրուի Լոնտոնի «Օրտըր աֆ Ս. Ճոն» թանգարանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES