Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը
Երէկ` կիրակի, 7 դեկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը կատարեց իր առաջին մրցումը այս տարուան Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Խաղը, որ նախապէս ծրագրուած էր շաբաթ օր, յետաձգուեցաւ կիրակի օրուան` Թրիփոլիի ճամբաներուն անապահովութեան պատճառով:
ՀՄԸՄ 71-60 արդիւնքով եւ շատ լաւ խաղ մը ներկայացնելով յաղթական դուրս եկաւ Թրիփոլիէն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ճիգ չխնայեցին, եւ խաղին մեծ մասը առանց օտարներու պայքարեցան մինչեւ վերջին վայրկեան` յաղթելու համար Մութթահետին:
Այս խաղին խորհրդանշական կէտերէն մէկը այն էր, որ անցեալ տարուան մարզիչները փոխանակած էին իրենց դերերը, եւ ՀՄԸՄ-ի նոր մարզիչը Ճօ Մժահեսն է, որ յաղթական դուրս եկաւ այս պայքարէն:
Այժմ կը ներկայացնենք խաղին մանրամասնութիւնները.
Երկու խումբերուն կէտերը ընդհանուր խաղի ընթացքին`
Առաջին 10 վայրկեան 2-րդ 3-րդ 4-րդ
Մութթահետ 12 18 33 60
ՀՄԸՄ 21 35 55 71
Խաղցողներուն արդիւնքները.
1.- Մարիօ Ապպուտ (8:48 վայրկեան, 3 Ռիպաունտ, 3 սխալ)
2.- Ռաշատ Մաքքանց (16:24 վայրկեան, 3 Ռիպաունտ, 2 փոխանցում, 5 սխալ, 18 կէտ)
3.- Սեւակ Քեթենճեան (33:43 վայրկեան, 7 Ռիպաունտ, 3 փոխանցում, 1 սխալ, 13 կէտ)
4.- Մարք Քորճեան (29:08 վայրկեան, 5 Ռիպաունտ, 1 փոխանցում, 5 սխալ, 2 կէտ)
5.- Մայքըլ Ֆրէյզըր (36:13 վայրկեան, 22 Ռիպաունտ, 2 փոխանցում, 4 սխալ, 21 կէտ)
6.- Ճիմի Սալեմ (31:44 վայրկեան, 2 Ռիպաունտ, 4 փոխանցում, 2 սխալ, 9 կէտ)
7.- Ճօ Վոկըլ (34:58 վայրկեան, 6 Ռիպաունտ, 2 փոխանցում, 4 սխալ, 8 կէտ)
8.- Րաֆֆի Խալոյեան (8:47, 1 փոխանցում, 3 սխալ)

