ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ` ԵՐԳՈՎ ՈՒ ԴԱՇՆԱԿՈՎ

Մեր գրականութեան սիրահարներուն համար գագաթնային գրականութիւն կը նկատուի Դանիէլ Վարուժանի վերջին ու կիսաւարտ նկատուած «Հացին երգը» բանաստեղծական հաւաքածոն: Անզուգական բանաստեղծը իր ամբողջ տաղանդն ու հայոց լեզուի բառապաշարը զօրակոչի ենթարկած է երգելու համար հացին երգը, մշակի քրտինքով կատարուած առաջին ցանքէն մինչեւ տաք հացին բուրմունքը: Գրասէրներու համար անյագուրդ հաճոյք է կարդալ այս բանաստեղծութիւններէն մէկը կամ միւսը, ոմանք ինքնին արդէն շատ նշանաւոր դարձած, ինչպէս` «Անդաստան»ը, որ շարքին վերջին բանաստեղծութիւնն է:

«Հացին երգը» մինչեւ հիմա միայն բանաստեղծութեամբ երգուած երգ էր, բայց հիմա այդ երգը դարձաւ նաեւ իրական երգ` ձայնով ու երաժշտութեամբ: «Գոհար» նշանաւոր պարախումբի ու երգչախումբի ղեկավար, երաժշտական մեծ վարպետ Սեպուհ Աբգարեանին կը պարտինք բանաստեղծութենէ դէպի երաժշտութիւն այս անցքը: Սեպուհ Աբգարեան 2009 թուականին Երեւանի մէջ տպեց ու գրասէր-երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ «Հացին երգը» հաւաքածոյի երեսուն բանաստեղծութիւններուն վրայ գրուած երեսուն երգ, բոլորն ալ` իր յօրինումները:

Երգերու շարքը կը սկսի «Մուսային»ով, կ՛անցնի արտերու ու ցորեաններու դաշտերուն, գարնան անձրեւներու ու հասուն արտերու մէջէն եւ կը վերջանայ «Անդաստան»ով, որուն վերջին տողն է «Սիրերգութիւն թող ըլլայ»: Եւ ասիկա իրաւ սիրերգութիւն է: Թէեւ, երաժշտական նոթաները կարդալ չգիտնալու պատճառով, մենք ի վիճակի չենք մէկ նայելով անձնապէս իմանալու երգերուն որակն ու տեսակը, կամ` երեւակայութեան ճամբով մեր ականջներուն մէջ հնչեցնելու նոյնինքն երգը, բայց անոնց նայելով իսկ կրնանք ենթադրել, որ «Գոհար» երգչախումբին հետ երաժշտական գագաթնային բարձունքներ ստեղծող այս սիրելի մարդը` Սեպուհ Աբգարեանը կրցած է տալ Դանիէլ Վարուժանին ու սուրբ հացին իրաւունքը:

Սեպուհ Աբգարեան այս երգերուն մէկ մասը գրած է միայն դաշնակի ընկերակցութեան համար, մէկ մասը գրած է սոփրանօ, ալթօ, թենոր ու պաս` չորս ձայնի համար, մէկ մասն ալ` երկու թենորի ու մէկ պասի համար: Տրուած ըլլալով, որ այս թանկարժէք յօրինումներու հաւաքածոյին տպագրութեան թուականին վրայէն աւելի քան մէկ տարի անցած է, չենք գիտեր, թէ անոնցմէ ոմանք գործադրուա՞ծ են մինչեւ այսօր, բայց ո՜վ գիտէ երաժշտական ի՜նչ հետաքրքրական ու հաճելի խնճոյք մը կ՛ըլլար,  եթէ անոնց ամբողջական կամ մասնակի մէկ գործադրութիւնը իրականանար մեր անմիջական շրջանակին մէջ եւս:

Գիտենք անշուշտ, որ «Հացին երգը» հաւաքածոն Աբգարեանի առաջին յօրինումը չէ: Ան հեղինակ է արդէն բազմաթիւ երաժշտական ստեղծագործութիւններու, ինչպէս` խմբերգ, սենեակի երաժշտութիւն, օրաթորիօ, քանթաթ, սիմֆոնիք ստեղծագործութիւն: Աբգարեան ունի նաեւ երաժշտական երգիծանուագներ: Իր բազմաթիւ ստեղծագործութիւնները արդէն մեկնաբանուած են Փարիզի, Պէյրութի, Ամերիկայի մէջ: Մրցանակներ ալ շահած է: Բայց Սեպուհ Աբգարեանը  հայ երաժշտասէրները միշտ կը ցնցէ «Գոհար» երգչախումբի համերգներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արուեստի դէպք է: Այս կարգէն, երեւանցիները դեռ չեն մոռցած վերջին այն համերգը, որ սարքուեցաւ Երեւանի օփերային առջեւ, բացօթեայ, արտակարգօրէն բարձր գեղարուեստական որակով:

Մենք Սեպուհ Աբգարեանը առաջին անգամ ճանչցանք Երեւանի մէջ, Արամ Խաչատուրեանի տուն թանգարանին մէջ սարքուած երգչախումբի կարճ համերգի մը առիթով: Գիւմրիի «Գոհար» երգչախումբը հրաշք մը իրագործած էր այդ օր, եւ մենք մեր շուրջիններուն հարց տուած էինք, թէ ո՞վ էր այս Սեպուհ Աբգարեանը:

Ի՜նչ լաւ էր, որ անկէ վերջ մենք այս հրաշագործ խմբավարը վայելեցինք մեր քաղաքին մէջ ալ, երբ «Գոհար» երգչախումբին ու պարախումբին հետ եկաւ մեր քաղաքը ու հոս ալ սարքեց անմոռանալի համերգ մը:

Սեպուհ Աբգարեան ծնած է Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքը, բայց այսօր կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Երանի թէ հոս` մեր բեմերուն վրայ ալ շուտով հնչեն «Հացին երգը» հաւաքածոյէն մեզի հասնող հացին երգերը: Վստահ ենք, որ այդ երգերուն մէջէն մեզի պիտի հասնին հացին բուրմունքին հետ միասին նաեւ հայ երաժշտութեան ամէնէն տոհմաշունչ շեշտերն ու ձայները:

Կը շնորհաւորենք Սեպուհ Աբգարեանը եւ, քիչ մը ուշացած ալ ըլլանք, իրեն կը մաղթենք արեւոտ օրեր ու արեւոտ նոր երգեր:

ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

«Մարմարա»
ՊՈԼԻՍ

Share this Article
CATEGORIES