Փինկ Փոնկ. Անթուան Շուէյրիի Անուան Բաժակի Մրցաշարք. Ֆատի Քասսիս Եւ Խաչիկ Գէօգիւզեան Տիրացան Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի բաժակի Անթուան Շուէյրիի անուան 3-րդ մրցաշարքը:
40 տարեկան եւ վեր դասակարգի տիտղոսին տիրացաւ Ֆատի Քասսիս, որ 3-0 արդիւնքով (11-6, 11-4 եւ 11-6) յաղթեց Քամիլ Մըրհեպի: Երրորդ դիրքը գրաւեցին Սարգիս Օհաննէսեան եւ Ֆուատ Մըպպայատ:
Իսկ 50 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ տիտղոսակիր դարձաւ Խաչիկ Գէօգիւզեան, որ 3-0 արդիւնքով (11-7, 11-7 եւ 11-7) յաղթեց Նաժի Շըլալայի, երրորդ դիրքը գրաւեցին Ղասսան Մըքաուեմ եւ Էլիաս Ապու Ռըժէյլի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն:
CATEGORIES Մարզական

