ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ԾԱՌԱՆ. ՏՈՔԹ. ՍՈՆԱ ԵՂԲԱՅՐԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հալէպահայ նօսրացող գաղութին մէջ, ուր օր ըստ օրէ առաւել կը շեշտուի ու ծանր կը կշռէ կարիքը` անձնուրաց, ծառայասէր, գաղութին հոգերով մտահոգուած անձերու, անողոք հիւանդութիւնը եւ չար բախտը մեզմէ առյաւէտ կը խլէ օրինակելի, նուիրեալ ու վաստակաւոր ազգային գործիչ մը` մեր բոլորին սիրելի տոքթ. Սոնա Եղբայրեանը:
Ան իր աշխարհիկ կեանքի ամբողջ ընթացքին եղաւ համակ ծառայող մը` Կրթասիրաց մշակութային միութեան, ինչպէս նաեւ Կրթասիրաց Ս. Չեմպերճեան երկրորդական վարժարանի վերելքին նպաստող, եւ այս բոլորին զուգահեռ, դժուարութիւնները դիմակալող զոհաբեր անձնաւորութիւն մը:
Ան երկարատեւ (երեք տասնամեակներ եւ աւելի) տարիներու վրայ երկարող իր գործունէութեան շրջանին, համերաշխօրէն, իր գործակից ընկերներուն հետ, ե՛ւ խնամակալութեան, ե՛ւ հոգաբարձութեան մէջ, ձեռնհասօրէն վարեց զանազան պաշտօններ` իր կեանքի լաւագոյն տարիները նուիրաբերելով հայ դպրոցի զոհասեղանին, հասցնելով դպրոցը իր այսօրուան փայլուն մակարդակին:
Սիրելի օրդ. Սոնա`
Դուն ունեցար գիտական բարձր կոչում եւ զարգացում եւ անոնք ի սպաս դրիր հայ ազգային կառոյցներուն, որուն համար մեր սրտագին յարգանքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնենք քու վաստակիդ:
Տակաւին շատ բան ունէիր ըսելիք եւ տալիք սիրելի դպրոցիդ, միութեանդ եւ շրջանակիդ: Սակայն նախախնամութիւնը ճակատագրական խաղով մը բաժնեց քեզ մեզմէ:
Ուստի խնամակալութեան, հոգաբարձութեան ամբողջ կազմին եւ վարժարանիս տնօրէնութեան անունով կու գանք այսօր մեր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու: Մեզմէ բաժանումդ վաղաժամ եղաւ, տակաւին մեծ կարիքը ունէինք տարիներու կուտակած փորձառութեանդ:
Թէեւ անշունչ մարմինդ հողին յանձնեցինք, սակայն վստահ եղիր, որ թարմ յիշատակդ ու զոհաբեր հոգիդ պիտի ապրին մեր մէջ, եւ եռանդդ պիտի վարակէ նաեւ մեզ` շարունակելու քու ուղիովդ:
Հողը թեթեւ գայ… օրդ. Սոնա:
Յիշատակն արդարոց եղիցի օրհնութեամբ:
ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԻ ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ