ԼՈՒՐԵՐ` ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻ յետսապահ Կապրիել Միլիթօ իր ակումբը` Պարսելոնան լքելով, վերադարձաւ իր առաջին ակումբին` Ինտիփենտիենթէի:
30 տարեկան Միլիթօ, որ «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքէն ետք մնացած էր Պուէնոս Այրես, Պարսայի հետ իր պայմանագրութիւնը տարի մը առաջ խզեց:
2007-ին Պարսելոնայի միացած Միլիթօ, որ մաս կազմած է նաեւ Ռէալ Սարակոսայի, 42 անգամ կրած է Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի շապիկը:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ մաս կազմող միջնապահ Սերճիօ Քանալես յառաջիկայ երկու տարեշրջաններուն համար փոխ տրուեցաւ Վալենսիայի:
Սպանիոյ 20 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին մաս կազմող 20 տարեկան Քանալես չյաջողեցաւ Ռէալի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուիլ:
ՉԵԼՍԻԻ կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր կազմին միացուց Պարսելոնայի սպանացի երիտասարդ միջնապահ Օրիոլ Ռոմէոն (19 տարեկան): Ան չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան ակումբին հետ:
Նշենք, որ Ռոմէօ իր նոր ակումբին` Չելսիի պիտի միանայ 20 օգոստոսէն ետք, երբ աւարտի 20 տարեկանէն վար կրտսերներու Մոնտիալը, որ տեղի կ՛ունենայ Քոլոմպիոյ մէջ:
ՆԱԽՈՐԴ տարեշրջանի աւարտին, Անգլիոյ Ա. դասակարգէն Փրեմիեր լիկ բարձրացած Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ իր կազմին միացուց յառաջապահ Տի. Ճէյ. Քեմպըլը` Ա. դասակարգ փոխադրուած Պլեքփուլէն:
29 տարեկան Քեմպըլ, որուն նոր կազմը 1996-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը վերադառնայ Փրեմիեր լիկ, 2011-2012 տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 13 օգոստոսին` Պոլթընի դէմ: