Ընկերական Մտորումներ. Ա՜խ, Այս Երդումը
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ամէն անգամ, որ նորընծայ մը կու գայ միանալու մեր շարքերուն եւ աւանդական երդումովը ընկերներուն առջեւ յանձնառու կ՛ըլլայ ծառայելու իր ժողովուրդին, չեմ կրնար վերստին չմտածել այդ խորհրդանշական ծէսի ազդեցութեան մասին, եւ հարց չտալ ես ինծի, թէ որքա՛ն կը պատշաճի ան մեր օրերուն, մեր ներկայ իրականութեան:
Ի՞նչ կ՛ըսէ այդ երդումը, կամ` ուխտը, ինչպէս զայն կը բնորոշէ մեր կանոնագիրը. «Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ` միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագրին, կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Կարելի է մէկ առ մէկ վերլուծել այս սրբազան խոստումին իւրաքանչիւր բառը ու հետաքրքրական եզրակացութիւններ հանել, այսօր, սակայն, կ՛ուզեմ կեդրոնանալ երկու բառերու վրայ` «բոլոր ուժերովս», որոնք ըստ իս կը խտացնեն ամբողջ էութիւնը ինքնանուիրումի մղող այս կուսակցութեան:
Այդ երկու բառերուն մէջ կարելի է կարդալ Դաշնակցութեան բովանդակ պատմութիւնը` ֆետայական շարժումին սխրանքներէն մինչեւ մերօրեայ իրականութիւնը, հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ. հայոց լեռներուն վրայ մղուած գոյամարտէն մինչեւ Հայաստանի խորհրդարանի մէջ դաշնակցական պատգամաւորներու ելոյթներն ու իւրաքանչիւր կոմիտէութեան եւ խումբի ժողովական կեանքն ու քաղաքական թէ կազմակերպական գործունէութիւնը: Բայց այդ բոլորէն անդին` այդ բառերը կ՛արտայայտեն անհատ դաշնակցականին յանձնառութեան անսահման ծիրը:
«Բոլոր ուժերովս»:
Այսինքն` ծառայե՛լ բոլոր ուժերովս: Մեր ուշադրութիւնը յաճախ կը սահի, կ՛անցնի այդ բառերուն վրայէն ու ինքնաբերաբար կ՛երթայ գամուիլ անոնց յաջորդող միջանկեալ ցնցիչ նախադասութեան վրայ` «իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքիս գնով», քանի որ ատով գերագոյն զոհողութիւնն է, որ յանձն կ՛առնուի: Եւ այդ զոհողութիւնը յանձն առնուեցաւ հազարաւոր դաշնակցականներու, եւ արդար ըլլալու համար ընդունինք, նաեւ ո՛չ դաշնակցականներու կողմէ, երբ հայրենիքի փրկութիւնը ա՛յդ կը պահանջէր Սասնոյ լեռներուն վրայ, Սարդարապատի դաշտին մէջ կամ Շուշիի բարձունքին:
Իր «Գաղափարների ոգին» եզակի գործին մէջ, որ գրի առնուեր էր ՀՅԴ վաթսունամեակի օրերուն, եւ որ իւրաքանչիւր դաշնակցական կարդալու է գէթ մէկ անգամ, եթէ ոչ աւելի անգամներ իր կեանքի ընթացքին, Վահան Նաւասարդեան սքանչելի կերպով բնութագրեր է այդ երեւոյթը. «Վաթսուն տարիներ առաջ գաղափարական մի հզօր կիրք մահը հազարաւորների համար հոգեկան վայելք դարձրեց: Ու ծայր տուաւ յօժարների մի հանդիսաւոր երթ դէպի Գողգոթա, յօժար ոչ միայն հոգիով, այլեւ` մարմնով: Ֆետայի՜… Այս մէկ հատիկ բառը պատռեց դարերի խաւարը ու հիմից փոխեց մեր կեանքի պատկերը»:
Այդ «հոգեկան վայելքը» այսօր տակաւին անտարակոյս կրնայ վիճակուիլ մեր սահմանները պաշտպանող հայոց բանակի մեր խիզախ մարտիկներուն, բայց` ո՛չ «հազարաւորներու», շատ հաւանաբար` ո՛չ ալ այն նուիրեալներուն, որոնք կու գան անդամագրուիլ մեր շարքերուն: Եւ բարեբախտաբա՛ր: Ապա ի՞նչ իմաստ կ՛ունենայ երդումը: Իսկ երդման արարողութիւնը ձեւականութի՞ւն մըն է պարզապէս, իմաստէ դադրած ծիսակատարութի՞ւն մը: Ո՛չ ամենեւին: Եւ ճիշդ ահա այս կէտին վրայ է, որ այդ երկու բառերը` «բոլոր ուժերովս», կը զգենուն իրենց համապարփակ իմաստը:
Դաշնակցական չենք ըլլար մեր ազատ ժամանակը հանրօգուտ գործով մը լեցնելու համար: Առանց կուսակցական ըլլալու ալ այդ կարելի է ընել, ու այդպէս ալ կ՛ընեն շատեր, հայ թէ օտար:
Դաշնակցական չենք ըլլար մեր անդամասակը` ցենզը վճարելու ու նիւթական փոքրիկ մասնակցութիւն մը կաթեցնելու համար մեր հաւաքական կեանքի անյատակ տակառին մէջ: Կամ ժողովներու մասնակցելու, մանաւանդ հանդուրժելու յաճախ երկար, յաճախ նոյնիսկ տաղտկալի ժողովներ` մեր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու համար: Ոչ ալ մեզի վստահուած այս կամ այն վարչական մեծ թէ փոքր պաշտօնը կատարելու եւ զանազան աշխատանքներ ստանձնելու, նախաձեռնութիւններ իրականացնելու համար: Այդ բոլորը, այո՛, կան ու պիտի ըլլան կուսակցականի կեանքին մէջ:
Իսկ «բոլոր ուժե՞րս»: Դաշնակցականի ուխտը հասարակական կեանքին չի՛ վերաբերիր: Կամ` միա՛յն հասարակական կեանքին: Ան նաեւ մեր անձնակա՛ն կեանքին կը վերաբերի: Մենք դաշնակցական չենք ըլլար պարզապէս լոկ ակումբէն ներս կամ լոկ ժողովներու մէջ: Մանաւանդ չենք ըլլար աշխատելու համար մեր այն ընկերներուն հետ միայն, որոնց ներկայութենէն կ՛ախորժինք, կամ` գործադրելու համար կուսակցութեան այն որոշումները միայն, որոնց անձնապէս համաձայն ենք: Կուսակցական ըլլալ` կը նշանակէ ամէնէն առաջ հաւաքականութեան մը մաս կազմել: Ու այդ մաս կազմելու խոստումը կը կատարենք մեր պատիւին ու հայրենիքին վրայ երդուելով:
Մեր ուխտը մեր ամբողջ կեանքին կը վերաբերի, ակումբէն ներս թէ դուրս, պաշտօնի վրայ ըլլանք կամ ոչ: Մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի ազատագրութեան դատին ծառայելու յանձնառութիւնը ո՛չ ժամանակի սահմանափակում կը ճանչնայ, ո՛չ ալ վայրի:
Դաշնակցականը դաշնակցական է իր կեանքի իւրաքանչիւր պահուն, իր տուած իւրաքանչիւր որոշումի ատեն, այդ ըլլայ վերաբերեալ իր ասպարէզին, իր բնակութեան, իր ընտանիք կազմելուն, իր ապրելակերպին թէ անձնական որեւէ այլ հարցի:
Հարցումը, որ բոլոր այդ պարագաներուն պիտի ցցուի մեր առջեւ, ա՛յն է, թէ մեր տալիք որոշումը որքա՞ն պիտի նպաստէ մեր ուխտը կատարելուն, մեր երդումին հաւատարիմ մնալուն:
Եւ աւելցնեմ` մեզի փոխանցուած ջահը մեր կարգին մեր յաջորդներո՛ւն յանձնելուն, սկսելով ամէնէն առաջ մեր սեփական զաւակներէն:
Այո՛, հայութիւնը տակաւին պէտք ունի խենթերու` շարունակելու համար իր գոյամարտը հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի: Նման խենթեր են, որ պիտի գան ծառայելու Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: Եւ եթէ կրնան զրկուիլ իրենց արիւնը տալու հոգեկան վայելքէն, միա՛յն իրենցմէ կախում կրնայ ունենալ իրենց ապրած բովանդակ կեանքը Նպատակին նուիրաբերելու վայելքը:
Այս ըմբռնումը մեր հայրենի օրհներգին մէջ ալ կայ, ու երբ զայն երգենք «պիտ՛ մեռնի» ու «պիտ՛ զոհուի» բառերով, միշտ ի մտի ունենանք, որ այդ բառերը նաեւ կը նշանակեն բան մը եւս.
«Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ՛ ապրի,
Բայց երանի՜, որ իւր ազգի
Կեանքին պիտի ընծայուի…»:

