ԷՐՏՈՂԱՆ ԱԿԱՄԱՅ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի նախագահին դէմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թ. Էրտողանի կողմէ  բարձրացուած աղմուկը նպաստեց Թուրքիայէն հայկական հողային պահանջները միջազգային հանրութեան ներկայացնելուն:

Խեղաթիւրելով եւ չափազանցելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի` յուլիս 23-ին Ծաղկաձորի մէջ խումբ մը աշակերտներու հարցումներուն տրուած պատասխանները` Էրտողանը «մրջիւնէն փիղ սարքեց»: Ամէն ոք, որ կը կարդայ Հայաստանի նախագահին իսկական բառերը, հազիւ թէ հաւատայ, որ անոնք կրնային պատճառ ըլլալ Էրտողանի բերանին փրփրելուն:

Արարատի մարզի Շահումեանի անուան միջնակարգ դպրոցէն Գրիգոր Համբարձումեանը հարցուց նախագահ Սարգսեանին. «® Ինձ հետաքրքրում է` մեզ սպասո՞ւմ է ապագայ, որը յիշեցնելու է Պաթումի պայմանագիրը, որի ժամանակ մի գերմանացի դիւանագէտի վկայութեամբ` մեզ Սեւանում լողալու տեղ թողեցին, սակայն չորանալու տեղ չթողեցին, թէ՞ ապագայ, որը մեզ կը վերադարձնի Արեւմտեան Հայաստանը` Արարատով հանդերձ»:

Նախագահ Սարգսեանը հանգիստ պատասխանեց. «Այդ ամբողջը կախուած է քեզնից եւ քո սերնդից: Իմ սերունդը, կարծում եմ, իր առջեւ դրած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90-ական թուականների սկզբներին անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներից մէկը` Ղարաբաղը, պաշտպանել թշնամիներից, մենք կարողացանք դա անել® Ուզում եմ ասել, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնն ունի, եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է կարողանայ կատարել ու` լաւ կատարել: Եթէ դու եւ քո հայրենակիցները ջանք ու եռանդ չխնայէք, եթէ ձեզնից աւագներն ու ձեզնից կրտսերները ձեզ նման վարուեն, մենք ունենալու ենք աշխարհի լաւագոյն երկրներից մէկը: Հաւատա՛, որ շատ դէպքերում` հողի չափերով չէ երկրի կշիռը որոշւում. երկիրը պէտք է լինի ժամանակակից, երկիրը պէտք է լինի անվտանգ, լինի բարեկեցիկ, եւ սրանք այն պայմաններն են, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս ցանկացած ժողովրդի` նստել աշխարհի յայտնի, ուժեղ, ճանաչուած ժողովուրդների կողքին: Բոլորս մեր պարտքը պէտք է կատարենք, բոլորս պէտք է լինենք գործունեայ, պէտք է լինենք աշխատասէր, կարողանանք բարիք ստեղծել: Իսկ մենք դրան կարող ենք հասնել, շատ հանգիստ կարող ենք հասնել, եւ մէկ անգամ չէ, որ պատմութեան ընթացքում հասել ենք դրան: Ես դրանում չեմ կասկածում եւ ուզում եմ, որպէսզի դու էլ չկասկածես: Մենք մի ժողովուրդ ենք, որ, այո՛, փիւնիկի պէս միշտ յառնում ենք»:

Նախագահին եւ երիտասարդ աշակերտի մը միջեւ այս պարզ զրոյցը հունէն հանեց Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները: Երկու երկիրներուն լրագրողները կը փորձէին մէկը միւսը գերազանցել իրենց ջղագրգիռ յարձակումներով Հայաստանի վրայ` մեղադրելով նախագահ Սարգսեանը «Արարատ լեռը եւ Արեւելեան Թուրքիան գրաւելու հարցով հայ երիտասարդները դրդելուն համար»: Վիրաւորական արտայայտութիւններ տեղացին Հայաստանի նախագահին վրայ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի, փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչի, նախարար Էկեմեն Պաղըշի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ: Ամբոխները հրահրելու նպատակով Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին հրկիզուեցաւ նախագահ Սարգսեանի պատկերը:

Ապշեցուցիչ էր այն, որ Էրտողան համարձակութիւն ունեցաւ նախագահ Սարգսեանէն ներողութիւն պահանջելու: Ներկայիս Իսրայէլի, Գերմանիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներէն ներողութիւն պահանջելու հարցով Թուրքիոյ վարչապետը կը պարտուի 3-0 արդիւնքով: Էրտողան պէտք չէ շունչը պահած սպասէ Հայաստանի ներողութիւն խնդրելուն: Նախքան այսպիսի անտրամաբանական պահանջ ներկայացնելը` Թուրքիոյ ղեկավարները պէտք է նախ ներողութիւն խնդրեն Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու ոճիրին համար եւ վերադարձնեն հայկական գրաւուած բոլոր տարածքները, ներառեալ` Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արարատ լեռը, ինչպէս առաջարկեց հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ յարգանքի արժանի այս խորագիտակ ուսանողը, որ պէտք է օրինակ ծառայէ երիտասարդ սերունդին համար:

Ի՞նչն էր թուրքերուն եւ ազրպէյճանցիներուն զայրոյթին իսկական պատճառը: Արդեօք Էրտողանի թարգմանի՞չն էր վատը, թէ պարզապէս` իր մտադրութիւնները: Հաւանաբար վերջին տարբերակն է: Ան իր յիմար խօսքերը յայտնեց անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ` կանգնած նախագահ Ալիեւի կողքին: Էրտողան հաւանաբար կ՛ուզէր տպաւորել իր «կրտսեր եղբայրը» իր հակահայկական մոլուցքով եւ միջազգային հանրութեան կեղծ պատճառաբանութիւններ ներկայացնելով` հայ-թրքական արձանագրութիւններու հարցով իր խոստումը չպահելուն եւ Հայաստանի հետ սահմանը չբանալուն համար: Թերեւս ան կը փորձէր չափազանց կոշտ ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի ոեւէ պաշտօնատար անձ այլեւս չակնարկէ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներուն:

Այս դրուագը կը վկայէ, որ Հայաստանին պարտուողական արձանագրութիւններ պարտադրելու միջոցով պատմական անարդարութիւնները թաքցնելը վերջ չի դներ զոհ դարձած ժողովուրդի արդարացի պահանջներուն: Հայ-թրքական հակամարտութիւնը չի կարգաւորուիր, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ վերականգնած հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Արդարութիւն հայցելը բոլո՛ր հայերուն` ներկայի եւ գալիք սերունդներուն խնդիրն է: Խաղաղութիւն պիտի չըլլայ Թուրքիոյ համար` առանց հայերուն նկատմամբ արդարութեան:

Այս տպաւորիչ ուսանողին եւ նախագահ Սարգսեանին երախտապարտ ըլլալէ բացի, հայերը պէտք է նաեւ շնորհակալ ըլլան վարչապետ Էրտողանին` իր ջղագրգիռ եւ սուր արձագանգին համար, որ օգնեց հրաւիրելու միջազգային մամուլի եւ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը` հայկական տարածքային պահանջներուն վրայ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES