50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 օգոստոս 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԵՐԵՒԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւան-Մոսկուա օդային ճամբուն տեւողութիւնը կրճատած է` 3,5 ժամ, շնորհիւ արդիական մեծ օդանաւերու սպասարկութեան:

Հայաստանի թերթերէն կը տեղեկանանք, թէ օդանաւերը մեծ օգտակարութիւն կ՛ունենան նաեւ գիւղատնտեսութեան մէջ: Արդարեւ, օդանաւերու միջոցով կ՛ոչնչացուին գիւղատնտեսութեան վնասող միջատները եւ մանրէները, ծուխի ծածկոցներ կը տարածեն ցրտահարութեան վտանգի պարագային եւ այլն:

Միւս կողմէ, ներկայիս կանոնաւոր երթեւեկութիւն գոյութիւն ունի Երեւանի եւ Խ. Միութեան բազմաթիւ քաղաքներու միջեւ: Ատկէ զատ, ապրանքատար օդանաւեր ամէն օր Երեւանէն դէպի Միջին Ասիոյ երկիրները, Ուքրանիա, Ծայրագոյն Արեւելք, Ուրալ, Մոսկուա, Լենինկրատ եւ այլ վայրեր կը փոխադրեն Հայաստանի զանազան ապրանքները, մանաւանդ` պտուղները:

ՆՈՐ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ

Լոյս տեսաւ Հայաստանի բնութեան պահպանութեան ընկերութեան պաշտօնաթերթ «Հայաստանի բնութիւն» պարբերականին անդրանիկ թիւը:

Պարբերականին նպատակը պիտի ըլլայ ծանօթացնել հայրենի բնութիւնը եւ անոր հարստութիւնները: Հոն պիտի լուսաբանուին անտառային տնտեսութեան, ծաղկաբուծութեան, կենդանական աշխարհի վերաբերեալ հարցեր:

Պարբերականը լոյս պիտի տեսնէ տարին չորս անգամ:

ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի դիւանը քննած է Երեւան, Լենինական եւ Կիրովական քաղաքներու մէջ երեւան ելած գայթակղութիւնը` բնակարաններու վերաբերեալ:

Հակառակ բնակելի տուներու սուր տագնապին եւ խախտելով պաշտօնական մարմիններու որոշումները` բնակարան յատկացնել ասոր պակասը զգացողներուն, նոր բնակարաններ յատկացուած են մեծ թիւով այնպիսի անձերու, որոնք արդէն յարմարաւէտ սեփական տունի կամ յարկաբաժինի տէր են: Դեռ աւելի՛ն, «Երեւանի ճնշող մեքենաներու (քոմփրեսէօր) գործարանին բաշխած բնակելի տարածութեան 70 տոկոսը օգտագործուած է ղեկավար աշխատողներու բնակարանային պայմաններու բարելաւումին համար», կը գրէ «Սովետական Հայաստան», իր յուլիս 16 թիւով:

ԹԻՖԼԻՍԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ

«Վարդանանք» թատերախաղով յուլիս 15-ին Կիրովականի մէջ ներկայացումներու իր շարքը սկսաւ հայկական թատրոնը: Յաջորդաբար ներկայացուց հայ, վրացի եւ ռուս թատերագիրներու գործերէն թատերախաղեր:

Գ. ԶՕՀՐԱՊԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ

Հայաստանի վերջին թղթաբերէն կ՛իմանանք, որ յուլիսի վերջերուն նշուած է Գ. Զօհրապի ծննդեան հարիւրամեակը: Այս առնչութեամբ կազմուած էր յոբելենական յանձնախումբ մը` բաղկացած ծանօթ գրագէտներէ եւ մտաւորականներէ:

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Կեսարիայէն ղրկուած 31 յուլիս թուակիր նամակի մը համաձայն, յուլիս 30-ին, Գարեգին պատրիարքի մահուան քառասունքին առիթով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ  կատարուած են` ի ներկայութեան հաւատացեալ խուռն բազմութեան մը: Պատարագած եւ քարոզած է Հայկազուն քհնյ. Կարապետեան:

Պողազլեանէն եւ շրջակայ այլ գիւղերէ մեծ թիւով հայեր եկած եւ մասնակցած են արարողութեանց:

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Թրիփոլիէն կը գրեն մեզի.-

Ազգային առաջնորդարանէն եկած հրահանգին համաձայն, Պոլսոյ հանգուցեալ պատրիարք Գարեգին պատրիարքի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն կատարուեցաւ 30 յուլիս 1961, Ազգային վարժարանի սրահին մէջ:

Կատարուեցաւ նաեւ աղօթք եւ մաղթանք` Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ անոր նուիրապետական աթոռներուն հաստատութեան համար:

Մասնաւոր քարոզ խօսուեցաւ պատրիարքին կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող:

Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Թրիփոլիի հայոց հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Յովհաննէսեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԸ ԱՐԿԱԾԻ ԶՈՀ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

3 օգոստոս թուակիր թրքական թերթերը կը գրեն, թէ լիբանանեան ինքնաշարժ մը Ատանա-Անգարա ճամբուն վրայ ընդհարեցաւ բեռնատարի մը: Լիբանանահայ Գրիգոր Քափճեան, որ կը վարէր կառքը, իսկոյն մեռած է:

Կառքէն, կը գրեն թերթերը, որ ջախջախուած էր եւ բազմոցը պատռած, թրքական թղթադրամներ թափեցան եւ պողպատէ տուփ մը գտնուեցաւ, որուն մէջ 645,440 հնչուն ոսկի կար:

Share this Article
CATEGORIES