ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ. ՎԱՀԱԳՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ` ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Տրապիզոնի մէջ սկսած Եւրոպայի պատանիներու ողիմպիական խաղերուն առաջին օրը, Վահագն Յովսէփեան ժիւտոյի 50 քկ դասակարգին մէջ պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հայաստանի` երրորդ դիրքի մրցումին յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Մահարամովին:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը պիտի աւարտի 30 յուլիսին:
CATEGORIES Մարզական