Արուեստի Աշխարհէն. Արդեօք Օր Մը Բազմութիւնները Պիտի Կարենա՞ն Հովանաւորել Եւ Ձեւաւորել Արուեստն Ու Երաժշտութիւնը

Պատրաստեց՛ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԹԵՐԵՒՍ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ ՎԷՊ ՄԸ ԳՐԵԼ ԿԱՄ ԱԼՊՈՄ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ՉՈՒՆԻՆՔ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԳՈՒՄԱՐԸ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆԵՐՈՎ ԼՈՒՐԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՂ «ՌԵՏԻԹ» ԿԱՅՔԻՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԷՆ ԱԼԵՔՍԻՍ ՕՀԱՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ, ԹԷ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԳՏՆԵԼ «ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»: ԱՆ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՆՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՈՒԺԸ, ՄԻՆՉ ՏԷՅՎԻՏ ՌՈՊՍԸՆ ԿԸ ՀԵՏԱԶՕՏԷ ԱՅՍ ՄԻՋՈՑՈՎ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՂ ՆՈՐ «ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻՆ» ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԵՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Ի՞նչ է կապը Միքելանճելոյի եւ Սմութ ՄքԿրուվ անունով երաժիշտի մը միջեւ: Համացանցի վրայ տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացնող եւ Ռետիթի հիմնադիրներէն Ալեքսիս Օհանեան կու տայ զարմանալի պատասխան մը եւ կ՛առաջարկէ ձեւ մը` հրաժարելու մեր գործէն եւ մեծ գումարներ շահելու մեր սիրած աշխատանքին մէջ: Հաւանաբար ճիշդ կը մտածէ ան:

Թերեւս ոմանք ծանօթ չեն ՄքԿրուվի երաժշտութեան: Հետեւաբար ըսենք, թէ ան զարմանալի կերպով շահաբեր ասպարէզ մը կերտած է` վիտէոյի խաղերու բազմերանգ երգեր կատարելով առանց նուագակցութեան (ԵուԹիուպի վրայ կարելի է ունկնդրել «Մարիօ 64»-ի, «Մայնքրաֆթ»-ի եւ «Սոնիք տը հեճհոկ»-ի երգերուն մեկնաբանութիւնները): ՄքԿրուվի հաւատարիմ հետեւորդներ են անցեալ դարերու կարօտախտով համակուած բազմաթիւ անձեր, որոնք պատրաստ են մեծ գումարներ վճարելու` անոր աշխատանքին պտուղները վայելելու համար: «Փաթրէոն» անունով համացանցի կայք մը ունի շուրջ 800 երկրպագուներ, որոնք նուիրատուութիւններ կը կատարեն` ՄքԿրուվի յաջորդ վիտէօ-քլիփին պատրաստութեան համար: Երգիչը իւրաքանչիւր վիտէոյի պատրաստութեան համար կը հաւաքէ 2655 տոլար: Այժմ ան ամէն շաբաթ կը հրապարակէ մէկ տեսահոլովակ, ինչ որ բաւարար եկամուտ կ՛ապահովէ` հրաժարելու համար երաժշտութեան ուսուցիչի իր ասպարէզէն:

985crowd1

Սմութ ՄքԿրուվ կ՛երգէ Սուփըր Մարիոյի երգերը:

Օհանեանի կարծիքով, այս երեւոյթին ետին կայ շատ աւելի խոր բան մը. ճիշդ է, որ Սմութ ՄքԿրուվի երգը չի յարմարիր բոլորին ճաշակին: Օհանեան քիչ մը երգիծանքով կը գովաբանէ զայն: Սակայն հիմնական կէտը այն է, որ այս արուեստագէտը գտած է իր ստեղծագործականութիւնը քաջալերող նիւթական աղբիւր մը: Օհանեան զայն կը կոչէ «բազմութիւններու կողմէ հովանաւորութիւն» եւ կը վիճի, թէ այս ուղղութիւնը կրնայ առաջնորդել մշակոյթի եւ արուեստի այնպիսի՛ ծաղկումի մը, որ պիտի յիշեցնէ Մետիչիներու նիւթական հովանաւորութիւնը, որուն շնորհիւ սնած էր Միքելանճելոյի մուսան` 16-րդ դարուն:

«Բազմութիւններու կողմէ հովանաւորութիւնը կը ստեղծէ հսկայական առիթ մը, վերածնունդ մը», կ՛ըսէ Օհանեան` «Պի. Պի. Սի.»-ի «Աշխարհը յեղաշրջող գաղափարներ» յայտագիրէն: Խօսելով բուն Վերածնունդին մասին` ան կ՛ըսէ. «Հրաշալի ժամանակներ էին, շատ բան սորվեցանք, շատ բան ստեղծուեցաւ այդ ժամանակաշրջանին, սակայն անոր ներգործութիւնը զգաց աշխարհի մէկ փոքր մասը միայն: Քիչեր առիթը ունեցան հոյակապ բաներ արտադրելու այդ ժամանակաշրջանին, սակայն ներկայիս նոյն փորձառութիւնը կ՛ապրինք աւելի լայն տարողութեամբ: Այս երեւոյթը խանդավառութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ Սմութ ՄքԿրուվի նման արուեստագէտներ կրնան գոյութիւն ունենալ»:

985crowdԱսիկա կը նշանակէ, թէ արուեստագէտներ ժամանակը եւ դրամը ունին կեդրոնանալու իրենց ստեղծագործական գործընթացին վրայ եւ ոչ թէ ստիպուած են ճաշարաններու մէջ աշխատիլ` իրենց ապրուստը ապահովելու համար: «Նախապէս տեսած ենք, թէ այս ձեւը ինչպէս կը յաջողի: Կին մը դատապարտուած էր աշխատելու իբրեւ ճամբորդական ընկերութեան մը գործակատարը, մինչ անոր բարեկամը կը յորդորէր դադրիլ գործէն, որովհետեւ կրնար գրագէտ դառնալ: Սակայն կինը առիթ չունէր գրելու: Հետեւաբար բարեկամը առաջարկած էր տարի մը արձակուրդ առնել, վճարած էր անոր տարուան մը աշխատավարձը եւ թելադրած էր գրել այն գիրքը, որ կինը միշտ ալ փափաքած էր գրել: Առիթը ժպտած էր կնոջ եւ ան գրած էր «Թու քիլ է մոքինկպըրտ» վէպը: Հարփըր Լի հաւանաբար երբեք պիտի չգրէր ամերիկեան գրականութեան մեծագոյն գործերէն մէկը, եթէ անոր հարուստ մէկ բարեկամը առիթը ընծայած չըլլար: Պահ մը մտածենք այն բոլոր Հարփըր Լիերուն մասին, որոնք երբեք առիթը պիտի չունենան ստեղծելու այն, ինչ որ կրնային ստեղծել: Համացանցը սկսած է հաղորդակցութեան կապ մը ստեղծել նման անձերու միջեւ, եւ անոնք սկսած են հովանաւորներ գտնել»:

Համացանցը ձեւով մը սկսած է նոր գաղափարներ սնուցանել եւ նորարարութեան առիթներ ստեղծել աւելի լայն մակարդակներու վրայ: «Ասիկա խանդավառութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ միշտ ալ, իբրեւ մարդ, կարողութիւնը ունեցած ենք նման իրագործումներ կատարելու, սակայն պարզապէս բեմը չենք ունեցած գիտութեան հասողութիւն ունենալու կամ` զայն բաժնելու», կ՛ըսէ Օհանեան:

Այսուհանդերձ, պէտք է սպասել` տեսնելու համար, թէ արդեօք բազմութիւններու կողմէ հովանաւորութիւններ առիթ պիտի տա՞ն գլուխ գործոցի մը յայտնութեան, թէ՞ պարզապէս համացանցի վրայ պիտի բազմանան կատուի նկարներու կցուած խօսքերը: Սակայն, ինչպէս Օհանեան կը նշէ, «եթէ իւրաքանչիւր հազար, 10 հազար կամ նոյնիսկ 100 հազար կատուի անմիտ նկարներու դիմաց ունենաք մէկ հոյակապ գործ, ապա կը հաւատամ, թէ կ՛արժէ՛ քաջալերել այս երեւոյթը»:

Share this Article
CATEGORIES