Ատանայի Զբօսայգիին Մէջ Հայերու Ոսկորներ Յայտնաբերուած Են

1126Adana-1Թուրքիոյ Ատանա քաղաքի (Կիլիկիա) Ինէօնիւի անուան զբօսայգիին մէջ կազի խողովակներու տեղադրման համար փորուած փոսի մը մէջ մարդկային ոսկորներ յայտնաբերուած են:

Տեսնելով ոսկորները, բանուորները դադրեցուցած են աշխատանքը` լուր տալով ոստիկանութեան: Թրքական «Ատանահապեր» լրատուական կայքի հաղորդմամբ, դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները փոսին մէջէն հանած են 2 գանկ, 1 ծնօտոսկր եւ բազմաթիւ այլ ոսկորներ, որոնք ուղարկուած են քննութեան:

Ի յայտ եկած է, որ այդտեղ 100-150 տարի առաջ եղած է հայկական գերեզմանատուն: 1960-ականներուն հայկական գերեզմանոցը քանդուած է եւ տեղը հիմնուած Է հանրապարտէզ ու կոչուած` Թուրքիոյ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահին` Իսմէթ Ինէօնիւին անունով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )