100-Ամեակին Նուիրուած «Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն»-ի Համերգաշարը Երեւանի Մէջ Պիտի Աւարտի
Հանրայայտ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբը, ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, նախաձեռնած է «Արթնցուցէք հոգիները» անունով (Wake Up The Souls) համաշխարհային համերգաշարի, որ պիտի սկսի 2015-ի ապրիլ 10-ին, Լոնտոնի հռչակաւոր «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ, իսկ շրջագայութեան գագաթնակէտը պիտի դառնայ խումբին համերգը ապրիլ 23-ին` Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:
«Իբրեւ խումբ` մեր երազն էր ելոյթ ունենալ Հայաստանի մէջ,- ըսած է խումբի երգիչ եւ երգերու հեղինակ Սերժ Թանքեան:- Մեզի համար պատիւ է ելոյթ ունենալ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն փրկուած մեր նախահայրերու հայրենիքին մէջ»:
«Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ի այս շրջագայութիւնը արդարութեան ձայնը պիտի բարձրաձայնէ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Ռուսիոյ մէջ:
Համերգաշարին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել խումբի պաշտօնական կայքին վրայ` systemofadown.com:
Խումբին անդամները այս համերգաշարին մասին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, զոր կու տանք անջատաբար:
«Կրեմի» մրցանակին արժանացած այս խումբը ցարդ ձայնագրած է հինգ ձայնասկաւառակներ, որոնցմէ աւելի քան 31 միլիոն օրինակ ծախուած է արդէն:

