50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)
ՆՇԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
ԴԺՈԽՔԻ ՄԱՍԻՆ
Ամերիկացի գիտնականներ հետամուտ են երկրին կեդրոնը գտնուող դժոխքը երեւան հանելու:
Կը փափաքին Խաղաղական ովկիանոսին յատակէն ծակ մը բանալ` հասնելու համար երկրագունդին միջուկին, ուր կան գեհենային հուրեր:
Ամերիկացիները վարպետ են թէ՛ ծակեր բանալու, թէ՛ ծակեր գոցելու գործերուն մէջ:
Հաւանաբար պիտի կրնան ծակել երկիրն ալ` հասկնալու համար, որ մեր մոլորակին փորին մէջ ինչե՜ր կան պահուած: Պիտի հասկնան երկրին տարիքը, ինչպէս նաեւ` ներսէն տալիքը: Երկրագունդին արգանդին մէջ թաքնուած գաղտնիքներուն պիտի տեղեկանան:
Թէեւ երկիրը արդէն ծածկուած է հազարաւոր տեղերէ` հանելու համար քար, հանքածուխ, քարիւղ, ոսկի, ադամանդ, պղինձ եւ այլն, սակայն այդ ծակերը մակերեսային ու մանր բաներ են` բաղդատմամբ բացուելիք ծաւալուն ծակին, որուն լայնքին ու երկայնքին չափով դրամ պիտի ծախսուի:
Ինչե՜ր պիտի պատահին ծակէն հեռու եւ ծակին մէջ…
Նախ բացուելիք ծակը պատճառ պիտի ըլլայ, որ ծակերը նորաձեւութեան կարգ անցնին:
Ոմանք կը վախնան, որ երկրին որովայնին մէջ գտնուող գեհենը դուրս խուժէ ու աշխարհի մակերեսը ողողէ:
Ուրիշներ ալ կը կարծեն, որ բացուելիք ծակին պատճառով ովկիանոսին ջուրերը այդ անցքէն ներս խուժեն ու մարեն դժոխքին կրակները:
Դժոխաբնակները, որոնք վարժուած են զարհուրելի ջերմութեան, կրնան պաղ առնել ովկիանոսին ջուրերէն ու հարբուխ ըլլալ: Կրնայ նաեւ կրիփի համաճարակ մը ծագիլ այնտեղ, ու դեղ ու դարման կը պակսի, թէեւ բժիշկներ շատ գացած են դժոխք: Վերջ ի վերջոյ, նոր տանջանք մը աւելցնելու չէ տարաբախտ դժոխաբնակներուն վրայ, որոնց չարչարանքները չափազանց շատ են արդէն:
Բայց ամէնէն աւելի մարդիկ մտածելու են երկրագունդին վրէժխնդրութեան մասին, սոսկալու են:
Ցարդ երկրագունդը շատ չարչարուած է ագահ, անյագ եւ դաժան մարդոց ձեռքէն: Մեր մոլորակը մեծ Մարտիրոսն է:
Երկրագունդը բազմաթիւ վէրքեր ստացած է մարդոցմէ, հիմա պիտի ընդունի խորունկ վէրք մը: Մարդոց` երկրագունդին պատճառած վէրքերը բացուած վիհերն են, այսինքն` հանքերը: Չմոռնանք նաեւ երկրին մարմնին վրայ ալ բացուած վէրքերը, որոնք ջրանցքներն են ու փապուղիները:
Երկրագունդը իրական Մեծ Խուլ ու Համրն է, որ թէեւ չունի բերան, բայց բարկութիւն ունի:
Երկրագունդին փորը բանալը վիրաբուժական գործողութիւն մըն է, որուն բնաւ պէտք չունի, քանի որ ո՛չ կեղի, ոչ ալ քաղցկեղի տէր է: Ու կրնայ այդ անտեղի վիրաբուժական գործողութեան ընթացքին, ա՛լ համբերութիւնը սպառած, գոռալ ու շարժիլ ու պատճառ դառնալ քաթալիզմի:
Մարդիկ չափը պէտք չէ անցընեն, երբ մէկու մը գլխուն վրայ ու փորին մէջ խաղեր կը սարքեն:
Մինչեւ հիմա հսկայ համբերողը եղած է երկրագունդը: Բայց համբերութիւնն ալ կը նմանի հանքի: Օր մը կրնայ սպառիլ:
Ոեւէ մէկուն համբերութիւնը հատցնելու չէ, մանաւանդ երբ խնդիրը ծակ բանալու կը վերաբերի:
Ն. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ