ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ՏԱՐԻՔԻ ԲԵՐՄԱՄԲ ԿԾԿՈՒԻԼԸ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ Է ՄԻԱՅՆ ՄԱՐԴՈՑ
Յուլիսի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ տարիքի յառաջացումով, մարդկային ուղեղը կը սկսի կծկուիլ, ինչ որ նոյնը չէ պարագան շեմբանզէներուն:
Այսուհանդերձ, մասնագէտներուն կատարած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ մարդիկ շատ աւելի հակամէտ են տարիքի հետ առնչուած հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգին, քան` շեմբանզէները` նկատի ունենալով, որ մարդիկ համեմատաբար աւելի երկարակեաց են:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ որքան մարդոց տարիքը յառաջանայ, այնքան աւելի կը թեթեւնայ ուղեղին ծանրութիւնը: Այսուհանդերձ, ութսուն տարեկանին մարդկային ուղեղը կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր սկզբնական ծանրութեան մօտաւորապէս տասնհինգ առ հարիւր համեմատութիւնը: Իսկ տարիքի յառաջացման հետ առնչուած ուղեղի մթագնումէ (օրինակ` ալցայմըրէ) տառապող մարդոց ուղեղը շատ աւելի հակամէտ է ուշագրաւ տարողութեամբ կծկուելու վտանգին:
Ուղեղին ծանրութեան նուազիլը առնչուած է անոր ջիղերու բջիջներուն կերտուածքներուն վնասուած տարողութեան հետ: Նման երեւոյթ մը կը նուազեցնէ մտածումներն ու յիշողութիւնը համակարգելու, ինչպէս նաեւ մարմնին շարժումները հակակշռելու ուղեղին ունեցած կարողութիւնները:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ ուղեղին կարգ մը բաժինները շատ աւելի հակամէտ են կծկուելու վտանգին: Այսպէս, օրինակ, անոր բանականութեան հետ առնչուած բաժինները շատ աւելի կը կծկուին, քան` մարմնին շարժումները հակակշռող բաժինները:
ՑՄԱՀ ԲԱԶՄԱՆԱԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ`
ՇԵՄԲԱՆԶԷՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ
Ցարդ մասնագէտները չեն կրցած ամբողջութեամբ հասկնալ, թէ ճիշդ ի՛նչն է պատճառը տարիքի բերմամբ ուղեղին շարունակ կծկուելու գործընթացին:
Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները գտած են, թէ կապիկներուն ուղեղը չի կծկուիր տարիքի բերմամբ, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ ուղեղին ծանրութեան նուազումը միայն մարդկային ուղեղին յատուկ եղող երեւոյթ մըն է:
Այսուհանդերձ, մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են 22 – 88 տարեկան աւելի քան ութսուն առողջ մարդիկ, ինչպէս նաեւ նոյնքան թիւով շեմբանզէներ: Նշեալ մարդոց ու շեմբանզէներուն ուղեղին մագնիսական հնչեղութեամբ բանող սարքերով ձեռք ձգուած նկարներուն բաղդատականը ցոյց տուած է, թէ շեմբանզէներուն ուղեղը չէ կծկուած տարիքի բերմամբ:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող ջղաբաններն ու մարդաբանները յայտնած են, թէ շեմբանզէներն ու մարդիկը իրարմէ բաժնող 5 – 8 միլիոն տարուան եղափոխական պատմութիւնը ուշագրաւ տարբերութիւն յառաջացուցած է անոնց ծերանալու գործընթացին մէջ:
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մարդաբան Չեթ Շերուուտ ըսած է, թէ մարդիկ կապիկներէն աւելի երկարակեաց են: Միւս կողմէ, սակայն, ան նշած է, թէ մարդիկ ընդհանրապէս իրենց յառաջացած տարիքին անկարող են բազմանալու, մինչդեռ կապիկները կարողութիւնը ունին մինչեւ մահ բազմանալու:
Պէտք է նշել նաեւ, թէ մարդկային ուղեղը երեք անգամ աւելի մեծ է շեմբանզէներուն ուղեղէն:
Ամերիկացի այլ մասնագէտ մը` տոքթ. Թոմ Փրուս ըսած է, թէ նորագոյն ուսումնասիրութիւնը յստակօրէն ապացուցած է, թէ մարդկային ուղեղին տարեց դառնալու հանգրուանները բաւական տարբեր են տարբեր տեսակի անասուններու ուղեղին տարեց դարձած հանգրուաններէն: Միւս կողմէ, սակայն, ան նշած է, թէ այդ տարբերութիւնները կը մղեն, որպէսզի մասնագէտներ ուսումնասիրեն մարդոց մօտ տարիքի բերմամբ յառաջացած հիւանդութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ` որոշ չափով բացատրեն, թէ ինչո՛ւ մարդիկ անասուններէն աւելի կը տառապին այդ հիւանդութիւններէն:
ԱՐՋԵՐՈՒՆ ԼԵՂՈՒՑԻՆ ՊԱՐՈՒՆԱԿԱԾ ՄԱՂՁԻՆ ՄԷԿ
ԲԱՂԿԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿՐՆԱՅ ՆՊԱՍՏԵԼ ՍՐՏԻ ԿԱԹՈՒԱԾ
ԱՆՑՈՒՑԱԾ ՄԱՐԴՈՑ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ
Օգոստոսի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ արջերուն լեղուցին պարունակած մաղձին բաղկացուցիչ թթուներէն մէկը կրնայ նպաստել սրտի կաթուած անցուցած կարգ մը մարդոց ապաքինման գործընթացին:
Նշեալ թթուին բաղկացուցիչներով պատրաստուած նիւթեր արդէն իսկ կը գործածուին քոլեսթերոլին արտադրութիւնը կասեցնող կարգ մը դեղահատերու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` լեղուցին մէջ կազմուած քարերը լուծող դեղահատերուն պատրաստութեան մէջ:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները գտած են, թէ արջի մաղձին պարունակած նշեալ թթուն կրնայ նաեւ բարելաւել վտանգաւոր տարողութեամբ սրտի անկանոն զարկեր ունեցող մարդոց վիճակը:
Արջին մաղձը արդէն իսկ հին ժամանակներէն ի վեր կը գործածուի չինական աւանդական բժշկութեան մէջ:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՀՈՍԱՆՔՆԵՐ…
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ արջի մաղձին պարունակած իւրսոտիոքզիքոլիք կոչուած թթուն կրնայ կասեցնել սրտի անկանոն զարկերու յառաջացումը թէ՛ սրտի կաթուած անցուցած մարդոց մօտ եւ թէ՛ տակաւին չծնած երեխաներուն մօտ:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ նշեալ թթուն կ՛ոչնչացնէ սրտի բջիջներուն միջեւ ելեկտրական հոսանքին փոխադրութիւնը կասեցնող մկանանեարդակազմ բջիջներուն ունեցած յատկութիւնը: Նշեալ բջիջները կը գտնուին տակաւին չծնած երեխաներուն սրտին մէջ, ինչպէս նաեւ` սրտի կաթուած անցուցած հիւանդներուն սրտին մէջ:
Ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ այդ բջիջները կը կասեցնեն սրտին զարկերը հակակշռող ելեկտրական հոսանքներուն փոխադրութիւնը: Այսուհանդերձ, տարրալուծարանին մէջ կատարուած փորձարկումները ցոյց տուած են, թէ արջի մաղձին պարունակած այդ թթուն կը նպաստէ, որպէսզի սրտին մկանը կարենայ բնականոն կերպով փոխադրել ելեկտրական հոսանքները եւ, այդպիսով, կանոնաւորուին սրտին զարկերը:
Բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Ճիլ Ռոպինսըն ողջունելի գտած է վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները եւ ըսած է, թէ արջի մաղձին պարունակած այդ թթուն կրնայ նպաստել ո՛չ միայն սրտի անկանոն զարկերուն բնականոնացման գործընթացին, այլ նաեւ` տարբեր տեսակի սրտի հիւանդութիւններու դարմանումի գործընթացին:
Ան նշած է նաեւ, թէ արջի մաղձին պարունակած այդ թթուին բաղկացուցիչները ունեցող թթու կարելի է նոյնութեամբ ու մեծ տարողութեամբ պատրաստել տարրալուծարանին մէջ:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ կարգ մը յղի կիներու մօտ կրնան յառաջանալ լեարդի հետ առնչուած հիւանդութիւններ, որոնց պատճառով մեծ տարողութեամբ վնասակար մաղձի թթուներ կ՛արտադրուին, որոնք իրենց կարգին յղի կիներուն արեան շրջագայութեան մէջ անցնելով` կը սպրդին տակաւին չծնած երեխային պորտալարին մաշկէն ներս` մօրմէն երեխային փոխանցուող սննդանիւթերուն հետ միասին: Նշեալ թթուները սրտի անկանոն զարկեր կը յառաջացնեն տակաւին չծնած երեխային մօտ եւ կրնան նոյնիսկ անոր յանկարծակի մահուան պատճառ դառնալ:
Մասնագէտները գտած են, թէ արջի մաղձին պարունակած յատուկ թթուն ուշագրաւ կերպով նուազեցուցած է յղի կիներուն արեան մէջ շրջագայող մաղձի վնասակար թթուներուն տարողութիւնը եւ, այդպիսով, նուազեցուցած է տակաւին չծնած երեխային մօտ սրտի անկանոն զարկերու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:
ՅԱՏՈՒԿ ՀԱԿԱՄԱՐՄԻՆ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՊԱՅՔԱՐԻԼ
ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ՀԱՐԲՈՒԽԻ ԷՅ. ԽՈՒՄԲԻ ԺԱՀՐԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Յուլիսի կէսերուն ամերիկացի ու զուիցերիացի խումբ մը հետազօտողներ յաջողած են գտնել այնպիսի՛ հակամարմին մը, որ կրնայ պայքարիլ բոլոր տեսակի հարբուխի Էյ. խումբի ժահրերուն դէմ:
Մասնագէտները նշեալ հակամարմինը փորձարկած են հարբուխի ժահրով վարակուած մուկերու վրայ եւ գտած են, թէ կարելի է զայն գործածել իբրեւ «ստիպողական պարագաներու դարմանում»:
Մասնագէտները կը նախատեսեն, որ այդ հակամարմինը կրնայ առաջնորդել հարբուխի այնպիսի՛ պատուաստի մը պատրաստութեան, որ կարենայ մնայուն կերպով պայքարիլ բոլոր տեսակի հարբուխի ժահրերուն դէմ:
Ծանօթ է արդէն, որ ամէն տարի կը պատրաստուի հարբուխի ժահրին դէմ պայքարող նոր տեսակի պատուաստ մը` նկատի ունենալով, որ ժահրերը շարունակ փոփոխութեան կ՛ենթարկուին եւ կարելի չէ միեւնոյն պատուաստը գործածել զանոնք ոչնչացնելու համար:
Ժահրաբաններ այդ յատուկ հակամարմինին յայտնաբերումը ուշագրաւ նուաճում նկատած են հարբուխի ժահրերուն դէմ պայքարելու կապակցաբար տարուած ջանքերուն մէջ` նկատի ունենալով, որ մասնագէտներ տարիներէ ի վեր հետամուտ են զարգացնելու հարբուխի ժահրերուն դէմ պայքարող այնպիսի՛ «համաշխարհային պատուաստ» մը, որուն միջոցով կարենան մնայուն կերպով թիրախ դարձնել հարբուխի բոլոր տեսակի ժահրերուն մէջ գտնուող այնպիսի՛ կերտուածք մը, որ փոփոխութեան չ՛ենթարկուիր, եւ որուն վնասուելով կ՛ոչնչանան նաեւ ժահրերը: Այսուհանդերձ, նման պատուաստի մը միջոցով անհրաժեշտութիւն չի ստեղծուիր ամէն տարի նոր պատուաստի մը պատրաստութեան:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ` ՆՈՅՆԻՍԿ ԽՈԶԻ ԿՐԻՓԻ ԺԱՀՐԷՆ
Նախապէս մասնագէտներ յայտնած են, թէ խոզի կրիփի ժահրով վարակուած մարդոց մօտ կրնայ զարգանալ մարմնի այնպիսի՛ բնական պաշտպանութիւն մը, որ անոնք կարենան պայքարիլ տարբեր տեսակի վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները քննած են հարբուխ եղած եւ կամ հարբուխի պատուաստ ստացած մարդոց մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին պատկանող աւելի քան հարիւր հազար բջիջներու նմուշներ:
Անոնք նշեալ բջիջներէն անջատած են այնպիսի՛ հակամարմին մը, որ թիրախ դարձուցած է բոլոր տեսակի հարբուխի Էյ. խումբի ժահրերուն մակերեսին գտնուող բնասպիտ մը:
Ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` Սըր Ճոն Սքեհել ըսած է, թէ մասնագէտները նշեալ հակամարմինը փորձարկած են հարբուխի Էյ. ժահրին բոլոր նախատիպերուն վրայ եւ գտած են, թէ անիկա անխտիր ազդած է բոլորին վրայ: Մասնագէտները կը նախատեսեն, թէ նման հակամարմին մը մարդկային մարմնին մէջ ներարկումը կրնայ կասեցնել ժահրէն վարակուելու գործընթացը:
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող այլ մասնագէտ մը` փրոֆ. Անթոնիօ Լանզավեչիա յայտնած է, թէ երբ փորձարկումներուն մէջ ներառուած մուկերուն մարմնին մէջ ներարկուած է այդ յատուկ հակամարմինը, ապա անիկա ամբողջութեամբ պաշտպանած է զանոնք հետագային անոնց մարմնին մէջ մեծ տարողութեամբ ներարկուած H1N1 կոչուած խոզի կրիփի ժահրին ունեցած վտանգաւոր ազդեցութենէն:
ՊԱՏՈՒԱՍՏԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ` ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Մասնագէտները գտած են, թէ երբ նշեալ հակամարմինը ներարկուած է մահացու տարողութեամբ H1N1 կոչուած խոզի կրիփի ժահրով վարակուած մուկերուն մարմնին մէջ այս վերջիններուն ժահրով վարակուելէն մինչեւ երկու օր ետք, ապա մուկերը ապաքինած են եւ ողջ մնացած են:
Սակայն ցարդ մասնագէտները փորձարկած են միայն հակամարմինը, իսկ պատուաստին պատրաստութիւնը ընթացքի մէջ է տակաւին: Անոնք նշած են, թէ հետամուտ են պատրաստելու այնպիսի՛ պատուաստ մը, որ աշխուժացնէ մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգը, որպէսզի այս վերջինը կարենայ արտադրել բոլոր տեսակի հարբուխի Էյ. խումբի ժահրերուն դէմ պայքարող այդ յատուկ հակամարմինը:
Մասնագէտ Սքեհել ըսած է, թէ յայտնաբերուած հակամարմինին բաղադրութիւնը յստակացնելը, ինչպէս նաեւ բոլոր տեսակի հարբուխի ժահրերուն մակերեսին գտնուող բնասպիտին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան հոլովոյթը մանրամասնելը կը նպաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ պատրաստել համապատասխան պատուաստը, որ շարունակէ ազդեցիկ կերպով գործածուիլ տարուէ տարի փոփոխութեան ենթարկուող բոլոր տեսակի հարբուխի ժահրերուն պարագային:
ԿԱՐԳ ՄԸ ԱՆԲՈՒԺԵԼԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ
ԴԵՂԱՀԱՏԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՂ ԶՈՅԳ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ`
ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ
Վերջերս Ռուսիոյ մէջ կը ծրագրուի կառուցել դեղագործական երկու գործարաններ, որոնք տարբեր տեսակի դեղահատեր պիտի արտադրեն` կարգ մը անբուժելի հիւանդութիւններու դարմանումին համար:
Կը նախատեսուի, որ այդ դեղահատերը գործածուին շաքարախտի ու ալցայմըրի, ինչպէս նաեւ` կարգ մը տեսակի քաղցկեղներու դարմանումին համար:
Արտադրուելիք դեղահատերուն ցանկին վրայ կան դեղահատեր, որոնք եզակի են իրենց պարունակութեամբ: Նշեալ դեղահատերը արդէն իսկ ատենէ մը ի վեր կը փորձարկուին Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Քանատայի ու Եւրոպական Միութեան անդամ եղող կարգ մը երկիրներու մէջ:
«Մարդկային մայր բջիջներու ուսումնարան»ի պատասխանատու եւ վերոնշեալ դեղահատերուն փորձարկումներով զբաղող մասնագէտ Արթիւր Իսայէվ ըսած է, թէ նշեալ ուսումնարանը արդէն իսկ արտօնութիւն ստացած է մայր բջիջներու միջոցով դարմանումներ փորձարկելու լերդակարծրութեան ու սրտի հետ առնչուած հիւանդութիւններուն կապակցաբար:
Բժշկագիտական էջը պատրաստեց՝
ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «tert.am»

