ԱՐԱԶ ՕԶՊԻԼԻՍ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻԹՈՒԱՆԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Արազ Օզպիլիս

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համաձայն, Այաքս Ամսթերտամի մաս կազմող յառաջապահ Արազ Օզպիլիս շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ յառաջիկայ 10 օգոստոսին տեղի ունենալիք Հայաստան – Լիթուանիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին:

Օզպիլիս, որ շաբաթավերջին Ինտիփենտիենթէի (Արժանթին) դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին հեթրիք մը իրագործեց (5-1), բնականաբար իր մեծ ներդրումը պիտի ունենայ, եթէ միանայ Հայաստանի հաւաքականին: Ասիկա կը հաստատէ նաեւ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը` Վարդան Մինասեան:

Հաւաքականին մաս կազմելու թեկնածու է նաեւ Շիննիք Եարոսլաւի (Ռուսիա) մարզիկ Արթուր Սարգիսով:

 

Share this Article
CATEGORIES