ԴԱՆԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

Դանիոյ կը պատկանին բազմաթիւ կղզիներ, ինչպէս Կրինլենտը կամ Ֆերոյի կղզիները

Փոքրիկ ծովանոյշին արձանը, որ քանդակուած է ի պատիւ հեքիաթի հեղինակ Հանս Քրիսթիըն Անտըրսընի. անիկա Դանիոյ ամէնէն նշանաւոր կոթողներէն մէկն է:

Եւրոպայի հիւսիսը գտնուող այս փոքրիկ թագաւորութիւնը կանոնաւոր կերպով կը գրաւէ աշխարհի երջանկութեան ցանկին առաջին դիրքը: Դանիացիներուն երջանկութեան գաղտնիքը կը գտնուի ապագայի նկատմամբ իրենց ունեցած վստահութեան եւ համեստութեան մէջ:

Դանիոյ մէջ մարդիկ չեն տրտնջար, գանգատիլը լաւ բան մը չի սեպուիր: Դանիան հիկկի երկիրն է, հանդարտ, հանգստաւէտութեան երկիրը: Այս 5,5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող պզտիկ թագաւորութեան մէջ մեծ վստահութիւն կը տիրէ, յատկապէս այն պատճառով, որ անգործութեան վախ գոյութիւն չունի:

Հոն կը տիրէ նաեւ ճկունութեան եւ ապահովութեան խառնուրդ մը: Հաստատութիւնները կարելիութիւն ունին դիւրութեամբ իրենց պաշտօնեաները գործէ արձակելու: Ասոր փոխարէն` անգործները կարեւոր օգնութիւններ եւ լաւ դասընթացքներ կը ստանան նոր արհեստ մը սորվելու եւ ուրիշ գործ մը գտնելու համար: Գործը կորսնցնելը շատ լուրջ հարց մը չէ, որովհետեւ կարելի է շատ շուտ ուրիշ գործ մը գտնել:

ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ

Լեկոյի խաղը հնարուած է Դանիոյ մէջ

Դանիոյ մէջ կարեւոր սպասարկութիւնները, ինչպէս` ուսումը կամ առողջապահութիւնը ձրի են: Դանիացիները գիտեն, թէ անկախ իրենց ունեցած եկամուտէն, իրենք լաւ պիտի խնամուին եւ իրենց զաւակները լաւ դպրոցներ պիտի յաճախեն: Սակայն այս ձրի սպասարկութիւնները իրենց գինը ունին` շատ բարձր տուրքեր:

Դանիացիները իրենց եկամուտին կէսէն աւելին պետութեան տուրք կը վճարեն:

Երջանկութեան ուրիշ պատճառ մըն է «Ժանթըլովըն»ը` վարուելակերպի մօտեցում մը, որ կարելի է ամփոփել բանաձեւի մը մէջ` «Ինքզինքդ ուրիշներէն գերազանց մի՛ կարծեր»: Դանիացիք ճանչցուած են իրենց համեստութեամբ եւ կարգապահութեամբ:

 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔՈՓԵՆՀԱԿԸՆ ՔԱՂԱՔԸ
ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻ ՕԴԻ ԱՊԱԿԱՆՈՒՄԻՆ ԴԷՄ

2009 թուականին Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակըն որոշած է դառնալ բնածխական կազ չարտանետող աշխարհի առաջին քաղաքը, 2025 թուականէն սկսեալ:

Քոփենհակընի քաղաքապետարանը այս որոշումը տուած է պայքարելու համար կլիմայի տաքնալուն դէմ: Նախ եւ առաջ (2015-ին) ան պիտի սահմանափակէ բնածխական կազի արտանետումները: Ապա, երկրորդ, ան ամբողջովին վերջ պիտի տայ այս արտանետումներուն 2025 թուականին: Ասոր համար քաղաքը նախընտրութիւնը պիտի տայ հեծիկին եւ հանրային փոխադրութեան միջոցներուն` ինքնաշարժի փոխարէն: Ելեկտրականութիւն արտադրելու համար քաղաքը պիտի հաստատէ հովով բանող սարքեր եւ քաղաքապետարանի ինքնաշարժները պիտի օժտէ ելեկտրականութեամբ կամ ջրածինով աշխատող շարժակներով:

 

ՔԱՆԻ՞ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ
ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ

Դիւրին չէ ըսելը: Կան, անշուշտ, ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուած երկիրները: Կան նաեւ քանի մը ուրիշ պետութիւններ, որոնց մէկ մասը չէ ճանչցուած մեծ թիւով պետութիւններու կողմէ…

2009-ի վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուած էին 192 պետութիւններ (ՄԱԿ-ի մէջ մտնող վերջին երկիրը եղած է Մոնթենեկրոն, 2006 թուականին): Ասոնց վրայ կարելի է նաեւ աւելցնել կարգ մը երկիրներ, որոնք չեն ուզեր մաս կազմել ՄԱԿ-ին  (ինչպէս Վատիկանը): Կարելի է նաեւ յիշել Թայուանը, որ ՄԱԿ-ի անդամ չէ, որովհետեւ Չինաստան դէմ կը դնէ (ան Թայուանը կը համարէ իր նահանգներէն մէկը): Իսկ Քոսովոն ճանչցուած է միայն քանի մը տասնեակ երկիրներու կողմէ:

 

ՃԻ՞ՇԴ, ԹԷ՞ ՍԽԱԼ

ԳԻՒՏԵՐ

1) Առաջին բջիջային հեռաձայնները աղիւսի մը չափը ունէին:…………………….. Ճ/Ս
2) Կարելի է ելեկտրականութիւն յառաջացնել խոզերու աղտոտութեամբ:………… Ճ/Ս
3) Առաջին համակարգիչը հնարուած է աւելի քան 500 տարիներ առաջ:……………… Ճ/Ս
4) Կարելի է թռչիլ դէպի լուսին` «Մունթրեքքըր» կոչուած նոր օդանաւով մը:…………… Ճ/Ս
5) Լուսանկարչութեան գիւտին առաջին օրերուն  մէկ նկար մը նկարելը կրնար տեւել մօտաւորապէս 20 վայրկեան:………………. Ճ/Ս
6) Համակարգչային առաջին խաղը կը կոչուէր «Փոնկ»` համակարգիչին պաստառին վրայ խաղցուող փինկ-փոնկի նմանող խաղ մը:………… Ճ/Ս
7) Երբ ինքնաշարժները սկսան շրջիլ Անգլիոյ փողոցներուն մէջ, մարդ մը դէպի առջեւ կը քալէր կարմիր դրօշակ մը ճօճելով` մարդոց ազդարարելու ճամբայէն հեռանալ:………….. Ճ/Ս
8) Ֆրիզպի խաղին սկաւառակը հնարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ աշակերտներ սկսած են իրարու նետել եւ բռնել Ֆրիզպի կոչուած ընկերութեան մը կարկանդակի թեթեւ մետաղեայ ամանները:………………… Ճ/Ս
9) Ակռայ մաքրելու թելը սկիզբը հնարուած էր իբրեւ թել` ոտքերու մատներուն միջեւ մաքրելու համար:………………… Ճ/Ս
10) Առաջին ջուր քաշելիք արտաքնոցները հնարուած են Հին Յունաստանի մէջ, մօտաւորապէս 2800 տարիներ առաջ:…………. Ճ/Ս
11) Ուղղաթիռի գաղափարը առաջին անգամ յղացած է իտալացի արուեստագէտ Լէոնարտօ տա Վինչի, մօտաւորապէս 500 տարիներ առաջ:……………… Ճ/Ս
12) Հարաւային Ամերիկայէն լամա բուծանող ագարակապան մը հնարած է համացանցը, (ուըրլտ ուայտ ուէպ) իր լամաները դուրսը կարենալ ծախելու համար:……….. Ճ/Ս

ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ՝ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ

– Աւելի քան 4000 տարուան կարկանդակի կտոր մը գտնուած է եգիպտական գերեզմանի մը մէջ:

– Պոսիտոն մոլորակին վրայ մէկ տարին կը տեւէ մօտաւորապէս երկրագունդի 165 տարի:

– Աստղանաւորդ Նիլ Արմսթրոնկ իր անջրպետի մոյկերը ձգեց լուսինին վրայ:

– Առաջին մանրալիք փուռը (մայքրօուէյվ) գրեթէ սառնարանի մը չափ մեծ էր:

– Կարգ մը սարդեր իրենց անձնական ոստայնները կ՛ուտեն:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ մատիտը գրեթէ եօթը կոկորդիլոսներու չափ մեծ է:

– Մարմնիդ ծանրութեան գրեթէ 61 առ հարիւրը ջուր է:

– Փայլածու մոլորակը մեծ մասամբ երկաթէ բաղկացած է:

– Հին ազթեքները քաքաոյի հատիկները կը գործածէին իբրեւ դրամ:

– Ռնգեղջիւրները չեն քրտնիր:

– Կարելի է հոտեր շնչել երազներուն մէջ:

– Արեւը կը գտնուի մեզմէ 150 միլիոն քմ հեռու:

– Առաջին ե-նամակը ղրկուած է 1971 թուականին:

– Աւելի քան 250 հազար բառեր գոյութիւն ունին անգլերէնին մէջ:

– Արուսեակը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն տաք մոլորակն է:

– Սահարայի անապատը Աւստրալայէն աւելի ընդարձակ է:

– Առիւծները օրը մօտաւորապէս 20 ժամ կ՛անցընեն քնանալով:

– Բոլոր անասուններուն 75 առ հարիւրը միջատներ են:

– Կոկորդիլոսները չեն կրնար ծամել:

– Վագր մը կրնայ աւելի քան 36 քիլօ միս ուտել մէկ անգամով:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Քանի՞ ակռայ ունի եղջերատամ կէտը: Պատասխանը պիտի գտնես լաբիւրինթոսին մէջ: (Պատասխանը՝ վերջաւորութեան):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անասունի գլխուն համապատասխանող պոչը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երեք կողմ ունեցող ձեւերը ներկէ` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ժԱՄԱՆՑ
ՊԱՏԱՍԽԱՆ

1 – Ոչ մէկ: Կէտը կը սնանի իր բերանին մէջ գտնուող եղջերաւոր ոսկորներուն ընդմէջէն ծովուն ջուրը դուրս մղելով:

ՃԻ՞ՇԴ, ԹԷ՞ ՍԽԱԼ
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

1 – Ճիշդ, 2 – Ճիշդ, 3 – Սխալ, առաջին մեքենական համակարգիչը հնարուած է Չարլզ Պապըճի կողմէ, 1837 թուականին, սակայն առաջին արդի ելեկտրական համակարգիչը հնարուած է 1936-ին, Քոնրատ Զուսի կողմէ, 4 – Սխալ, կարելի չէ լուսին թռչիլ օդանաւով, 5 – Ճիշդ, 6 – Ճիշդ, 7 – Ճիշդ, 8 – Ճիշդ, 9 – Սխալ, 10 – Ճիշդ, 11 – Ճիշդ, 12 – Սխալ, համացանցը հնարուած է համակարգչային մասնագէտ Թիմ-Պըրնըրզ Լիի կողմէ` օգնելու համար գիտնականներուն` իրարու հետ տեղեկութիւններ փոխանակելու:

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES