ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՌԱՖԻԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ռաֆիկ Մանուկեան

Պուքրէշի մէջ (Ռումանիա) սկսած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան առաջին օրը Հայաստանի համար եղաւ յաջող օր մը` նկատի ունենալով, որ հայրենի ըմբիշ Ռաֆիկ Մանուկեան 74 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երբ աւարտական մրցումին 0-2, 3-0 եւ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Զուրապ Տութանիշվիլիին: Նշենք, որ քառորդ աւարտականին կատարած իր մրցումին, Մանուկեան յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Իսմայիլ Քոչասլանի:

Հայաստան տիրացաւ այլ մետալի մըն ալ (պրոնզ)` շնորհիւ Ռուտիկ Մկրտչեանի, որ 50 քկ դասակարգին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES