Արուեստի Աշխարհէն. Գերազանցապէս Իրապաշտ Քանդակներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ՄԱՐՔ ՍԻՃԸՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐՈՎ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԷ ԵՒ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵՐՊԱՐԸ` ՍՏԵՂԾԵԼՈՎ ՏԵՍՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻՕՐԷՆ ԻՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՔԱՆԻ ՄԸ ՆՄՈՒՇՆԵՐ:

Իրապաշտ քանդակները նորութիւն չեն: Քանդակագործութեան հին վարպետներ` Միքելանճելօ, Վերրոչիօ եւ Աղեքսանդրոս Անտիոքցի գիտէին, թէ ինչպէ՛ս քարի զանգուած մը կարելի էր վերածել մարդկային հարազատ կերպարի` մկաններու եւ կեցուածքի իրապաշտ պատկերումով: Սակայն, եթէ մօտէն դիտենք անոնց քանդակած գլուխ գործոցները, պիտի տեսնենք կերպարներուն ակներեւ անկենդանութիւնը:
Իսկ ի՞նչ է գերազանցապէս իրապաշտ քանդակ մը: Արուեստի ժամանակակից այս ոճը դժուար է բնորոշել, հաւանաբար որովհետեւ շատ կը յիշեցնէ ապրող, շնչող կամ շատ աւելի տարօրինակ բան մը: Քիչեր կը յաջողին այս մարզին մէջ, ինչպէս` Միլուոքիի մէջ ստեղծագործող արուեստագէտ Մարք Սիճըն, որուն մարդկային առօրեայ կերպարներու անսպասելիօրէն իրապաշտ պատկերումները այնքա՛ն բնական կը թուին, որ կը սկսին համակել մեզ:
Սիճըն կերպարուեստի իր գործերը կը կոչէ «յարգանքի տուրք` մարդկութեան»: Խէժով եւ իւղաներկի խաւով պատուած անոր կերպարները տարբեր տարիքի են, կը պատկանին տարբեր սեռերու եւ կը վայելեն տարբեր դիրքեր: Ամէնէն ուշագրաւ գործերը կը պատկերեն կերպարներ, որոնք իրենց տարիքով եւ ծանրութեամբ կը շեղին կատարելութեան այն չափանիշներէն, որոնք յաճախ կը կիրարկուին ոչ միայն փոփ մշակոյթի մէջ, այլ նաեւ` ընդունուած արուեստի: Սիճընի ոչ աւանդական տիպարներուն մորթը կը գերազանցէ իր ամբողջական մանրամասնութիւններով. երակներ կը ցցուին եւ կ՛ուռին, խորշոմած մորթը գրեթէ լուսաթափանց կը դառնայ, փշտիկներ կը բորբոքին: Սիճըն խելահեղ ճշգրտութեամբ կ՛արտացոլէ գեղեցկագիտական այս թերութիւնները, այն բոլորը, որոնք կը յատկանշեն մեր մարդկութիւնը, բառին բուն իմաստով կեանքի կոչելով իր արձանները:
Զարմանալի չէ, որ Սիճըն երկար ժամանակէ ի վեր ճանչցուած է չափազանց իրական թուացող իր արձաններով ակնդիրը խաբելու կարողութեամբ: Անոր համացանցի կայքը կը պատմէ «միջադէպի» մը մասին` «Տը պաքս» մարզանքի կեդրոնին մէջ, որուն պահակներէն մէկը կը կոչուէր «Արթ». «Օր մը «Էն. Պի. Էյ.»-ի նախկին գերաստղ Մայքըլ Ճորտըն մուտք գործած է մարզարան եւ զայրացած է, որ «Արթ» անտեսած է զինք եւ մերժած է պատասխանել իր հարցումներուն: Ան այնքա՛ն վրդոված է, որ մտածած է գանգատ ներկայացնել «Պաքս»-ի պատասխանատուներուն»:

