ՌԱՍԻՆԿԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Շաբաթ, 30 յուլիս 2011-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նստավայրը այցելեց Ռասինկ ֆութպոլի ակումբի նախագահ Ժորժ Ֆարահ` ընկերակցութեամբ ակումբի պատուիրակութեան:
Խօսակցութիւնները ընթացան ֆութպոլը յուզող հարցերու շուրջ: Շեշտը դրուեցաւ յառաջիկային ֆութպոլի մարզին մէջ միասնաբար գործակցելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Անոնք շնորհաւորեցին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նոր մարզադաշտը եւ Աքատեմին` մաղթելով, որ ՀՄԸՄ վերադառնայ իր արժանավայել տեղը` լիբանանեան ֆութպոլի աշխարհին մէջ:
CATEGORIES Մարզական