ՃԱՏՐԱԿ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ՀՐԱՇԱԼԻ ԽՈՒՄԲ Է» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՐԷԵՒ
Ռուսիոյ ճատրակի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եւգենի Փարէեւ` անդրադառնալով Հայաստանի ազգային հաւաքականի ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեան հանդիսանալուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Իսկապէս, Հայաստանի հաւաքականը հրաշալի խումբ մըն է, որուն անդամները կը պայքարին իւրաքանչիւր դիրքի եւ կէտի համար: Ընդհանուր առմամբ, անոնք, բացի Լեւոն Արոնեանէն, առանձին խաղատախտակներու վրայ թէեւ կը զիջէին իրենց մրցակիցներէն, սակայն գործնականին մէջ անոնց յաղթելը շատ դժուար էր: Հայաստանի հաւաքականին պայքարելու ձիրքը եւ ինքնավստահութիւնը մեծ տպաւորութիւն կը ձգէր բոլորին վրայ: Եզրափակելով ըսեմ, որ թէեւ բազմաթիւ մրցումներու Հայաստան վերջին պահերուն առաւելութեան հասաւ իր մրցակիցներուն վրայ, սակայն տիտղոսին տիրանալով փաստեց, որ ինք ախոյեանութեան տիտղոսին արժանի է»:
CATEGORIES Մարզական