Յուշատետր. Ճամբայ Ելլելը Լաւ Է

Ռ. Հ.

Պիտի ուզեմ բացատրել, թէ որքա՛ն լաւ բան է այն, ինչ որ մենք «ճամբայ ելլել» կը կոչենք: Ճամբայ ելլել` տեղ մը երթալու համար: Անշուշտ, պիտի ըսուի, որ տեղ հասնիլը շատ աւելի կարեւոր ու բախտորոշ պիտի նկատուի, քան թէ ճամբայ ելլելը, որովհետեւ մարդիկ ճամբայ կ՛ելլեն տեղ մը երթալու, տեղ մը հասնելու համար: Այս տեսակէտով տեղ մը հասնիլը լաւ է, շատ լաւ է: Բայց անմիջապէս յիշեցնենք, թէ տեղ մը հասնելու առաջին պայմանը նախ ճամբայ ելլելն է: Եւ ճամբայ ելլելը հրաշալի է, պայմանաւ որ ճամբայ կ՛ելլես լաւ ու բարի տրամադրութեամբ, հաճոյքի համար, առանց ճնշումի ու պարտադրանքի:

Վերջին արձակուրդիս ընթացքին ես եւ կողակիցս պանդոկէն ելանք ու մեր տեղերը գրաւեցինք թաքսիի մը մէջ: Շարժավարը հարցուց.

– Ո՞ւր պիտի երթանք:

Նախ կնոջս նայեցայ, յետոյ շարժավարին պատասխանեցի.

– Չենք գիտեր:

Մարդը կարծեց, որ սխալ հասկցած էր, ետ դարձաւ ու նայեցաւ ինծի: Ես խնդացի.

– Գիտե՞ս,- ըսի,- ի՜նչ հրաշալի բան է ճամբայ ելլել` առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր պիտի երթաս: Փողոց ելլելէ վերջ հարցնել, թէ ո՞ւր երթամ, ի՞նչ ընեմ:

Շարժավարն ալ խնդաց` գլուխը շարժելով.

– Իսկապէս շատ լաւ է,- ըսաւ,- բնաւ չէի մտածած այդ մասին, բայց կեանքիս մէջ առաջին անգամ կը լսեմ:

Ա՜խ, իսկապէս գեղեցիկ է: Ստիպողութիւն չունիս սա կամ նա տեղը երթալու: Անպայման սա որոշ տեղը երթալու համար չէ, որ փողոց ելած ես: Փողոց ելած ես պարզապէս փողոց ելլելու համար: Այսքան պարզ է: Կրնաս երթալ որեւէ տեղ: Սա կը նշանակէ, որ ոչ մէկը կը սպասէ քեզ: Սա կը նշանակէ, որ որեւէ գործ չկայ քեզի սպասող: Սա կը նշանակէ, որ անմիջական աշխարհիդ մէջ կան հաճոյքներ ու տեսարժան վայրեր, որոնք կը սպասեն, որ իրենց գիւտը ընես: Վայելես զանոնք:

Բայց մարդ իր կեանքին մէջ քանի՞ անգամ կրնայ ունենալ այս բախտը, քանի՞ անգամ կրնայ ճամբայ ելլելէ վերջ ինքն իրեն հաճոյքով հարցնել, թէ ո՞ւր երթայ, ի՞նչ տեսնէ, ո՞ւր նստի: Մենք մեր կեանքին մէջ քանի՞ անգամ թաքսիի շարժավարին պատասխանած ենք, թէ չենք գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի երթանք: Մեր կեանքի գրեթէ բոլոր «ճամբայ ելլել»-ները տեղ մը երթալու համար են, նախատեսուած են որոշ հասցէներու համար: Շատ անգամ ստիպողական են: Կրնան նաեւ ըլլալ անհաճոյ: Մինչեւ իսկ տխուր: Ի՛նչ «ճամբայ ելլել»-ներ կան մարդուս կեանքին մէջ, որոնց համար կրնանք ըսել, թէ երանի թէ չըլլային: Տխուր ու անհաճոյ պարտականութեան մը համար ճամբայ ելլել կայ: Զինուորական երկարատեւ ծառայութիւն կատարելու համար ճամբայ ելլել կայ: Երկարատեւ բաժանումի մը համար ճամբայ ելլել կայ: Վտանգաւոր ճամբու մը համար ճամբայ ելլել կայ: Ճամբայ ելլել մը կայ, որ չես գիտեր, թէ պիտի տանի՞ քեզ քու երթալիք տեղը: Դեռ այսպիսի ի՛նչ անհաճոյ ճամբայ ելլելներ կան: Բայց խօսքը ասոնց մասին չէ: Խօսքը «ճամբայ ելլել»-ու սկզբունքին մասին է: Ճամբայ ելլել լաւ, առողջ, պատրաստակամ տրամադրութեամբ: Մեր կեանքը այնքան հարուստ պիտի նկատուի, որքան պիտի լեցուի «ճամբայ ելլել»-ներով: Որքա՛ն շատ, այնքան լաւ: Որովհետեւ ամէն «ճամբայ ելլել» իր մէջ կը պահէ տեղ հասնելու  հեռապատկեր մը: Ո՛չ մէկը ճամբայ կ՛ելլէ փողոցը մնալու համար: Մարդիկ ճամբայ կ՛ելլեն տեղ մը հասնելու նպատակով: Այստեղ կարեւոր է, որ ընենք սա զանազանութիւնը: Երբեմն տեղ հասնիլն է կարեւորը, կարօտալիցը, երբեմն ալ, ընդհակառա՛կը, ճամբայ ելլելն է կարեւորը, կարօտալիցը: Ոմանք եթէ տեղ հասնելու ստիպողութեամբ ճամբայ կ՛ելլեն, ոմանք ալ տեղ մը հասնիլը իբրեւ պատրուակ կը գործածեն ճամբայ ելլելու համար: Որովհետեւ ճամբայ ելլելը լաւ է: Մարդիկ պէտք է գիտնան, որ միշտ չէ՛, որ պիտի ունենան ճամբայ ելլելու հնարաւորութիւն, միշտ չէ, որ իրենց կեանքի առօրեան պիտի լեցուի «ճամբայ ելլել»-ներով: Պիտի գայ շրջան մը, երբ օրեր շարունակ առիթը պիտի չունենան «ճամբայ ելլել»-ու: Պիտի յօրանջեն, յուսահատօրէն իրենց շուրջը պիտի նային, տեղ երթալու փափաք պիտի ունենան, բայց պիտի չկարենան ճամբայ ելլել: Ճամբայ ելլելը լաւ է, բայց դիւրին պիտի չըլլայ:

Բայց մինչեւ որ հոն հասնինք, մաղթենք, որ մեր կեանքը լեցուի առողջ ու զուարթ «ճամբայ ելլել»-ներով: Ճամբայ ելլելու ու տեղ հասնելու միջեւ կարճ կամ երկար գիծ մը կայ եւ այս երկուքը իրարու կը կապուին անպայման: Բայց երբեմն որքա՛ն հաճելի ապրումներ կը շնորհուին մեզի ճամբայ ելլելու ու տեղ հասնելու գծին վրայ:

Եթէ հարցուի, թէ ո՞ր մէկը աւելի ներշնչող ու երջանկացնող է, ճամբայ ելլե՞լը, թէ՞ տեղ հասնիլը, ես անվարան պիտի պատասխանեմ, որ ճամբայ ելլելն է՛, որ աւելի հաճելի է: Ճամբայ ելլելը սկզբնակէտ մըն է, խոստում մը, երազ մը, փոփոխութիւն մը ապրելու ախորժակ մըն է, ինչ ինչ հեռապատկերներով լեցուն տեսիլք է, լաւ բաներու ակնկալութիւն է, մինչդեռ տեղ հասնիլը վերջակէտ մըն է, երազի մը իրականացումը, տեսակ մը գոհացում: Ինչ որ կը սպասէիր «ճամբայ ելլել»-ու երջանկութեամբ, ձեռք բերած ես այլեւս: Հիմա ընելիք ուրիշ բան չունիս, եթէ ոչ` մտածել յաջորդ «ճամբայ ելլել»-ուդ մասին:

Ճամբայ ելլելու յաճախակի առիթներ կը մաղթեմ ձեզի, ճամբաները միշտ բաց ըլլան ձեր առջեւ եւ այդ ճամբաները, ձեզ տեղ հասցնելէ առաջ, ձեզ անցընեն հրաշալի ու երազային վայրերէ:

 

[email protected]

Share this Article
CATEGORIES