Ժամանակն Է Կոտրել Լռութիւնը. «Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն»-ի Յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
Աշխարհահռչակ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» ռոք խումբը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կազմակերպուող համաշխարհային շրջագայութենէն առաջ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման անհրաժեշտութեան, որ կարեւոր նախապայման է ապագայի ցեղասպանութիւնները կանխելու համար: Ստորեւ` յայտարարութեան ամբողջութիւնը:
20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը գործադրուած է օսմանեան թուրքերու կողմէ` հայ, յոյն եւ ասորի բնակչութեան նկատմամբ: Ոճրագործութիւնը կանխարգելելու եւ մեղաւորները պատժելու անկարողութիւնը պատճառ դարձած է մեր ժամանակներուն ցեղասպանութեան կրկնութեան:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն զանգուածային ջարդեր կատարողները չեն ենթարկուած նիւրենպերկեան տեսակի հետապնդումներու. ոչ մէկ միջազգային դատարան արդար դատավճիռ կայացուցած է մեղաւորներուն հանդէպ կամ զոհերու իրաւունքներու վերականգնման եւ փոխհատուցման ընթացակարգ չէ իրականացուցած:
Արդարադատութեան փոխարէն` Թուրքիան օգտագործած է քարիւղին հասանելիութեան իր իրաւունքները, նաեւ` աշխարհաքաղաքական ներուժը, որպէսզի արգիլէ Հայաստանի համար Վուտրօ Ուիլսընի նախատեսած տարածքային վերականգնումն ու փոխհատուցումը:
Թրքական պետութիւնը, չկրելով ամբողջ ազգ մը ոչնչացնելու պատասխանատուութիւնը, կը շարունակէ քաղել յանցագործութեան իր հարուստ պտուղները: Այդ պետութեան առաջնորդները, որոնք աշխարհի կողմէ կը խրախուսուին իրենց անգործութեան համար, այսօր կը փորձեն կիրարկել լռեցնելու քաղաքականութիւնը` արգիլելով Միացեալ Նահանգներուն եւ այլ երկիրներու կառավարութիւնները այս ոճրագործութեան մասին խօսելէ:
Առաջին ժամանակակից ցեղասպանութեան սարսափելի պատմութիւնները ողողած են «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի առաջին էջերը 1915-էն սկսեալ: Այդ ոճրագործութեան մասին Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական արձագանգը դրսեւորուած է Ամերիկեան կարմիր խաչի գործունէութենէն սկսեալ մինչեւ «Ամերիկեան մերձաւորարեւելեան նպաստամատոյց կազմակերպութեան» քայլերը, որոնք կը մատնանշեն Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութիւնը միջազգային մարդասիրութեան ոլորտին: Սակայն ցարդ աշխարհը ձախողած է ցեղասպանութեան մեղաւորները պատժելու, ինչ որ ցեղասպանութիւնները չկանխարգիլելու վտանգաւոր նախադէպ է` խրախուսելով բռնակալներու կողմէ` Հիթլերէն մինչեւ Պաշիր, զանգուածային սպանութիւններու մեթոտը որպէս իշխանութեան եւ ուժի գործիք կիրարկումը:
Գերմանական բանակը, դաշնակցելով օսմանեան Թուրքիոյ հետ եւ տեսնելով Թուրքիոյ` պատասխանատուութենէն խուսափիլը, այս կոտորածներէն սարսափելի դաս քաղած է այն առնչութեամբ, թէ ինչպէս աշխարհը պատրաստ է աչք խփելու պատերազմի պատրուակով ամբողջ ցեղի մը ծրագրաւորուած ոչնչացման: Համաշխարհային Ա. պատերազմին Ատոլֆ Հիթլեր անունով երիտասարդ գերմանացի զինուոր մը աւելի ուշ յայտարարեց` «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերուն մասին», եւ կազմակերպեց այն, ինչ որ այսօր կը կոչուի Ողջակիզում:
Մեր պատասխանն է` «Այո՛ մենք կ՛ընենք ատիկա»:
Մենք այլեւս թոյլ չենք տար բռնապետներու յանցագործութիւնները` զուգորդուած գերտէրութիւններու ագահութեան, պաշարները իւրացնելու եւ մեր պատմութիւնը գրելու վերջիններուս հետաքրքրութիւններուն հետ:
Հակառակ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագիրին եւ բազմաթիւ միջազգային մասնագիտացուած մարմիններուն, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու Կոտորածներու կանխարգիլման գործակալութեան, այս մարդածին հիւանդութիւններէն ամենավատը կը շարունակէ տարածուիլ, որովհետեւ ցեղասպանութեան տրուած աշխարհին պատասխանը կը դիտարկուի որպէս քաղաքական ընտրութիւն եւ ոչ թէ` իբրեւ բարոյական անհրաժեշտութիւն:
Պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան հարցի ճշմարտացի եւ արդար կարգաւորում` մենք կ՛ըսենք` ցեղասպանութիւնները այլեւս երբեք պիտի չկրկնուին: Մենք այլեւս երբեք կողքէն չենք հետեւիր, թէ ինչպէս մարդիկ կը սպաննուին որեւէ ցեղի, ազգի կամ կրօնական խումբի պատկանելու պատճառով, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, նացիական Եւրոպայի, Արեւելեան Թիմորի, Ռուանտայի կամ Տարֆուրի մէջ:
Թուրքիոյ մէջ արդէն կան քաջ մարդիկ, որոնք քրէական հետապնդումներու, հալածանքներու եւ անգամ բռնութեան սպառնալիքի տակ բացայայտօրէն կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցելու ատոր համար: Բազմաթիւ այլ թուրք քաղաքացիներ ալ կը կիսեն այս մարդասիրական արժէքները, սակայն դեռ չեն բարձրաձայներ ատոր մասին` վախնալով պետութենէն, որ արդէն երկար ժամանակէ կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնը, որ կրնայ ըլլալ միայն ճշմարտութեան եւ արդարութեան միջոցով: Ժամանակն է կոտրելու լռութիւնը:
Հարիւրերորդ տարելիցին յիշատակման հանդիսաւոր արարողութիւններու ծիրին մէջ կը խնդրենք` միացէք մեզի եւ Թուրքիոյ բարեգութ մարդոց ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար դիրքորոշում որդեգրելու նպատակով պահանջեցէք անոնց նախագահէն եւ խորհրդարանէն` ընդունիլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան բարոյական եւ նիւթական պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով:
Ձեր օգնութեամբ, որպէս Թուրքիոյ ժողովուրդի մարդասիրական համերաշխութեան ոգիով ձեռնարկած պատմական քայլերը, սրտացաւ կարեկցանքը եւ արդարութիւնը ոչ միայն կ’ապաքինեն մեր ցեղասպանութեան վէրքերը, այլեւ առաւել լայն իմաստով կը ներկայանան իբրեւ իրական փոխակերպող քայլ դէպի նոր հանգրուան` դարաշրջանի մը, որ զերծ պիտի ըլլայ ցեղասպանութենէ:
Շնորհակալութիւն:
«ՍԻՍԹԸՄ ԱՖ Է ՏԱՈՒՆ»

