«Ազրպէյճան` Ոճիրի Երկիր»

NorSerount_land-of-crimes«Ազրպէյճան` ոճիրի երկիր»…Կիրակի, նոյեմբեր 2-ին, Մարսէյի «Վելոտրոմ» մարզադաշտին վրայ, Ֆրանսայի Հ. Ե. Միութեան «Նոր սերունդ»-ի երիտասարդները դիմած էին այս յանդուգն քայլին` պարզելով այս հսկայ պաստառը… Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարուելիք Օլիմփիք Մարսէյ-Ռասինկ Լանս մրցումին առթիւ:

Արդարեւ, Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտը  հովանաւորելէ (տարեկան 12.5 միլիոն եւրօ) ետք, ազերի միլիառատէր Հաֆիզ Մամատով պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ռասինկ Լանսի հետ եւ այս խումբին  շապիկներուն վրան ալ գրել տուած է տարօրինակ «Ազրպէյճան` կրակի երկիր» ծանուցումը:

Հակառակ անոր որ նման մրցումներու դրօշակ պարզելը դժուար արարք մըն է, մարսէյահայ տղաքը ծրագրեցին եւ յաջողցուցին այս արարքը` ներկաներուն ուշադրութեան յանձնելով, որ Ազրպէյճան ոճրագործ երկիր մըն է: Անոնք նաեւ նշած էին, թէ Թուրքիան ալ ահաբեկիչ երկիրներու շարքին մաս կը կազմէ: Արդարեւ, Մարսէյի կազմը հովանաւորող ընկերութիւններէն մէկն ալ «Թըրքիշ էրլայնզ»-ն է:

Հաւանաբար, այս բոլոր անցուդարձերէն ետք, մրցումին արդիւնքը` 2-1 ի նպաստ Մարսէյի, այդքան ալ կարեւոր չնկատուի:

Մինչ այդ, քանի մը շաբաթ առաջ, մամատովեան նախաձեռնութիւնը կտրած էր Ատլանտեանը եւ «Ազրպէյճան` կրակի երկիր»-ը փորձած էր ներգրաւել Ուրուկուէյի Փենիարոլն ու Արժանթինի Սան Լորենզոն: Ազերիներու այս իւրայատուկ քարոզչական աշխատանքը ի դերեւ դուրս եկած էր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )