«Սասունի Մէջ Գիւղեր Կան, Ուր Բոլորը Հայ Են», Կ՛ըսէ Սասնայ Ծնունդ Եփրեմ Պաղը

1209_maratoug

Մարաթուկ

«Մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնե՛ն»

Սասունի հայերու միութեան անդամ Եփրեմ Պաղը ոսկերիչ է, «Bag» ոսկերչական ընկերութեան նախագահն է: Ան ծնած է Սասունի Նիճ գիւղը 1957 թուականին: 15 տարի Սասունի մէջ ապրելէ ետք, տեղափոխուած է Պոլիս: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքէջը ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը կատարած է Եփրեմ Պաղի հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սասունի մէջ հայեր շա՞տ կան:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շա՛տ, ամէն գիւղի մէջ 50-60 տուն կայ, որմէ 15-20 տունը հայ են: Սասունի մէջ գիւղեր կան, ուր բոլորը հայ են: Սակայն, յատկապէս վերջին տարիներուն շատերը տեղափոխուեցան Պոլիս, մէկ մասն ալ քրտացաւ:

Հ.- Անոնք հայերէ՞ն կը խօսին:

Պ.- Այո՛, Սասնոյ բարբառով:

Հ.- Ցեղասպանութենէն ետք ինչպէ՞ս մնացած են Սասունի մէջ:

Պ.- Անմատչելի է Սասունը, ամէն տեղ սարեր են, այդ պատճառով հայերը շատ չկոտորուեցան: Եւ իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնը ունի, կենդանի մնալու, ապրելու իր ոդիսականը: Բայց մէկ բան բոլորին համար ընդհանուր եղած է` դժուարութիւնները: Ցեղասպանութենէն ետք շատ դժուար էր Սասունի մէջ շարունակել ապրիլ:

Շատերը քիւրտ աղաները փրկած են, պահած, պաշտպանած: Հայերը լաւ արհեստաւորներ են, իսկ անոնց այդպիսի մարդիկ պէտք եղած են, այդ պատճատով ալ օգնած են, որ թաքնուին:

Մեր պապերը երեք օր իրենք իրենց համար կ՛աշխատէի՛ն, չորս օր` գիւղի քիւրտ աղաներուն: Անոնք ուրիշ ճամբայ չունէին, ուրիշ տեղ փախչելու ճար չունէին: Իրենց կեանքի գնով շարունակած են ապրիլ, մէկ մասն ալ կրօնափոխ եղած է:

1209_sas-1Հ.- Ըսիք, որ մէկ մասը կրօնափոխ եղած է, միւսները` ոչ: Հետաքրքիր է, ինչո՞ւ:

Պ.- Գործող եկեղեցի չէ եղած, որ կարենար մարդիկը միաւորել: Կրօնափոխ կ՛ըլլային նաեւ, երբ քիւրտերը մեր աղջիկները կը փախցնէին:

Երբ կեանքի ու մահուան ընտրութեան առջեւ կանգնած են, շատերը նախընտրած են կրօնափոխ ըլլալ, բայց` կենդանի մնալ: Ու ոչ մէկը կրնայ զանոնք մեղադրել:

Ու երբ այսօր անոնց կը հարցնես, թէ ձեր պապերը  հայ եղած են, քրիստոնեայ, ինչո՞ւ դուք կրօնափոխ եղաք, կ՛ըսեն, որ  արդէն վարժուած են այդ ձեւով ապրելու, թէեւ գիտեն, որ հայ են: Մէկ մասը, թէկուզ` կրօնափոխ, բայց կը պահեն իրենց հայկականութիւնը:

Օրինակ` իմ մեծ մօրս եղբօր ընտանիքը քրտացած է եւ այսօր անոր ընտանիքը մօտ 200 անդամ ունի: Անոնց մօտ, սակայն, մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնե՛ն, քիւրտերուն աղջիկ չեն տար, որ «դուրս» չերթան:

1209_sas-2Հ.- Իսկ կը շարունակե՞ն Սասունի բարբառով խօսիլ:

Պ.- Միայն մեծերը:

Հ.- 1915 թուականէն առաջ ի՞նչ եղած է ձեր մականունը:

Պ.- Շառոյեան եղած է: Բայց յետոյ դարձած ` Պաղ, որ այգի կը նշանակէ:

Հ.- «Սասուն» միութիւնը, որուն անդամն էք դուք, ե՞րբ ստեղծուած է:

Պ.-  Երեք տարի առաջ ստեղծուեցաւ, Համահայկական խաղերու ժամանակ: Միութիւնը տարբեր նպատակներ կը հետապնդէ, բարեգործական նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացնէ, հայերէնի ուսուցման դասընթացքներ կը կազմակերպէ: Բայց ամենակարեւորը` մարդիկը կը միաւորէ:

1209_Sas-3Պոլսոյ մէջ 70 հազար հայ կ՛ապրի, 20 հազարը սասունցի են: Բոլորը կապուած են իրարու, մէկը միւսը կը ճանչնայ, կ՛աջակցի:

Հ.- Ձեր մեծ ծնողներէն  ի՞նչ լսած էք:

Պ.- Մեծ մայրս կը պատմէր, որ ընտանիքի 64 անդամներէն երկուքը փրկուած են: Բոլորը սպաննուած են ու շատերուն մահը իր աչքով տեսած է: Շատ դաժան օրեր տեսած է: Այդ մասին ամէն օր կը յիշէր եւ կ՛արտասուէր:

 

Share this Article
CATEGORIES