Յեղաշրջող Գաղափարներ. Աճապարելու Վնասները Եւ Ներկայութեան Հաճոյքը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
Ի՞ՆՉ Է ՃԻՇԴ ՊԱՀԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ. «ՈՐԵՒԷ ԱՐՈՒԵՍՏ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ, ԵՐԲ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՊՐԻՆՔ ՄԵՐ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. Ա՛ՅՍ Է ՃԻՇԴ ՊԱՀԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ԳԱՂՏՆԻՔԸ»: «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ` ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ԱԼԱՆ ՈՒԱԹՑԷՆ` ՑՈՅՑ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՆԵՐԿԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՐՈՒԿՆ Է «ԺԱՄԱՑՈՅՑԻՆ»:
Բրիտանացի փիլիսոփայ Ալըն Ուաթց կը նկատուի Արեւմուտքի մէջ Զէն ուսմունքներու ռահվիրան, սակայն ան նաեւ կարողութիւնը ունէր մատնացոյց ընելու, թէ այսօրուան մշակոյթը տեւական հակամէտ է շփոթելու խորքային եւ մակերեսային բաները: Ուաթց մէկ ձեւ ունէր վանելու մեր խաբկանքները նման զուգորդումներու վերաբերեալ, ինչպէս` համոզում եւ հաւատք, դրամ եւ հարստութիւն, արդիւնաբերութիւն եւ ներկայութիւն, ես եւ ճշմարիտ ինքնութիւն, մտային մարզանք եւ իմաստութիւն, շահ եւ նպատակ:
«Էսէյզ ան մեն՛զ ռիլէյշըն թու մըթիրիալըթի» (յօդուածներ` նիւթականութեան հետ մարդկային կապին մասին) վերնագիրով իր գիրքին մէջ Ուաթց կը քննէ խիստ յատկանշական այլ երկուութիւն մը` աճապարանք եւ ճիշդ պահը ապրելու կարողութիւն:
Արձագանգելով Սենեկայի բազմազբաղութեան գաղափարներուն եւ Պըրթրընտ Ռասըլի հռչակաւոր ափսոսանքին, թէ` «ի՞նչ իմաստ ունի ազատ ժամանակը եւ առողջութիւնը, երբ մարդ չի գիտեր գործածել զանոնք», Ուաթց կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս մենք մեզ կը խաբենք` խուսափելով ներկայ պահու մը հրճուանքէն եւ կը ձգտինք ապագայի հաւանական հրճուանքներու:
«Ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ այն «լաւ»-ը, որուն կը ձգտինք` ընելով բաներ եւ ճաշակելով բաներ, որոնք ենթադրաբար լաւ են մեզի համար: Նոյնիսկ հարցնելը խիստ արգիլուած է, որովհետեւ եթէ լրջօրէն քննենք, ապա ամբողջ տնտեսութիւնը եւ ընկերային կարգը պիտի քայքայուին եւ պէտք է դարձեալ վերակազմակերպել զանոնք: Այսինքն կը նմանի իշուն, որ ստեպղին մը պէտք է տեսնէ իր դիմաց, որպէսզի վազէ, սակայն մտրակի հարուած մը կը ստանայ եւ կը դանդաղի: Որովհետեւ այն լաւը, որուն կը ցանկանք, գոյութիւն ունի միայն եւ միշտ` ապագային մէջ: Եւ որովհետեւ չենք կրնար հաղորդակից դառնալ զգայնոտ եւ նիւթեղէն ներկային հետ, ամէնէն աւելի ուրախ կը զգանք, երբ կը սպասենք, որ լաւ բաներ պատահին, եւ ոչ թէ` երբ կը պատահին անոնք: Այնքա՛ն կը տարուինք սպասելով հաճոյքներու եւ կը շտապենք անոնց հասնելու, որ չենք կրնար պահ մը կանգ առնել եւ վայելել զանոնք, երբ կը հասնին: Հետեւաբար մեր քաղաքակրթութիւնը կը տառապի տեւական յուսախաբութենէ. կը նմանին շփացած մանուկներու սարսափելի բազմութեան մը, որ խաղալիքները կը կոտրէ»:
Ուաթց դէպի յուսախաբութիւն այս վազքը կասեցնելու համար կ՛առաջարկէ հետեւեալը.
«Իրօք, գոյութիւն ունի «պահը ապրելու», կշռոյթին տիրապետելու արուեստը. սակայն աճապարանքը եւ ժամանակին տիրապետելը զիրար մերժող բաներ են»:
Ուաթց կը վիճի, թէ մեր աճապարանքին մեծ մասը հետեւանք է ժամացոյցին բռնատիրութեան: Այս ախտաբանութիւնը իր մէջ կը պարունակէ հակասութիւն մը, որ շատ աւելի տառապանք կը պատճառէ` նկատի ունենալով, թէ որքա՛ն յարաբերական եւ անսահման է ժամանակը: Ուաթց կը գրէ.
«Ժամացոյցի ժամը պարզապէս չափելու ձեւ մըն է, զոր կը գործածեն բոլոր քաղաքակիրթ ընկերութիւնները: Անիկա կը պարունակէ նոյն այն իրականութիւնը կամ անիրականութիւնը, որ կը պարունակեն երկրագունդին լայնութեան եւ երկարութեան գիծերը: Միջօրէականը ոչ մէկ ձեւով կը ծառայէ չորցուած հաց մը փռելու: Ժամացոյցին դատողութեամբ, ներկայ ժամանակը պարզապէս բարակ գիծ մըն է. իրականութեան մէջ` սահման մըն է, որ լայնք պէտք չէ ունենայ, սակայն` ունի, որովհետեւ այլապէս անտեսանելի պիտի ըլլար: Եթէ ժամացոյցով կախարդուած ենք, ապա ներկան պիտի չապրինք: «Ներկան» պարզապէս երկրաչափական կէտ մը պիտի ըլլայ, ուր ապագան կը վերածուի անցեալի: Սակայն, եթէ աշխարհը կը զգանք եւ կ՛ապրինք նիւթեղէն իմաստով, ապա ի յայտ պիտի բերենք, թէ ոչինչ կայ, ոչինչ կար կամ ոչինչ գոյութիւն պիտի ունենայ, այլ կայ միայն ներկան»:
Անշուշտ ներկայութիւնը կարեւոր է` ապրելու համար ստեղծագործական «ոգեղէն հոսանքի» փորձառութիւնը, բան մը, որ Ուաթց կը բնորոշէ յստակ եւ ոչ երկդիմի ձեւով.
«Որեւէ արուեստ կատարեալ իրագործում կը դառնայ, երբ յաւիտենական ներկայութեան զգացողութիւնը կ՛ապրինք մեր ոսկորներուն մէջ: Ա՛յս է ճիշդ պահը ապրելու գաղտնիքը: Չաճապարել, չյամենալ: Պարզապէս ապրիլ դէպքերու հետ քայլ պահելու զգացումը, այնպէս` ինչպէս կը պարենք երաժշտութեան կշռոյթով` փորձելով առաջ չանցնիլ, ոչ ալ` ետ մնալ: Աճապարանքը եւ յապաղումը ներկային դիմադրելու նմանօրինակ միջոցներ են»:

